ԱՄԵՆԱՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԼԻՃԸ
Ահաբեկչութիւն Նիսի մէջ, կան զոհեր: Յեղաշրջման փորձ Թուրքիոյ մէջ, կան զոհեր։ Պայթյիւն Միւնխինի մէջ, կան զոհեր: Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանրակառք մը պայթած է, կայ զոհ մը: Երեւանի մէջ զինուած մարդիկ պատանդ վերցուցած են զինուորները, կայ զոհ մը...: Լրահոսին մէջ, կարմիր քառանկիւնով վազող տողերը կը գուժեն այսօրուան աշխարհի անհանգիստ կշռոյթը: Ուղեղդ կը սղոցեն քաղաքական լուրերու թողարկումները, որոնց ընթացքին, կը թուի, թէ միշտ նոյն մարդիկը կը խօսին՝ նոյն բառերով ու նոյն մտածումներով, եւ ոչինչ կը փոխուի խօսքերու այդ հեղեղներէն ետք: Վթարներ ու պատահարներ հաղորդող կայքէջ մը կը գուժէ հերթական ինքնասպանութեան փորձի մը մասին: Երիտասարդ մըն է կրկին, ինչպէս վերջին շրջանին յաճախ կը պատահի: Բոլոր լրատուամիջոցները նախ վատ ու սարսափելի լուրերը կը հաղորդեն, յետոյ միայն՝ լաւն ու յուսադրիչը: Ցանկութիւն կը յառաջանայ լրատուամիջոց մը հիմնելու եւ զայն կոչելու «Լաւ լուրեր», որ միայն լաւ լուրեր կը թողարկէ՝ լաւ երաժշտութեան մը պէս խաղաղ ցոլքերը սփռելով չորս դին: Եւ մարդիկ, հանգստութիւն ստանալու, կեանքի հանդէպ դրական լիցքերով լեցուելու համար բանան այդ կայքէջը եւ առտուընէ իրիկուն միայն լաւ լուրեր կարդան: Որքան հրաշալի կ՚ըլլայ կեանքը եւ որքան՝ գունագեղ:
Չէ՞ որ վատ լուրերը վատ տրամադրութիւն կը ստեղծեն, իսկ վատ տրամադրութիւնը ունակ է փոխանցուելու դիմացինին, վարակելու շուրջինները: Նոյնիսկ հոգեբանները խորհուրդ կու տան խուսափիլ վատ լուրերէ, պատահարներ ու դժբախտ դէպքեր քննարկելէ...: Բայց մեր կեանքը անպակաս է գէշ լուրերէ եւ նոյնիսկ պահ մը կը թուի, թէ վատերը աւելի ծանր կը կշռեն, քան՝ բարի ու գեղեցիկ լուրերը:
Կ՚ուզես փախչիլ քաղաքի տապէն, աղմուկէն, Խորենացիի փողոցին շուրջը կուտակուած բացասական աղմուկէն, երթուղային կառքերուն մէջ կուտակուած մարդոց յոգնութենէն, թաքսիի վարորդներուն դժգոհութենէն եւ հեռանալ վայր մը, ուր չկան քաղաքական ճակատումներ, ուր մեր խեղճ ժողովուրդը ամրան տապին տուն ու տեղ մոռցած՝ փոշիներու եւ ոստիկանական մահակներու վտանգներուն ենթարկուելով գիշերներ չի լուսցներ՝ հաւատալով, որ բան մը կը փոխուի երկրին մէջ, առանց գիտակցելու, որ փոփոխութեան ամէն մարդ իրմէ պէտք է սկսի՝ փոքրիկ պայքարներով հասնելով մեծ պայքարի, չմասնակցելով կեղծուող ընտրութիւններու եւ գլուխը կախ՝ չենթարկուելով մանր պաշտօնեաներու որոշումներուն:
Խեղճ մեր ժողովուրդը… ամէն տարի, ամրան տապին ան փողոց կ՚ելլէ ենթարկուելով արցունքաբեր կազերու եւ ջրցաններու տարափին, կորսնցնելով քունն ու յաճախ նաեւ՝ օրուան աշխատանքը, հաւատալով որ որեւէ անորոշ ծագման գործիչներու հրահանգով փողոց ելլելով, երկիրը կրնայ դրախտի վերածուիլ:
