ԸՆՏԱՆԻ՞Ք, ԹԷ ՔԱՈՍ (Ա. ՄԱՍ)

-Ար­դար կը տես­նե՞ս, աղ­բար, որ դուն ու­նե­նաս վեց զա­ւակ­ներ, տունդ վխտայ ա­նոնց խա­ղե­րով ու ճլվլո­ցով, վա­յե­լես եր­ջան­կու­թիւ­նը բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քին, ա­նունդ վե­րապ­րի ա­նոնց հետ, մինչ­դեռ եղ­բայրդ զա­ւակ չու­նի, ան­կեն­դան է ա­նոր տու­նը, միշտ տխուր, միշտ մտա­հոգ: Ի՞նչ կ՚ը­սես, ե­թէ աս վեց ամ­սուան նո­րա­ծին մանչդ տաս եղ­բօրդ, թող ան ալ քիչ մը ու­րա­խա­նայ ու տան մթնո­լորտն ու տրա­մադ­րու­թիւ­նը փո­խուի...:

Այս­պէս կը վճռէ Ե­ղի­սա­բէթ՝ 55-ա­մեայ ա­մու­լը իր եղ­բօր՝ Յով­հան­նէ­սին, որ միշտ ալ հլու հնա­զանդ, կու­րօ­րէն կ՚են­թար­կուի քրոջ վճիռ­նե­րուն: Մոռ­ցուած է նոյ­նիսկ կնոջ մը գո­յու­թիւ­նը, որ մայրն է մա­նու­կին, միշտ ալ այս­պէս ե­ղած է ար­դէն նա­հա­պե­տա­կան բար­քե­րու իշ­խո­ղու­թեան տակ շնչող այս ըն­տա­նի­քին հա­մար: Բայց հոս ոչ միայն այս բար­քերն են որ կը տի­րեն, այլ խան­դոտ տա­լոջ մը ա­րարք­ներն են ա­նոնք, բար­դոյթ­նե­րը, ո­րոնք կը զար­գա­նան ի տես Յով­հան­նէ­սի ըն­տա­նի­քի ա­ճին, մինչ ինք ա­մուլ է ու ա­մուս­նա­նա­լու յոյսն ալ վե­րա­ցած է, ուս­տի ա­մէն ինչ կ­­՚ը­նէ կրակ ձգե­լու եղ­բօ­րը տան մէջ:

Զրոյ­ցը հա­սած է ա­ւար­տին, ո­րո­շու­մը՝ առ­նուած: Ներ­սի սե­նեա­կէն կու գան քոյր ու եղ­բայր: Մա­նուկ­նե­րով շրջա­պա­տուած մայ­րը, ստնկեր մա­նու­կը կրծքին, կը զգայ կար­ծես պա­տա­հե­լիք գէշ բան, երբ ար­դէն իսկ տա­լը կու գայ, մա­նու­կը կը քա­շէ մօր գիր­կէն ու հրա­ժեշտ տա­լով. «եղ­բայրդ շատ պի­տի ու­րա­խա­նա­յ» ը­սելն ու սա­դա­յէ­լա­կան հա­յեացք­նե­րով եղ­բօ­րը կնկան նա­յե­լով դու­ռը փա­կե­լը մէկ կ­­՚ըլ­լայ:

Մայ­րը սառ կտրած կը նա­յի կուրծ­քէն կա­թող կա­թի կա­թիլ­նե­րուն, ո­րոնք քիչ ա­ռաջ քաղ­ցը կը փա­րա­տէին այն ման­կան, որ ի­նը ա­միս իր ար­գան­դին մէջ սնած էր ու տա­կա­ւին քիչ ա­ռաջ կը թռչկո­տէր թե­ւե­րուն մէջ: Մօր ար­ցուն­քի գաղջ կա­թիլ­նե­րը եւս կը միա­նան հո­սող կա­թին, որ հետզ­հե­տէ կը նօս­րա­նայ: Մեծ է հա­րուա­ծը, սթա­փի­լը՝ ան­կա­րե­լի, իսկ խօ­սիլն ու հա­կա­ճա­ռե­լը ու­րիշ ան­կա­րե­լիու­թիւն մը կը կազ­մեն. չհասկ­ցող կո­ղա­կից մը ու­նե­նա­լուն ար­դիւն­քը այս է ան­կաս­կած, ոչ միայն չհասկ­ցող, այ­լեւ ար­բե­ցող ու հա­րուա­ծող. միայն ա­նաս­նա­կան հա­ւա­տար­մու­թիւն մըն է որ կը տա­ծէ սոսկ ծնող­քին հան­դէպ, մինչ իր ըն­տա­նի­քը գե­րի­նե­րու կոյտ մըն է կար­ծես, որ պար­տա­ւոր է են­թար­կուե­լու ա­մէն ին­չի: Այս­պէս կը կար­ծէր ըլ­լալ Յով­հան­նէս տղա­մարդ­կու­թիւն կո­չուա­ծը, որ 1940-ա­կան­նե­րուն Հա­լէ­պի մէջ ըն­տա­նիք կազ­մած ա­րե­ւելք­ցի մըն էր: Այդ ժա­մա­նակ ըն­տա­նիք կազ­մել կը նշա­նա­կէր տի­րել ըն­տա­նի­քին եւ այն­պէս մը վա­րուիլ ա­նոր ան­դամ­նե­րուն հետ, որ կար­ծես հե­ռա­ղե­կով ա­ռաջ­նոր­դուող գոր­ծիք­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք, բա­ցա­ռու­թիւն­ներ ալ կրնա­յին գտնուիլ, հար­կաւ...:

