ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի գրական կեանքը կ՚արժէ դիտել ուղղակի՛ իր իսկ աչքով։ Ուրեմն հետեւինք «Խոհք Եւ Խօսք»ին մէջ իր տեղեկութիւններուն եւ տեսութիւններուն՝ զորս կը կարդանք ՂԳ գլխուն մէջ, ուր Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս «ամփոփում մը կու տայ իր գրական կեանքին՝ որ կրնայ լաւագոյն գաղափարը տալ իրեն սիրելագոյն եղող նիւթին մասին»։
Արդարեւ, ան կ՚ըսէ, թէ՝ բնական է որ «խոհք»ը գրիչի ներքին «խօսք»ի փոխարկուի…։
Կարդանք ուրեմն «Խոհք Եւ Խօսք»ի ՂԳ գլուխը եւ տեսնենք ի՛նչ կ՚ըսէ Սրբազանը։
«Գրական կեանքի հիմը կը կազմէ մէկուն ի՛նչ ունեցած ըլլալը կամ ստացած մտքի մշակութիւնը։
«Երկու եղած են իմ կատարած շրջանները, խօսքը չընելով մանկական ժամանակի տարրական մասին։ Մէկը՝ Անտոնեանց վանքին մէջ բարձր նախակրթարանի ընթացքը, եւ միւսը Հռոմի Աթոռին համալսարանական դպրոցին եկեղեցական գիտութեանց շրջանը։
«Առաջինին մէջ աւանդուած նիւթերն եղան հայերէն, իտալերէն, գաղղիերէն եւ լատիներէն լեզուներ, կրօնագիտական եւ Ս. Գրոց պատմական գիտելիքներ, աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն, տրամաբանութիւն եւ հոգեբանութիւն։ Իսկ գիտութեանց մէջ միշտ համարողականը աւանդուեցաւ։
«Հայերէնը՝ բացառաբար գրաբարը եղաւ միշտ, ճարտասանական եւ չափաբերական վարժութիւններ, աշխարհաբարը երբեք դասաւանդութիւն չեղաւ. մինչեւ իսկ ընկերական նամակները գրաբար կը գրէինք իրարու, աշխարհաբարը անհատական վարժութեան սահմանին մէջ մնաց, որուն ես աւելի հետեւութիւն ունեցայ, եւ ամենէն լուրջ աշխատութիւններս ալ աշխարհաբար հրատարակած եմ, ժողովրդական եւ սահուն լեզուով, ինչ որ հետեւանք էր աշխարհաբարի կարեւորութեան եւ բաւարարութեան մասին ունեցած համոզումներուս։
«Իտալերէնի, գործածական լեզուի չափ ընտելացած եմ 22 տարի Իտալիա բնակելով. լատիներէնը դպրոցական ուսմանց շրջանակի մէջ միայն ծառայած է, իսկ գաղղիերէնի վարժութիւնս աւելցած է պաշտօնական կեանքի մտնելէս ետքը։
«Հռոմէական Դպրանոցի ուսմանց ծրագրին մէջ յունարէնի եւ եբրայեցերէնի միամեայ դասեր կային, սակայն կամաւոր եւ յոյժ տարրական ըլլալուն, եւ վանական զբաղմանց ատեն աւելցնելու համար չէի հետեւած, որ եթէ զանց ըրած չըլլայի՝ գուցէ ապագային զարգանալու եւ օգտակար ընելու պատճառ եղած կ՚ըլլամ։
«Եւրոպա ուղեւորութեանց առիթով գերմաներէնի քանի մը ամիսներով զբաղեցայ, սակայն առիթը անցնելէ ետքը զարգացնելու պատեհ չեղաւ եւ լքուեցաւ։ Թրքերէնը վանական ծրագրին մէջ չկար եւ զուրկ մնացի, այլ երբ պաշտօնական կեանքի մտայ, պէտքը զգալի եղաւ ու քանի մը անգամ դաս առնել սկսայ, բայց գործը մնաց վարժութեան, ու պաշտօնական խօսակցութեան տիրացայ, մաքուր եւ յստակ գրուած մը կարդալու չափ եղայ, բայց գիրի չկրցայ վարժուիլ։