Այս անգամ ալ չկայ պակասը անորոշ ծագմամբ գործիչներու, որոնք կ՚օգտուին առիթէն՝ ինքնահաստատուելու, վաստկելու միամիտ ժողովուրդին քուէները եւ իրենց ամբոխահաճոյ կեցուածքը ի ցոյց կը դնեն:
Ո՞ւր երթալ՝ այս ամէնը որոշ ժամանակով մոռնալու եւ օրուան տագնապներուն չենթարկուելու համար: Սեւանայ լիճ: Յաճախ խորհուրդ կու տան հոն ուղղուելու: Սեւանայ լիճը միշտ նկատուած է Հայաստանի ամրան ամենէն նախընտրելի վայրը, եւ ամառը գալուն պէս հայ ժողովուրդը փութով կը սլանայ դէպի Սեւան, բայց Սեւանայ լիճը վերջին տարիներուն դարձած է իսկապէս դժոխային վայր մը, որուն կարելի է անդրադառնալ Սեւան տանող մայրուղիէն իսկ, որուն եզրերուն վաճառականները կ՚առաջարկեն խորովածի փայտ, ոչխար ու գառ, որպէսզի հանգստանալու գացողները գնեն եւ մեր չքնաղ Սեւանի ափին ուտեն: Ձկնորսները նոյնպէս իրենց ձկնագողութեամբ վաստակած ապրանքը վաճառքի կը հանեն եւ ձկան սիրահարները անոնցմէ կը գնեն Սեւանայ լիճի ձուկը: Սեւանի ափերը իրենց համար անզուսպ վայելքի տեղ մը դարձուցած են հայաստանցիները՝ մեծէն պզտիկ:
Ափերուն կայանուած ինքնաշարժներուն մէջէն կը լսուին տհաճ երաժշտութեանց մեղեդիներ, իսկ ինքնաշարժներու տէրերն ու անոնց ընտանիքներու անդամները, ուղղակի Սեւանի ափին խորոված կ՚ընեն՝ աղբը ձգելով ափին եւ անխղճօրէն աղտոտելով ջուրը: Ջուրին մէջ կարելի է տեսնել կերպընկալ (փլասթիք) շիշերու, մոմլաթերու, ձմերուկի կեղեւներու կոյտեր, որոնք նման են պզտիկ երախայի մը աղտոտութիւններով խեղդելուն: Սիրտդ կը ցաւի, որ հրաշքով մը չես կրնար վերցնել այդ աղբը եւ ազատութիւն պարգեւել ջուրին…:
Երբեմն կը թուի, թէ մեր Սեւանայ լիճը աշխարհի ամենէն համբերատար, ամենէն լուռ եւ ամենէն դիմացկուն լիճն է: Որքան կը դիմանայ ան բարբարոսութիւններու, որոնց կ՚ենթարկուի պարբերաբար: Ափին վառուած նոյն խարոյկներուն վրայ նաեւ գառնուկի ու ոչխարի միսեր կ՚եփին՝ տուներէն բերուած կաթսաներու վրայ, որոնք կը պահուին եւ տարին անգամ մը կ՚օգտագործուին զբօսախնջոյքներու համար, իսկ երեկոյեան ժամերուն արդէն կարելի է տեսնել ցիրուցան եղած մոխրակոյտեր, ոսկորներ, որոնց մէջ նաեւ նկատելի է մեծ քանակութեամբ կերպընկալ… Աստուած իմ, քանի հարիւր տարի պէտք է, որպէսզի մայր բնութիւնը մարսէ այդ ամէնը:
Այս բարբարոսութիւնները տեղի կ՚ունենան այսպէս կոչուած վայրի ափերուն մօտ, ուր հսկիչներ չկան, ափերուն մօտենալը անվճար է, եւ հանգստանալու գացողները յաճախ կ՚ընտրեն նման վայրեր, ուր կարող են անվերջ ուտել՝ առանց յարգելու սնունդի պահպանման ամառնային կանոնները եւ արեւուն տակ ցուցադրութեան կը հանեն տոպրակներու ողջ ուտելիքը՝ հաց, միս, կաթնաշոռ, մածուն, սերուցքով համեմուած աղցաններ, լոլիկ, վարունգ, կազային ըմպելիքներ, ալքոհոլ…: Մէկ ամսուան ուտելիքի պաշարը կը սպառեն քանի մը օրերու ընթացքին, իսկ յետոյ ալ կը դժգոհին, որ Սեւանի օդն ու ջուրը լաւ չեն, աղիքային եւ այլ հիւանդութիւններ կը պատճառեն…:
