ՍԾՏՀԿ-Ի ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԸ
Bloomberg Businessweek-Türkiye շաբաթաթերթը հարցազրոյց մը հրատարակեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանի հետ։ Շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ լոյս տեսած տեսակցութեան հեղինակն է Մեհմէտ Էրտողան Էլկին։
Կովկասի ընդհանուր իրադրութեան եւ այդ ամբողջին մէջ Հայաստանի դիրքին մասին կարեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է Արսէն Աւագեան, որ ընդգծած է ՍԾՏՀԿ-ի ներկայացուցած կարեւորութիւնը տարածքաշրջանին տեսակէտէ։ Իր խօսքերով, սխալ կ՚ըլլայ ՍԾՏՀԿ-ի տարածքաշրջանին նշանակութեան ստորագնահատումը, իսկ Հայաստանի դէմ շրջափակումները բացասաբար կ՚անդրադառնան տարածքաշրջանային համագործակցութեան վրայ։
Հարցազրոյցի հեղինակը, իր հերթին, նշած է՝ թէ ՍԾՏՀԿ հիմնուած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական համագործակցութեան զարգացման առաջադրութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, անդամ երկիրներու միջեւ առկայ քաղաքական խնդիրները կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ ՍԾՏՀԿ մատնուած է անգործութեան։ Միջոց մը առաջ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որու արդիւնքներու լոյսին տակ Արսէն Աւագեանի տեսակէտները շօշափուած են՝ ՍԾՏՀԿ-ի ներկայ դիրքին եւ ապագային շուրջ։ Հարցազրոյցի հեղինակը շեշտած է, որ փորձառու դիւանագէտ մը ըլլալու առընթեր՝ Արսէն Աւագեան պատմաբան մըն է։ Ան Հայաստանի միակ դիւանագիտական ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ մէջ։
Ամփոփելով ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութենէն ի վեր ծաւալուած գործունէութիւնները՝ ան ըսած է հետեւեալը. «ՍԾՏՀԿ 1992 թուականին հիմնուեցաւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան նպատակով։ Կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ միւս հիմնական փաստաթուղթերը թէեւ այդ շրջանի քաղաքական պայմաններուն համաձայն նախատեսուած էին, սակայն ըստ էութեան ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Տարածքաշրջանային եւ միջազգային նոր սպառնալիքներու դէմ պայքարի նպատակով, կազմակերպութեան հիմնադրութեան 20-ամեայ յոբելեանին առթիւ 2012 թուականին տեղի ունեցած գագաթաժողովին ընթացքին, ՍԾՏՀԿ-ի համար ընդունուեցաւ երկարաժամկէտ գործադրութեան նոր տնտեսական օրակարգ մը եւ ծրագիր մը։ Նոյն գագաթաժողովին ընթացքին որդեգրուած հասարակական հաղորդակցութեան ռազմավարութիւնը։ Այդ կարգադրութիւնները, տարածքաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ՍԾՏՀԿ-ի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղեալ աշխատանքներուն հիմքը կը հանդիսանան։ ՍԾՏՀԿ-ի հնարաւորութիւններու եւ ներուժի օգտագործումով անհրաժեշտ քայլերը կ՚առնուին՝ որպէսզի զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու հետ զարգանայ համագործակցութիւնը, ներառեալ Եւրոմիութիւնը»։
Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով Արսէն Աւագեան շեշտած է, թէ ՍԾՏՀԿ ամուր ներուժ մը ունի թէ՛ տնտեսական առումով եւ թէ կառուցուածքային տեսակէտէ։ Առկայ խնդիրը հետեւեալն է. 2017 թուականի Յունիսին ՍԾՏՀԿ պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը, որուն ընդառաջ այս կառոյցը արդեօք ի՞նչ համեմատութեամբ պիտի կարենայ կեանքի կոչել վերոյիշեալ ռազմավարութեան կէտերը եւ արդեօք պիտի յաջողի՞ ստեղծել տնտեսական նոր օրակարգ մը։ Այս առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դրական ներգրաւուածութիւն մը ունի՝ ՍԾՏՀԿ-ի բարձր մակարդակի իրաւասուներու եւ այլ մարմիններու ժողովներուն ընթացքին։ Արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ելմտական եւ այլ հարցերու շուրջ վերակառուցման ու նոր կարգադրութիւններու ճանապարհին հայկական կողմը կը հիմնաւորէ իր դիրքորոշումը եւ կը յղանայ զանազան շինիչ ու ազդու առաջարկներ։ Հայաստան կը պաշտպանէ բարեփոխումները՝ ՍԾՏՀԿ-ի եւ անոր մշտական միջազգային քարտուղարութեան շրջանակներէն ներս։ Այդ բարեփոխումները ուղղուած են շրջանային նախագահ եւ նախաձեռնարկ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան բարձրացման, քարտուղարութեան աշխատակից պաշտօնեաներու ընտրութեան գործընթացին, քարտուղարութեան կանոնի յստակեցման եւ այլ նման խնդիրներու։ Արսէն Աւագեան վստահութիւն յայտնած է, թէ այս բոլորը պիտի ապահովեն տարածքային տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ նախատեսուած յառաջընթացը։ Աւագեանի համոզմամբ, ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն որոշումները, ստորագրուած համաձայնագրերը եւ ընդունուած զեկոյցները պիտի ապահովեն՝ որպէսզի ամրապնդուի տարածքաշրջանէն ներս տնտեսական համագործակցութիւնը։
Հարցազրոյցի ընթացքին Արսէն Աւագեանի նկատառման յանձնուած է այն մօտեցումը, թէ ՍԾՏՀԿ իմաստազրկուած է, մատնուած անգործութեան։ Այս կապակցութեամբ ան յայտնած է հետեւեալը.
