ԿԸ ՑԱՒԻՆՔ…
Չեմ գիտեր աշխարհի մէջ քանի՞ հազար լեզուներ կան, որով մարդիկ կը հաղորդակցին իրարու հետ. բայց կայ լեզու մը՝ հասկացողութեան լեզուն, որ ի հարկէ պէտք է անցնի զգացողութեան բովէն, որպէսզի արդիւնաւորուի, եթէ հասկացողութիւն-զգացողութիւն ընթանան նոյն հարթակի վրայ:
«Անկախութեան» ոսկէ եղնիկը երազողներ դժբախտաբար մնացին յուսախաբ եւ յուսկտուր... երեք նախագահներ իրարու յաջորդեցին ու հակիրճ պատկերով ժողովուրդը ապրեցաւ բազմաթիւ ցաւերու կողքին՝ ցնցումը Հոկտեմբեր 27-ին, իսկ Մարտ 1-ի ժողովրդային պոռթկումը, պետութեան կողմէ գործադրուած գործարքով գետին փռեց անշնչացած տասը հայորդիներ:
Իրապէս ի՜նչ երանելի պիտի ըլլար, որ ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ միջոցներով Պետութիւնը փորձէր կիրարկել պահանջքները ժողովուրդին եւ հատուցել կարելի կամ գէթ գոհացուցիչ չափով։ Սակայն երբ վերնախաւը ճոխութեամբ կը շլանայ, իսկ անդին ժողովուրդը կը մնայ քաղցած կամ կիսաքաղց... Պատերազմէն տուժուածները հարկ եղած խնամքէ ու հոգածութենէ կը զրկուին, ու միջոցը վերնախաւին եւ ժողովուրդին կը խորանայ, ալ ի՛նչ միջազգային կարծիքի մասին է խօսքը, ալ ի՛նչ արտաքին թշնամիին, որ օրէ օր իր ժանիքները կը սրէ, կը զինուի եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններով ալ կ՚ամրացնէ իր դիրքը ու դեռ... արտաքին օժանդակութեան ալ երաշխիքը ունի հանդերձ քսան հազար զինեալներու, որոնք պատերազմին պիտի մասնակցին... իրենց կրօնակիցներու օգտին... իսկ այս ամէնուն դիմաց անորոշ է, թէ հայրենի Պետութիւնը ի՛նչ նախապատրաստութիւն ունի՝ դիմագրաւելու վտանգները, որոնցմէ՝ ներքին ամրութիւն, զէնքերու պաշար, դիւանագիտական յարաբերութիւն եւ այլք...։
Այս ամէնուն ի տես, սառն տրամաբանութեամբ, որ մենք (դուրսէն) ունինք, դատապարտելի է անշուշտ ինչ որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Յուլիսին:
Սակայն ամբոխի համբերութեան բաժակը լեցուած էր կ՚երեւի ու նման իրավիճակի մէջ «մտածողութիւնը տեղի կու տայ ստորին բնազդին» (Լաօ Ցէ) քսանհինգ դարերու խորքէն եկող խօսք...։
Մաօ Ցէ Թունկ իր «Հակասութեան մասին» գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ երբեմն երբեմն պէտք է ուժանակի սլաքը քըն-նել, որպէսզի անժամանակ պայթում տեղի չունենայ: Մինչդեռ նոյն ոճով, նոյն անձինք կը շարունակեն իրենց ընթացքը, առանց լսելու, տեսնելու, քըն-նելու ժողովուրդին բազկերակը, հո-գեապրումներն ու մտադրութիւնները:
Վերնախաւը ինքնիրմով գինով՝ չզգաց ժողովուրդին սիրտին զարկերը, չ՚ապրիր անոր հետ, այլ՝ առանձնատուներու մէջ զիրար փառաւորեն, նախանձելի ինքնաշարժներով աչք շլացնեն եւ այլ բաներ, որ ցարական օրերուն կը պատահէր, եւ ամէն յղփացած պետութիւններու նման, նոյնիսկ խորհրդային վարչակարգի, ինչ որ անյարիր էր գաղափարախօսութեան, թէեւ այս է մարդկային ապրելակերպը դժբախտաբար, ուր ո՛չ ընկերվարութիւնը (գաղափարախօսութիւնը) եւ ոչ իսկ կրօնը, մեր պարագային՝ քրիստոնէութիւնը, որ աւելի զոհողութեան մասին կը խօսի քան՝ ծառայութիւն ընդունելու... «աւելի երանելի տալը, քան՝ առնելը» (Գործք. Առաքելոց), լուծում չեն գործնական գետնի վրայ:
Լուծումը գուցէ առ այդ աշխատանք տանելու եւ երկա՜ր ժամանակի կը կարօտի մեզի, ինչպէս անցեալին ա՛յլ (եւրոպական) ժողովուրդներու կեանքի հոլովոյթին մէջ, եւ այսօր, ի հարկէ Եւրոպայի կեանքի մակարդակն ու ըմբռնումը կը տարբերին... Կովկասէն:
Այլապէս «մէկը լաթ, միւսը արդուկ» վտանգը միշտ մօտ է...։ Ասկէ անդին մէկ Հայաստան, մէկ հայութիւն լոզունգներ կը մնան...։
Ժողովուրդը կիրք ունի, ուր բանականութիւնը կը խեղդուի:
Վերնախաւը դիրք ունի, ուր ժողովուրդը կը մոռցուի:
Կը սպասենք համերաշխութեան կամուրջի... մինչ այդ՝ կը ցաւինք...։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024