Բարբարոսութիւնները կը շարունակուին նաեւ ջուրին մէջ՝ գարեջուրի շիշերով, աղմուկ-աղաղակով: Տասը հոգիով կը հեծնեն խորհրդային տարիներու ջրային մաշած հեծանիւին վրայ եւ այնպիսի աղմուկով կը քշեն, որ պահ մը կը կարծես աշխարհի վերջն է, եւ կը զարմանաս, թէ մաշած այդ հեծանիւը ինչպէ՞ս կը դիմանայ նման շահագործումի: Մինչդեռ... որքան գեղեցիկ է լսել Սեւանայ լիճի լռութիւնը՝ իրիկնամուտին կամ արշալոյսի շողերուն հետ: Սեւանայ լիճ գացողները կարծես անտեղեակ են այդ վայելքին մասին եւ իրենց աղմուկով վստահ են, որ պատիւ կը բերեն լիճին:
Հարուստները կամ երկրէն դուրս կը հանգստանան, կամ ալ կ՚ընտրեն Սեւանայ լիճի ափին կառուցուած բարձրաշխարհիկ պանդոկները, ուր իրենց ջրային փափաքները կը հագեցնեն մաքուր ու յաճախ ջրափոխուող լողաւազաններուն մէջ: Սեւանի վճարովի լողափները աներեւակայելի սուղ գիներ կը պահանջեն բնակիչներէն, ուստի միջին խաւին պատկանող կամ օրուան հացի վաստակով ապրող մարդիկ ստիպուած կը նախընտրեն ազատ ափերը, ուր ուզածնուն պէս կրնան հանգստանալ, եթէ ի հարկէ, հանգիստ կարելի է նկատել այն բոլոր երեւոյթները, որոնք տեղի կ՚ունենան Սեւանայ լիճի շուրջը:
Այդ անվճար ափերուն վրայ կարելի է հանդիպիլ ժողովուրդի տարբեր խաւերու իրական դէմքին, երբ կիներ երկար փէշերով կը մտնեն ջուրերուն մէջ, քանի որ իրենց աւանդապաշտ ամուսիններու եւ ընտանիքի միւս անդամներուն հետ են, իսկ անդին անոնց ամուսինները՝ աւազին պառկած կը դիտեն միւս հանգստացողները, կրկին բարձր երաժշտութեան զուգահեռ: Երբեք հասկնալի չէ այդ հանգիստին իմաստը: Անոնք ամբողջ ձմեռ մը իրենց արեւ չտեսած մարմինները մէկ անգամէն կը բանան լեռնային արեւուն տակ, եւ ապխած ձուկերու պէս այրելով՝ կը սկսին հայհոյել ամրան ալ, Սեւանին ալ, արեւուն ալ, հանգիստին ալ: Նաեւ երբեք հասկնալի չէ այրող արեւուն տակ գնդակ խաղացող տղամարդոց վիճակը, որոնք քիչ յետոյ այնպիսի խղճալի տեսք մը կ՚ունենան, որ հակաայրուածքային ոչ մէկ քսուկ կը փրկէ: Յետոյ, նոյն կարճ տաբատներով, մուճակներով, ինչով որ ափին էին, կիսամերկ կը բարձրանան թերակղզիի եկեղեցին, եւ քիչ մը գինովցած կը վիճին Տէր Հօր հետ, որ կը յորդորէ համապատասխան տեսքով մտնել Աստուծոյ տուն:
Սեւանի ափին, պահ մը կը կասկածիս մեր հազարամեայ մշակոյթի, պատմութեան եւ առասպելներուն գոյութեան մասին: Միթէ՞ եկեղեցիի բակը գտնուող այս լաստիկ մուճակով ու գինովցած մարդիկը մեր հնագոյն մշակոյթը կրողներուն հետեւորդնե՞րն են, եւ արդեօք ի՞նչ կը փնտռեն եկեղեցւոյ մէջ, եւ միթէ պարտադի՞ր է անոնց կիսամերկ եկեղեցի մտնելը, երբ կը տեսնես, որ նկատողութենէն յետոյ կը սկսին հակաճառել իրենց արգիլողներուն հետ...: Նոյն աղմուկն է նաեւ եկեղեցւոյ շուրջը, որ բարձունքին ծուարած, կարծես կը դիտէ ամառնային այցելուներուն վարքը…
