ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ԿԸ ԹԱԿԷ ԳԱՀԻՐԷԻ ԴՌՆԵՐԸ

Ե­գիպ­տո­սի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սա­մէհ Շուք­րի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով կը ժա­մա­նէր Իս­րա­յէլ: Վեր­ջին ան­գամ Թել Ա­ւիւ այ­ցե­լող ե­գիպ­տա­ցի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը՝ Ահ­մատ Ա­պու Ալ Ղայտն էր եւ այ­ցը կը կա­տա­րուէր ի­նն տա­րի ա­ռաջ՝ 2007 թուա­կա­նին: Սա­մէհ Շուք­րիի Իս­րա­յէլ տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը սպա­սե­լի էր՝ տրուած ըլ­լա­լով վեր­ջին շրջա­նին լոյ­սե­րէ հե­ռու կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րուէին մէկ կող­մէ Գա­հի­րէի եւ միւս կող­մէ՝ Թել Ա­ւի­ւի մի­ջեւ:

Այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուին այն պա­հուն, երբ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու ափ­րի­կեան եր­կիր­ներ շրջայց մը կա­տա­րե­լէ ետք ու Թել Ա­ւի­ւի մէջ տրուած մամ­լոյ ա­սու­լիս մը ըն­թաց­քին կը յայ­տա­րա­րէր, թէ իր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ փա­փաք ու­նի ան­դա­մակ­ցե­լու «Ափ­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան խոր­հուր­դ­»ին: Այդ խնդի­րը կա­րե­լի չէր լու­ծել հիմ­նուե­լով միայն փա­փաք­նե­րու վրայ: Բնա­կան է, որ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը իր ափ­րի­կեան եր­կիր­ներ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեանց ըն­թաց­քին փոր­ձած էր խնդրին վե­րա­բե­րեալ դրա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել:

Այս ա­ռու­մով մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րուի Ե­գիպ­տո­սի պաշ­տօ­նա­կան կար­ծի­քը, որ կը հա­մա­րուի կա­րե­ւոր եւ ազ­դե­ցիկ «խա­ղա­ցո­ղ» մը ափ­րի­կեան խո­շոր ըն­տա­նի­քէն ներս: Այս բո­լո­րէն զատ ա­րա­բա­կան մա­մու­լի կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կը գրեն, որ Ե­գիպ­տո­սի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պե­տը Թել Ա­ւիւ կ՚եր­թար նա­խա­պատ­րաս­տե­լու հա­մար Նե­թա­նի­յա­հուի Ե­գիպ­տոս տա­լիք այ­ցե­լու­թիւ­նը: Թէ­կուզ եւ այդ այ­ցե­լու­թեան մա­սին ո­րոշ թուա­կան մը չէ տրուած, բայց եւ այն­պէս յստակ էր, որ Նե­թա­նի­յա­հուի այ­ցը շատ ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար պի­տի ըլ­լար, ե­թէ Ռուան­տա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Ափ­րի­կեան եր­կիր­նե­րու խոր­հուր­դ­»ի գա­գա­թէն ա­ռաջ կա­տա­րուէր:

Այս բո­լո­րէն ան­դին կայ նաեւ այն վար­կա­ծը, ըստ ո­րուն Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Ապ­տըլ Ֆա­թահ Ալ Սի­սի վճռած է նոր թափ տալ Իս­րա­յէ­լի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րաշ­խու­ժաց­ման:

Յի­շենք, որ 1978 թուա­կա­նէն (Camp David-ի հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն աս­դին) ի վեր եր­կու եր­կիր­նե­րը հաս­տա­տած էին դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, բայց եւ այն­պէս Ե­գիպ­տո­սի նախ­կին նա­խա­գահ իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած Մու-համ­մէտ Մուր­սիի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տա­տա­նում­ներ կ՚ապ­րէին եւ Կա­զզէի (Նո­յեմ­բեր 2012) պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն Մուր­սի տուն կան­չեց Թել Ա­ւի­ւի մօտ ի­րենց դես­պա­նը:

Այ­սօր սա­կայն պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Նա­խա­գահ Սի­սի, որ յա­ջո­ղե­ցաւ ներ­քին ճա­կա­տին վրայ կա­րե­ւոր բա­րե­նո­րո­գում­ներ ը­նել, այս քայ­լով կը փոր­ձէ իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւոր դրա­կան միա­ւոր­ներ ա­պա­հո­վել: Ե­գիպ­տոս, որ ա­րա­բա­կան «խղճի ձայ­ն­»ին բան­բերն էր, այ­սօր տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով հե­ռա­ցած է այդ դե­րը ստանձ­նե­լէն: Չենք կրնար ը­սել, որ Գա­հի­րէ ամ­բող­ջա­պէս հրա­ժա­րած է այդ դե­րը կա­տա­րե­լէ։ Բայց եւ այն­պէս «ա­րա­բա­կան ներ­քին տա­ն» մէջ առ­կայ հար­ցե­րուն եւ շրջա­նա­յին մեծ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն դի­մաց Սի­սիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ներ­քին բա­ւա­կան կա­յուն ի­րա­վի­ճակ ու­նե­ցող Ե­գիպ­տոս պատ­րաստ չէ յա­նուն «ա­րա­բա­կան դա­տ­»ին խօ­սե­լու: Սի­սի կա­րիքն ու­նի շըր-ջա­նա­յին նե­ցու­կի: Ան ճիշդ կը ձե­ւա­կեր­պէ իր խնդիր­նե­րը եւ Սի­նա­յի մէջ ա­նոր բա­նա­կին իս­լա­մա­մէտ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն տուած հա­րուած­նե­րէն ետք կը խոր­հի իր երկ­րին յա­ւե­լեալ կա­յու­նաց­ման ու մա­նա­ւանդ իս­րա­յէ­լեան տնտե­սա­կան գոր­ծօ­նին հետ լե­զու մը գտնե­լու մա­սին:

Կը յա­ջո­ղի՞ ան յստակ չէ ու ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ շիի աշ­խար­հին կող­մէ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գա­հին այս մօ­տե­ցում­նե­րը ար­ժա­նի կը դառ­նան ու տա­կա­ւին պի­տի դառ­նան ծանր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու: Մինչ շիի­նե­րը պի­տի քննա­դա­տեն Գա­հի­րէի այս քայ­լը, ան­դին ա­նոնք պի­տի չկա­րո­ղա­նան Ե­գիպ­տո­սի մէջ գե­տին մը ստեղ­ծել, ո­րով­հե­տեւ «Իս­լամ եղ­բայր­նե­ր­»ու օ­րի­նա­կը այ­սօր Գա­հի­րէի մէջ կը հան­դի­սա­նայ ձա­խող օ­րի­նակ մը: Թե­ւե­րը կտրուած այս շար­ժու­մը, որ Միւ­պա­րէ­քին տա­պա­լու­մէն ետք իշ­խա­նու­թեան գլուխ հաս­ցուց իր թեկ­նա­ծուն՝ Մուհամ­մէտ Մուր­սին գոր­ծեց ան­նե­րե­լի սխալ­ներ եւ ստեղ­ծեց այն­պի­սի վի­ճակ, որ շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ Ե­գիպ­տո­սի քա­ղա­քա­ցիա­կան հան­րու­թիւ­նը վերս­տին փո­ղոց իջ­նե­լով՝ այս ան­գամ ոչ թէ տուն այլ բանտ ուղ­ղար­կեց Մուր­սին:

Այս բո­լո­րէն ան­դին Սի­սիի մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ կայ հին ե­գիպ­տա­կան ե­րա­զի մը ե­րան­գը, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Պա­ղես­տի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ կա­մուրջ մը դառ­նա­լու հան­գա­ման­քով: Այս­տեղ պէտք է նաեւ դի­տար­կել, որ սիւ­ննի Մահ­մուտ Ապ­պա­սին հա­մար ալ Իս­րա­յէ­լի հետ ո­րե­ւէ դրա­կան տե­ղա­շարժ կը նշա­նա­կէ յա­ւե­լեալ կա­յու­նա­ցում՝ Ռա­մալ­լա­յի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ իր ու­ժը տա­րա­ծած պա­ղես­տի­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան:

Կայ նաեւ Կա­զզէի մէջ իշ­խող «Հա­մա­ս­»ին հար­ցը, որ բո­լո­րո­վին այլ նրբե­րանգ­ներ ու­նի ու բա­ւա­կան ակ­նե­րեւ է, որ ար­մա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով գոր­ծող «Հա­մա­ս» մեծ վստա­հու­թիւն ու­նի Գա­հի­րէի հան­դէպ:

Այս բո­լո­րը չեն նշա­նա­կեր, որ պա­տե­րազ­մա­կան մի քա­նի փուլ ապ­րած «Հա­մա­ս» կը պատ­րաս­տուի խա­ղա­ղու­թեան սե­ղան նստիլ, սա­կայն յստակ է, որ աղ­քա­տու­թեան, չքա­ւո­րու­թեան եւ բա­զում հար­ցե­րու տակ կքած Կա­զզէն կա­րիքն ու­նի օ­ժան­դա­կու­թեան եւ յոյ­սի պա­տու­հա­նի մը:

Այդ պա­տու­հա­նի դե­րը Գա­հի­րէ կրնայ կա­տա­րել ու «Հա­մա­ս» իր ստա­նա­լիք­նե­րուն փո­խա­րէն կրնայ վե­րա­դարձ­նել իս­րա­յէ­լա­ցի այն զի­նուո­րական­նե­րուն դիակ­նե­րը, ո­րոնք զո­հուած էին 2014 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մին: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի դիակ­նե­րու կող­քին կայ նաեւ գե­րե­վա­րեալ զի­նուոր­նե­րուն հար­ցը ու ցարդ յստակ ալ չէ, թէ «Հա­մա­ս» քա­նի՛ զի­նուո­րա­կան կը պա­հէ իր մօտ:

Ըստ ո­րոշ տուեալ­նե­րու, Կա­զզէի ծանր պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին «Հա­մաս» յա­ջո­ղած է գե­րե­վա­րել իս­րա­յէ­լա­ցի տաս­նեակ զի­նուոր­ներ եւ այս խնդի­րը Նե­թա­նի­յա­հու­ի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար կը հա­մա­րուի մեծ գլխա­ցա­ւանք մը:

Այս ընդ­հա­նուր թե­մա­նե­րը ու­րեմն կրնան շաղ­կա­պող օ­ղակ­ներ դառ­նալ այն յա­րա­բե­րու­թեան, ո­րուն ա­ռա­ջին տո­ղը կը գրուէր երբ լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ կը տե­ղե­կաց­նէին Սա­մէհ Շուք­րիի ա­նակն­կալ հա­մա­րուած այ­ցե­լու­թեան մա­սին:

Բա­ւա­կան ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րու թա­տե­րա­բեմ ե­ղող Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ խա­ղի կա­նոն­ներն ան­գամ ա­րա­գօ­րէն կը փո­խուին: Ե­րէ­կուան թնշա­մի­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն ոչ միայն ի­րենց հար­ցե­րը լու­ծե­լու, այլ նաեւ՝ եր­րորդ կող­մի մը, որ այս պա­րա­գա­յին պա­ղես­տի­նեան կողմն է, հար­ցե­րը քննար­կե­լու:

Ե­րէկ լուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­ցող Նե­թա­նիյ­ա­հու սկսած է Ան­գա­րա­յի հետ բա­րե­կա­մու­թեան նոր կա­մուրջ հաս­տա­տել, ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ կան բա­ւական խնդրա­յա­րոյց թե­մա­ներ ու մեծ անվ­սա­տու­թիւն, յստակ է նաեւ, որ եր­կու կող­մե­րը պատ­րաստ են ի­րա­րու հետ խօ­սե­լու: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել Գա­հի­րէի մա­սին:

Գա­հի­րէ եւս մէկ­դի դնե­լով Իս­րա­յէ­լի հան­դէպ հի­նէն ե­կող անվս­տա­հու­թիւ­նը եւ գոր­ծադ­րե­լով ա­րա­բա­կան դա­տը ան­տե­սե­լու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը, պատ­րաստ է խօ­սիլ Թել Ա­ւի­ւի հետ:

Բո­լո­րը պատ­րաստ են խօ­սե­լու, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րին շա­հե­րը կը թե­լադ­րեն լսել հա­կա­ռա­կոր­դին կար­ծի­քը եւ տե­ղի ու­նե­ցող «մեծ ա­ռեւ­տու­ր­»ին ու շու­կա­նե­րուն դի­մաց ա­պա­հո­վել ի­րենց շա­հերն ու ներ­կա­յու­թիւ­նը:

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը իր երկ­րէն հա­զա­րա­ւոր քի­լօ­մեթր հե­ռու ե­ղող ափ­րի­կեան եր­կիր­ներ գնաց եւ յայտ­նի ու ան­յայտ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքեց:

Նե­թա­նի­յա­հու յոգ­նած կը թուի ըլ­լալ պա­տե­րազ­մի լե­զուէն ու ա­տոր հա­մար է, որ կը թա­կէ Գա­հի­րէի դռնե­րը:

Թէ ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի ստա­նայ ան, կամ որ­քա՞ն ա­րագ պի­տի բա­ցուին ա­նոր առ­ջեւ Նա­խա­գահ Սի­սիին դռնե­րը, տա­կա­ւին պարզ չէ:

Յստակ է միայն, որ շրջա­նի եր­կու կա­րե­ւոր տէ­րու­թեանց ա­ռաջ­նորդ­նե­րը՝ զօ­րա­վար Սի­սի եւ Նե­թա­նի­յա­հու, բո­լոր կարծ­րա­տի­պե­րը մէկ­դի նե­տե­լով պատ­րաստ են ի­րա­րու հետ ձեռք թօ­թուե­լու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016