«Ուսմանց մէջ աւելի գրականին քան թէ հաճոյականին հետեւած եմ։ Ուստի ինծի նախադասելի ու նախասիրելի եղած է պատմական ճիւղերը, որոնց մէջ բազմահատոր գործեր երիտասարդութեանս ատենը կարդացած եմ, բանաստեղծական մասը զիս շատ չէ՛ հրապուրած։ Իրաւ պատանեկութեան եւ առաջին երիտասարդութեան տարիներուս ես ալ բաւական չափաւ բաներ գրած եմ, բայց աւելի վանքի մէջ գրական երեկոյթներու, եւ տօնական շնորհաւորական պարագաներու մէջ պէտք եղածը լրացնելու համար։
«Աշխատութեանս մէջ ալ միշտ պատմականը եղած է որ առաջին տեղը գրաւած է։
«Ընթերցանութիւններու մէջ ալ բանաստեղծութիւններ, դիւցազներգութիւններ, վիպասանութիւններ չեն եղած նախընտրածներս, եւ ի՛նչ որ ալ այս ճիւղէն կարդացած եմ, պատմական առընչութիւն կազմածներն են եղած, քան թէ պարզ երեւակայականները։
«Գիտական շրջանները անցուցած եմ Հռոմէական Դպրանոցի համալսարանը։ Փիլիսոփայութեան ճիւղի սահմաններու շուրջ ընթացքի մէջ մտած են՝ տրամաբանական, հոգեբանական, եւ բարոյական իմաստասիրութիւններէ զատ, համարողական եւ բնագիտական դասերն ալ, ասոնց հետեւած եմ խնամով մրցման յաղթանակները ստանալու չափ, բայց յետոյ յատուկ հետապնդութիւն չեմ ըրած։
«Աստուածաբանական եւ իրաւագիտական շրջանը բացառապէս կրօնական եւ վարդապետական նիւթեր կը պարունակեն, որոնց մէջ յաջողութեան լիագոյնը արտադրած եմ, բայց ապագային պէտքն ու պարտքը լրացնելու չափ միայն հետեւած եմ, գլխաւորապէս ուսուցչութեան եւ ջատագովութեան նպատակով, եւ ո՛չ յատուկ զբաղման նպատակ դնելով։
«Ինչ որ ինծի բոլորովին օտար մնացած է՝ երաժշտական ճիւղն է, ձայնի անյարմարութիւնը անդստին վանական շրջանէն այս վարժութիւններէն եւ հմտութիւններէն, եւ այդ կացութիւնը ապագային ալ շարունակած է, որով կատարելապէս տգիտութեան վիճակ մը պահած եմ մինչեւ վերջ։ Բնական բերմամբ մը խորշած եմ նաեւ անդամազննական հմտութիւններէ, վախնալով որ անկատար եւ չափաւոր հմտութիւն մը աւելի վնասակար կը դառնայ, անձնական զգայութիւնները խղճահարական կասկածներու ենթարկելով։
«Ահա գրական կեանքիս կրաւորական կողմը։
«Ներգործականը երկու գլխաւոր ճիւղերու մէջ կը սիրեմ նկատել, այսինքն՝ ուսուցչական պաշտօններու եւ հեղինակութեան արդիւնքներու մէջ։