Հանգիստ կոչուող այդ օրերուն խղճալի տեսք ունին մանաւանդ երախաները: Անոնք պարտաւոր են ենթարկուելու իրենց ծնողքի հրամաններուն, որոնք, ջուրի ափ բերելով իրենց երախաները մէկ վայրկեան հանգիստ չեն ձգեր զանոնք՝ վարտիքդ հանէ, վարտիքը հագիր, կեր, մի՛ ուտեր, գնա՛, եկուր, կը բաւէ, մի՛ մտներ ջուր… Երախան բերել ջուրին ափը եւ արգիլել զուարճանալ իրեն համար այնքան սիրելի ջուրին մէջ, այս եւս անիմաստ հանգիստին մաս կը կազմէ:
Սեւանի ափին աւանդական հանգիստ անցընողները, անշուշտ, տեղեակ չեն Սեւանի թաքնուած հմայքին մասին: Սեւանը, անշուշտ, միայն անկուշտ հանգստացողներուն կողմէ գրաւուած այդ ափերը չեն, ուր շունը տէրը չի ճանչնար՝ ուտելէ ետք իրարու կը խառնուին հաց, կօշիկ, ձմերուկ, անձեռոց, գլխարկ, երախայ, թաց հագուստ...: Իսկ երեկոյեան, լեռնային քամին կը ջանայ ցաքուցրիւ ընել այդ ամէնը:
Սեւանը միայն այդ չէ...: Կան Արեգունիի ու Սեւանի լեռնաշղթաներով պաշտպանուած գեղեցիկ ափեր, ուր կը թուի, թէ մարդու ոտք չէ կոխած, ուր աւազը մանր է ու ճերմակ, իսկ ջուրը՝ մաքուր, լռութիւնը՝ աստուածային: Այդ ափերը հեռու են ինքնաշարժներու ճանապարհէն եւ աւանդական հանգստավայրերը նախընտրողները, լաւ է, որ տեղեակ չեն այդ ափերուն մասին: Այդ ափերուն շատ մօտ կան հրաշալի գիւղեր, ուր կարելի է տուն վարձելով, խաղաղ հանգիստ մը անցընել Սեւանի ափին՝ ամէն առտու քալելով անտառային ուղիով մինչեւ ափ եւ երեկոյեան նոյնպէս հետիոտն դառնալ դէպի գիւղ: Այդ մէկը նաեւ առիթ է ճանչնալու այդ գիւղերուն բնակիչները, որոնք տասնամեակներ շարունակ խաղաղօրէն կը բնակին լիճին եւ անտառին հարեւանութեամբ: Այդ գիւղերը ունին նաեւ գեղեցիկ անուանումներ՝ Արտանիշ, Ջիլ, Ծափաթաղ, Փամպակ, Արեգունի, Դարանակ:
Հայաստանը ճանչնալ՝ բացայայտելով Սեւանի գեղեցկութիւնը հարստութիւնն ու հմայքը խելք եւ իմաստնութիւն կը պահանջէ: Տեսնելով Սեւանի ափին անխնայ ու փնթի հանգստացող մարդիկը, որոնք վաղը կրնան Երեւանի մէջ փողոց ելլել ու պայքարիլ ինչ-ինչ հարցերու համար, կ՚ուզես մօտենալ եւ ըսել, որ հայրենիքի, երկրի մէջ փոփոխութիւնը կը սկսի, երբ դուն գիտակցիս քեզի բաժին հասած բնութեան արժէքը, կրակով, կերպընկալով, միսի ոսկորներով եւ ապակեայ շիշի կտորներով չայլանդակես բնութիւնը, որ միայն քեզի չի պատկանիր:
Կ՚ուզես մօտենալ այդ մարդոց եւ ըսել՝ եթէ դուն աղբը կը նետես այսքան հրաշագեղ, այսքան համբերատար, այսքան զուլալ եւ այսքան մեծսիրտ լիճին մէջ, ապա քեզ ոչ մէկ փոփոխութիւն կը փրկէ այս աշխարհին մէջ:
Սեւանայ լիճը՝ հայրենի բնութեան այս հրաշքը, լռութեամբ իր մէջ կը կրէ վէրքեր, որոնք սփոփանք չունին…: Ան աշխարհի ամենէն համբերատար լիճն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