«Իբրեւ տարածքաշրջանային տնտեսական միակ կառոյց՝ ՍԾՏՀԿ կարեւոր դերակատարութիւն ունի տարածքաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն շրջագծով։ Հաշուի առնելով այս առանձնայատկութիւնը՝ սխալ կ՚ըլլայ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը ստորագնահատել։ Այս կազմակերպութիւնը կ՚ընդգրկէ տասներկու երկիրներ, որոնք տարածքաշրջանային համագործակցութեան տեսակաւորութեան առումով ունին զանազան մօտեցումներ։ Անոնցմէ ոմանց տեսական դիրքորոշումը կախում ունի տարածքաշրջանէ ներս առկայ քաղաքական խնդիրներէն։ Անդամ կարգ մը երկիրներ որդեգրած են այս կառոյցը քաղաքականացնելու ուղղեալ կործանիչ ռազմավարութիւններ, ինչ որ մտահոգիչ է։ ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէն ներս տնտեսական նպատակներով աշխատանքներուն իրականացումը եւ տարածքաշրջանէ ներս բազմազգ համագործակցութեան զարգացումը միշտ կարեւորութեան արժանացած են Հայաստանի կողմէ ու պիտի շարունակեն արժանանալ։ ՍԾՏՀԿ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ Հայաստանի դէմ կը տեւականացնեն կանոններէ դուրս, խոչընդոտիչ շրջափակում մը։ Այս դիրքորոշումը ծնունդ կու տայ այնպիսի հետեւանքներու, որոնք ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս տնտեսական համագործակցութեան տեսակէտէ բացասական ազդեցութիւններ կը գործեն։ Նման վերաբերմունքը անընդունելի է Հայաստանի տեսակէտէ»։
Մեկնաբանելով Սոչիի մէջ տեղի ունեցած նախարարներու վերջին ժողովը՝ Արսէն Աւագեան դիտել տուած է, թէ Հայաստան դրական կը համարէ ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն համախմբումը։ Սոչիի մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձած էր 2012 թուականին ընդունուած փաստաթուղթին եւ անոր գործադրութեան ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն։
«Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, թէ կը կարեւորէ տնտեսական ու առեւտրական համագործակցութիւնը, քննարկուած են հաղորդակցութեան, արտակարգ իրավիճակներու, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, գիտութեան, փորձագիտութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս նիւթեր ու բացայայտօրէն շեշտած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ ՍԾՏՀԿ-ի քաղաքականացման։ Աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը կը վարէ Ռուսաստան եւ իր առաքելութիւնը կը գնահատենք տարածքաշրջանի տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն։ Յիշեալ ժամանակաշրջանին հինգ տարբեր ճիւղերու մէջ տեղի ունեցան նախարարներու մակարդակով ժողովներ ու տուեալ ոլորտներուն վերաբերեալ որոշումները զարգացուեցան։ Շօշափելի քայլեր առնուեցան՝ ՍԾՏՀԿ-ի արդիւնաւէտութեան ու գործնականութեան բարձրացման ուղղութեամբ», մատնանշեց Արսէն Աւագեան։
Հարցազրոյցը վարած Մեհմէտ Էրտողան Էլկին Աւագեանի խօսքերը փոխանցելէ վերջ ընդգծած է, որ ՍԾՏՀԿ-ի տարածքաշրջանային ու տնտեսական հզօրութեան ստորագնահատումը կրնայ դժուարացնել ընկալումը Կովկասի աշխարհագրութեան թափին։