«Ուսուցչութիւնը կարծես յատուկ կոչումս եղած է, զի 1860 հոկտեմբեր 28/9 նոյեմբերին սկսայ դասախօսել Անտոնեանց վանքը, եւ դեռ վերջին օրեր կը դասախօսէի Երուսաղէմի վանքին մէջ։ (1918 ապրիլ 20/3 մայիս)։ Դասախօսեցի Անտոնեանց վանքը, որչափ ատեն որ այնտեղ մնացի, ամէն տեսակ նիւթերու՝ հայերէնի, լատիներէնի, իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն մէջ։ Բրօբականտայի վարժարանին հայերէնի ուսուցիչ եղայ, Կ. Պոլիս եղած ատենս դասախօսեցի Անտոնեանց Շիշլիի գիշերօթիկ եւ Համազգային օրիորդաց վարժարաններուն մէջ, եւ Հռոմէ քաշուելէն ետքը, Օրթաքէօյի վանական ուսումնարանին մէջ։
«Կարնոյ առաջնորդութեան ատեն Թաղական վարժարանին մէջ դասատուութիւն ստանձնեցի, Կ. Պոլսոյ Կեդրոնականին կրօնուսոյց եղայ, Էջմիածնի Ճեմարանին աստուածաբանութեան նիւթեր աւանդեցի, Արմաշի Դպրեվանքին գլխաւոր ուսուցիչ եղայ, պատրիարքութեանս ատեն վարժարաններ շրջած ատենս դասախօսական եւ ուսուցչական հրահանգներ եւ ուղղութիւններ կը ցուցնէի։ Երուսաղէմի մէջ ալ լրացուցիչ դասարաններ կազմակերպեցի եւ ուսուցչութիւնը իմ վրաս առի։ Ուսուցչութեան յարակից էր վարժարանական տեսչութեան, զոր նոյնպէս գրեթէ բոլոր կեանքիս մէջ վարեցի, ըլլա՛յ իբր օգնական, ըլլա՛յ իբր գլխաւոր, ըլլա՛յ իբրեւ վերին հսկող…»։
Եւ այսպէս կը շարունակէ անշուշտ Օրմանեան Սրբազան իր տողերը։ Այս տողերուն մէջ եւս մեր ուշադրութիւնը գրաւեց այն՝ որ կ՚ըսէ, թէ ուսուցչութիւնը եղած է իր յատուկ «կոչում»ը։
Ուրեմն արժանահաւատ եւ գիտակից անձի մը կողմէ կը հաստատուի, թէ՝ ուսուցչութիւնը կոչո՛ւմ մըն է։
Ուստի, ինչպէս ամէն կոչում, ուսուցչութեան կոչումն ալ ուսումով եւ կրթութեամբ կը զարգանայ, կը պտղաբերի եւ արդիւնաբեր կ՚ըլլայ, հանրութեան օգտակար ծառայութեան մը կը վերածուի։
Բայց սա է կարեւորը, այո՛ կը զարգանայ այդ «կոչում»ը, անշուշտ եթէ գոյութիւն ունի այդ «կոչում»ը։ Ուստի կոչումը ընդոծի՛ն է եւ ո՛չ ստացական…։
Օրմանեան Սրբազանի տողերուն մէջ, յետոյ կարեւոր կէտ մը եւս նկատեցինք։
Եղած են անշուշտ արժէքաւոր ուսուցիչներ՝ որ դասախօսած են եւ հասցուցած սերունդներ։ Անոնք լուսաբանած են իրենց խօսքով, դասերով։
Սակայն եղած են նաեւ ուսուցիչներ, որ դասախօսած են, սորվեցուցած են եւ հասցուցած են սերունդներ՝ ո՛չ միայն բերանացի դասաւանդութեամբ, այլ մանաւանդ իրենց կեանքով, իրենց կեանքին օրինակով։ «Տիպար» եւ «ուղեցո՛յց» եղած են իրենց կեանքով եւ մանաւա՛նդ իրենց կեանքը անկեղծօրէն, մտերմօրէն պարզելով հանրութեան։
Եւ ահաւասի՛կ, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան այդ հազուագիւտ ուսուցիչներէն մի՛ն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 16, 2016, Իսթանպուլ