ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ» ակումբի մասնաշապիկով Պունտեսլիկայի մէջ լուրջ յաջողութիւն արձանագրելէ վերջ՝ վերջերս փոխանցուեցաւ անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբին, որու հետ այժմ կը գտնուի Չինաստան, «Միրըր»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Սքանչելի առիթ մըն է, «Պորուսիա Տորտմունտ»էն ետք մաս կազմել «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ին, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկը: Շատ ուրախ եմ անոր միանալուս համար:
«Պիտի փորձեմ առաւելագոյնս ընել օգնելու անոր եւ յաղթանակներ արձանագրելու համար, կը պատրաստուինք ամէն ինչ ընել, ախոյենութեան տիտղոսին տիրանալու համար:
«Թէեւ ատիկա այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, բայց շատ լաւ ձեւով պիտի նախապատրաստուինք անոր: Կը սպասենք գալիք օրերուն»:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան որոշեց «Կարմիր սատանաներուն» հետ հանդէս գալ թիւ 22 մարզաշապիկով: