ՍՈՒՏԻՆ ԵՒ ԻՐԱՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ու­շադ­րու­թիւն ե­թէ դարձ­նենք, սի­րե­լի՜­ներ, սա մեր ապ­րած կեան­քին, հոն պի­տի տես­նենք որ ան­հա­մար հա­կադ­րու­թիւն­ներ կը գտնուին՝ ո­րոնք ո­րո­շե­լու, զա­տե­լու եւ ա­նոնց­մէ նպաս­տա­ւո­րը, օգ­տա­կա­րը ընտ­րե­լու եւ ըստ այնմ մեր կեան­քին ըն­թացք մը տա­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ կը գտնուինք։ Եւ ա­սի­կա լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հարց մըն է, թէ՛ մեր ան­հա­տա­կան եւ թէ՛ ըն­կե­րա­յին կեան­քին հա­մար։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնց­մէ մէկն է «սուտ»ին եւ «ի­րաւ»ին հա­կադ­րու­թիւ­նը։ Յա­ճախ կը հան­դի­պինք սու­տե­րով՝ ստա­խօս­նե­րով եւ ի­րաւ­նե­րով՝ ճշմար­տա­խօս­նե­րով։ Բայց հայ­ցը ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը չէ մեր կեան­քը դժուա­րաց­նո­ղը, եր­բեմն ան­տա­նե­լի ը­նո­ղը, այլ ո­րո­շե­լու եւ ընտ­րե­լու դժուա­րու­թիւնն է՝ թէ ո՛­րը սուտ է, եւ ո՛­րը ի­րաւ։ Այդ է որ կը դժուա­րաց­նէ կեան­քը շատ ան­գամ։ Ո­րո՞ւ հա­ւա­տալ, ո՞­րը մեր­ժել, ո՞ր մէ­կը նա­խընտ­րել որ­պէս ճի՛շդ։

Սու­տը եւ ի­րա­ւը ա­ռար­կա­յա­կան է, իսկ սու­տին կամ ի­րա­ւին հա­ւա­տալ, ա­նոնց­մէ մէ­կը ընտ­րել եւ ըն­թացք տալ՝ են­թա­կա­յա­կան։ Եւ այդ ընտ­րու­թիւ­նը ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ՝ լուրջ, ծանր եւ բախ­տո­րոշ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը…։ Ու­րեմն ու­շա­դիր ըլ­լա­լու է, բծախն­դիր ըլ­լալ սու­տը եւ ի­րա­ւը ո­րո­շե­լու եւ ընտ­րե­լու մէջ։ Ի՞նչ է սու­տը, ի՞նչ է ի­րա­ւը, յստակ կեր­պով ո­րո­շել կա­րե­լի չէ՛, քա­նի որ եր­բեմն ճշմար­տու­թիւ­նը ստա­խօ­սին խօս­քե­րուն մէջ կը ձե­ւա­փո­խուի, կը կեր­պա­րա­նա­փո­խուի եւ չէ՛ք հասկ­նար, թէ ան ճշմա­րիտ է, թէ՝ սուտ, չէ՛ք կրնար ո­րո­շել, թէ՝ ձեր խօ­սա­կի­ցը ճշմար­տա­խօս է, թէ՝ ստա­խօս։ Եւ եր­բեմն միա­միտ եւ ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով կը հա­ւա­տաք ձեր խօ­սա­կի­ցին, կը կար­ծէք, թէ ան ճիշ­դը կը խօ­սի եւ սու­տը կ՚ըն­դու­նիք որ­պէս ճշդու­թիւն, որ­պէս ի­րա՛ւ։

Կեան­քի մէջ շատ դժուա­րու­թիւն­ներ կայ, եւ ա­նոնց­մէ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է՝ սու­տը եւ ստա­խօ­սը, ճիշ­դը եւ ճշմար­տա­խօ­սը կա­րե­նալ ո­րո­շել եւ ըստ այնմ ըն­թացք տալ կեան­քին։

Այ­սօր կ՚ու­զենք խորհր­դա­ծել սու­տի եւ ի­րա­ւի ընտ­րու­թեան մա­սին եւ վեր­լու­ծե­լու ջա­նալ, թէ՝ ի՛նչ է սու­տը եւ ի՛նչ՝ ճիշ­դը։

Ան­շուշտ յստակ ար­դիւնք մը ձեռք ձգել կա­րե­լի չէ այս մա­սին, քա­նի որ մարդ­կու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր լու­ծում մը չէ կրցած գտնել, եւ ու­րեմն մե­զի կը մնայ միայն խորհր­դա­ծել, այդ­քան…։

Ի՞նչ է սու­տը։ Պարզ է պա­տաս­խա­նը. այն ի՛նչ որ ճիշդ չէ, ի­րաւ չէ։ Բայց ի՞նչ է ճիշ­դը, ի՞նչ է ի­րա­ւը։ Ա­հա­ւա­սիկ հար­ցը ա՛յս է։ Սու­տը ո­րո­շել մա­սամբ դիւ­րին է, բայց ճի՞շ­դը եւ ի­րա՞­ւը. այդ է դժուա­րը։

Ա­ւե­տա­րա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րէ գի­տենք, թէ Յի­սուս ալ ան­պա­տաս­խան թո­ղուց «ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» հար­ցու­մը. «Պի­ղա­տոս հար­ցուց. Ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38)։ Ա­ւե­տա­րա­նը չի յի­շեր ո­րե­ւէ պա­տաս­խան՝ որ ը­սած ըլ­լայ Յի­սուս։

Ու­րեմն լուրջ հարց մըն է ճիշ­դին, ճշմա­րի­տին, ճշմար­տու­թեան, ի­րա­ւին իս­կու­թիւ­նը։

Կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ ճշմար­տու­թիւն է այն՝ ի՛նչ որ բնա­կան է եւ աս­տուա­ծա­յին։ Բայց ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու բնա­կան ըլ­լա­լը, աս­տուա­ծա­յին ըլ­լա­լը կամ չըլ­լա­լը ո­րո­շել՝ այդ ալ դժուար է եւ յա­ճախ կը սխա­լեց­նէ մար­դուս միտ­քը։

Ճշմա­րի­տը եւ սու­տը։ Այս եր­կու ըմբռ­նում­նե­րը ի­րա­րու խառ­նուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ են։ Եւ շատ հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է, թէ ան­բան-ա­նա­սուն կեն­դա­նի­ներ սուտ չեն խօ­սիր, բա­նա­ւոր էա­կը՝ մա՛րդն է որ սուտ կրնայ խօ­սիլ։ Մինչ­դեռ խօս­քը կը ծա­ռա­յէ ճշմար­տու­թեան վկա­յե­լու՝ յայտ­նե­լու այն ի՛նչ որ ճիշդ է։ Ա­նա­սուն­ներ կ՚ար­տա­յայ­տեն այն՝ ի՛նչ որ ճշմա­րիտ է, իսկ մար­դիկ յա­ճախ կը յե­ղաշր­ջեն ճշմա­րի­տը, ի­րա­ւը եւ սուտ կ՚ար­տա­յայ­տուին։ Սու­տը կը նա­խընտ­րեն մար­դիկ, քա­նի որ սու­տը ընդ­հան­րա­պէս հրա­պու­րիչ է. սու­տե­րու աշ­խար­հի մը մէջ մարդ ինք­զինք տար­բեր կը զգայ, իր փա­փաք­նե­րը, ո­րոնք չեն ի­րա­կա­նա­նար, սու­տե­րու աշ­խար­հի մը մէջ ի­րա­կա­նա­ցած կ՚ե­րե­ւին, եւ մարդ ինք­զինք սու­տե­րու աշ­խար­հի մը մէջ կը գտնէ։

Փա­փաք­նե­րու եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թեան փորձ մը կ՚ը­նէ մարդ եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը գո­հաց­նէ, եր­ջա­նիկ կ՚ը­նէ զայն։ Սու­տը, շատ ան­գամ կը հրա­պու­րէ մարդս, քա­նի որ ա­նով եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք, կը գո­հա­նայ։

Ա­սոր փո­խա­րէն ճշմար­տու­թիւ­նը կրնայ եր­բեմն վշտաց­նել, կսկիծ եւ ցաւ պատ­ճա­ռել մար­դուս, եւ ա­պեր­ջա­նիկ ը­նել զայն։ Ու­րեմն կա­րե­լի՞ է հե­տեւց­նել, թէ սու­տը եր­բեմն կ՚ար­դա­րաց­նէ ինք­զինք, նե­րե­լի կրնայ ըլ­լալ սուտ խօ­սիլ, ճիշ­դը, ճշմա­րի­տը եր­բեմն փո­խել, քօ­ղար­կել, ծած­կել։

Ար­դա­րեւ, բա­րո­յա­խօ­սա­կան դրու­թիւն­ներ կ՚ար­գի­լեն եւ նոյ­նիսկ կ՚ա­տեն սու­տը, եւ կը պա­տուի­րեն ճիշ­դը, շի­տա­կը, ի­րա­ւը ը­սել, խօ­սիլ։ Բայց միւս կող­մէ կ՚ը­սեն, որ մարդ պէտք չէ՛ վշտաց­նել, նե­ղու­թիւն եւ ցաւ պատ­ճա­ռել ա­նոր, չը­նել բան մը՝ որ ա­պեր­ջա­նիկ պի­տի ը­նէ զայն։ Ա­պա ու­րեմն կ՚ար­գի­լուի նաեւ մարդ վշտաց­նե­լը, ինչ­պէս կ՚ար­գի­լուի ստա­խօ­սու­թիւ­նը։

Ինչ­պէ՞ս պէտք է վա­րուիլ ու­րեմն։

Կա­րե­լի՞ է ներ­դաշ­նա­կել այս եր­կու ի­րե­րա­մերժ եւ ներ­հակ պա­տուէր­նե­րը՝ սուտ չխօ­սիլ, ճշմար­տու­թեան վկա­յել եւ մա՛րդ չվշտաց­նել, եր­ջան­կու­թիւ­նը չխա­փա­նել, ցա­ւի պատ­ճաշ չըլ­լալ։

Մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հո՛ս է ա­հա­ւա­սիկ, ող­ջա­միտ եւ հմուտ մար­դը այն է՝ որ կրնայ ներ­դաշ­նա­կել այս եր­կու­քը եւ ըստ այնմ վա­րուիլ մար­դոց հետ։ Ա­պա ու­րեմն, շատ բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րու մէջ «սուտ»ը ար­դա­րա­ցում կրնայ գտնել եւ նե­րե­լի հա­մա­րուիլ, բաւ է որ ու­րի­շի վնաս չպատ­ճա­ռէ եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը չվի­րա­ւո­րէ։ Ուս­տի այս «բա­ցա­ռու­թիւն»ը չա­փա­ւոր գոր­ծա­ծել հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ։

Եւ եր­բեմն այն­պի­սի պա­րա­գա­ներ կը ներ­կա­յա­նան՝ ուր ճշմա­րի­տը, ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սիլ, ի­րա­պէս քա­ջու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Բայց ի­րա­կան քա­ջե­րը եւ հե­րոս­նե­րը ա­նոնք չե՞ն, որ ի գին ա­մէն ին­չի, ճշմա­րի­տը, ճշմար­տու­թիւ­նը կը յայտ­նեն, կը խօ­սին ա­զա­տօ­րէն, ան­կա­խա­բա՛ր…։

Ար­ժա­նա­հա­ւատ մէ­կու մը սու­տը յու­սա­խա­բու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ, կար­ծես փլու­զու­մի կ՚են­թար­կուի, կը քան­դուի ա­մէն հա­ւա­տա­լիք, ա­մէն բարձ­րա­գոյն եւ ազ­նիւ գա­ղա­փար։ Սու­տը կրնայ փլա­տակ, ա­ւե­րակ դարձ­նել վստա­հու­թեամբ կեր­տուած, կա­ռու­ցուած հա­ւա­տա­լիք­նե­րու շէն­քը։

Ուս­տի «սուտ»ի գոր­ծա­ծու­թեան մէջ շատ բծախն­դիր եւ զգոյշ ըլ­լա­լու է։ Սու­տը, ստա­խօ­սու­թիւ­նը ներ­հակ է անձ­նա­կա­նու­թեան, քա­նի որ անձ­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ իւ­րա­քան­չիւր կեան­քի պատ­մու­թեան կա­պուած եւ ճշմար­տու­թեան վրայ հիմ­նուած յատ­կու­թիւն մըն է, եւ իւ­րա­քան­չիւր անձ ե­զա­կի է իր ճշմա­րիտ կեան­քով, ճշմար­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թեամբ։ Եւ ա­մէն մարդ ճշմա­րիտ էու­թիւն մըն է, քա­նի որ միշտ «նոր» է՝ նոյ­նը չէ՛ իր նա­խորդ­նե­րուն, իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ նաեւ իր յա­ջորդ­նե­րուն, եւ այս յատ­կու­թիւ­նը կու գայ ճշմար­տու­թեան բարձր գա­ղա­փա­րէն։

Ճշմար­տա­սէր ըլ­լալ չի՛ բա­ւեր, մարդ պէտք է ճշմար­տա­խօս ըլ­լայ եւ ճշմա­րի­տին ծա­ռա­յող, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ գա­ղա­փա­րէն խօս­քի, խօս­քէն գոր­ծի, գոր­ծու­նէու­թեան անց­նիլ։

Ճշմա­րի­տը, ճիշ­դը, շի­տա­կը, ճշմար­տու­թիւ­նը միայն գա­ղա­փար­ներ, այ­ժէք­ներ, գե­ղեց­կու­թեան տե­սա­րան­ներ եւ ցոյ­ցեր չեն, այլ ա­նոնք կեա՛նքն իսկ են՝ ապ­րե­լա­կերպ մը, ի­րա­կա­նա­ցում մը, ըն­թացք մը, որ դիւ­րա­տար կ՚ը­նէ կեան­քը։

Սու­տը շե­ղում է, մո­լու­թիւն եւ մո­լո­րում. սխալն է ա­մէն ճշդու­թեան, վնա­սա­կար, վտան­գա­ւոր եւ յա­ճախ վի­րա­ւո­րի՛չ։ Ճշդու­թիւնն է, ճիշ­դը եւ շի­տակն է օգ­տա­կա­րը, նպաս­տա­ւո­րը։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց՝ որ գտած են ճիշ­դը, ճշդու­թիւ­նը եւ ճշմա­րի­տը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2016