Խո­հա­նո­ցէն կու գայ մօր անդ­րա­նի­կը՝ վե­ցա­մեայ Հռիփ­սի­կը, որ նո­րա­ծի­նին որ­քան հոգ կը տա­նէր ու միայն ինք կը խա­ղաց­նէր, կը հագց­նէր, կը քնաց­նէր. մօ­րը միակ նե­ցու­կը, որ նոյ­նիսկ ման­կի­կին փոք­րիկ մայ­րը կա­րե­լի էր կո­չել զայն: Հռիփ­սիկ կը տես­նէ մօ­րը կեր­պա­րան­քը, աջ-ձախ կը փնտռէ մա­նու­կը, տան բո­լոր սե­նեակ­նե­րը սրըն­թաց շրջան մը կ­­՚ը­նէ ու խե­լա­կո­րոյս, կար­ծես թան­կար­ժէք խա­ղա­լիք մը կորսն­ցու­ցած, որ եր­բեք ալ չէ ու­նե­ցած, կը վե­րա­դառ­նայ մօ­րը ու.

-Ո՞ւր է աղ­բա­րիկս,- կը բա­ցա­գան­չէ:

Մայ­րը ինք­զինք կը զսպէ, ար­ցունք­նե­րը կը սրբէ: Ո­րո­շում մըն է ա­նոր մէջ առ­նուա­ծը կար­ծես, ակն­թար­թի մը սա­հու­մով պար­տա­կա­նու­թեան կը վե­րա­ծուի ա­մէն ինչ, կ՚ո­րո­շէ չլալ, չզգալ, մե­քե­նայ մը ըլ­լալ, շնչա­ւոր մե­քե­նայ մը. միշտ ալ այս ո­րո­շու­մը կ­­՚առ­նէր, բայց իւ­րա­քան­չիւր ման­կան ծնուն­դին հետ, կար­ծես յոյ­սի շող մը, կայծ մը կը փայ­լէր: Թե­րե՛ւս մա­նու­կը կա­րե­նար բան մը փո­խել տան մէջ, ան­գութ հօր մէջ գու­թի նշմար մը զգա­ցուէր, զգա­ցում մը, ժայ­ռի մա­կե­րե­սին ճեղք մը բա­ցուե­լու նման բան մը...: Բայց այս ան­գա­մուան հա­րուա­ծը շատ մեծ է ու պոռթ­կու­մը՝ բիւ­րա­պա­տիկ ա­ւե­լի, ինչ­պէ՞ս չլալ, չնե­ղուիլ, չզգալ. որ­քան ալ ո­րո­շէր՝ չէր կրնար ան մե­քե­նա­յի մը վե­րա­ծուիլ, մա­նա­ւանդ որ հար­ցը զաւ­կի մը ա­նե­րե­ւու­թա­նա­լուն կը վե­րա­բե­րի...: Ու կ­­՚ե­ռայ կա­թը ա­նոր կուրծ­քին մէջ, ու­րեմն ա­նօ­թի է Յով­սէ­փը, բայց ո՞ւր է ան, ի՞նչ ը­նել, ինչ­պէ՞ս դի­մա­նալ...: Աչ­քե­րուն դի­մաց բարձ­րա­ձայն կ­­՚ա­ղա­ղա­կէ Հռիփ­սի­կը, ու ներ­քուստ խեղ­դուե­լով ոտ­քի կ՚ել­լէ մայ­րը, կը գրկէ զայն ու պահ մը միա­սին կու լան. Հռիփ­սիկն է մօր միակ մխի­թա­րան­քը, ու.

-Պտոյ­տի գնաց, աղ­ջի'կս, կու գայ,- կը խա­ղա­ղեց­նէ մայ­րը:

-Ո՞վ տա­րաւ, մա՛մ:

Թէեւ Հռիփ­սի­կին հա­մար ան­հասկ­նա­լի կը թուի հօ­րաք­րո­ջը Յով­սէ­փին պտոյ­տի տա­նե­լու հան­գա­ման­քը, քա­նի օր մը նման բան չէ պա­տա­հած, ու անդ­րա­դառ­նա­լով հօ­րը խո­ժոռ դէմ­քին, ան ցած ու զգու­շա­ւոր ձայ­նով մը կը շա­րու­նա­կէ լու­սա­բա­նուիլ ինչ­քան որ կա­րե­նայ.

-Բայց ին­չո՞ւ կու լաս, ի՞նչ կայ,- մտա­հո­գուած կը նա­յի մօր աչ­քե­րուն:

-Բան չկայ, քիչ մը հի­ւանդ եմ:

-Ի՞նչ ու­նիս, մա՛մ, ի՞նչ ը­նեմ որ ա­ռող­ջա­նաս:

-Պա­չիկ մը,- կ­­՚ըլ­լայ մօր պա­տաս­խա­նը ու ա­ւե­լի ա­մուր կը սեղ­մէ դստրի­կը գրկին մէջ:

Կ՚անց­նին օ­րեր, Հռիփ­սիկ ա­նընդ­հատ կը հարց­նէ մօ­րը Յով­սէ­փին մա­սին, մինչ մայ­րը մե­քե­նա­յա­կան պա­տաս­խան­նե­րով կը կրկնէ նոյն յան­կեր­գը. «կու գայ, աղ­ջի՛կս, կու գա­յ»: Սա­կայն մայ­րը կը տա­ռա­պէր վեր­ջերս ա­հագ­նա­ցած գլխա­ցա­ւով մը, եր­կար ժա­մեր կը քնա­նար, կամ ալ այդ­պէս կը ձե­ւաց­նէր, իսկ Յով­հան­նէ­սը զզուած էր կար­ծես այս ա­ռօ­րեա­յէն, կը զգար կնոջ ցա­ւը, թե­րեւս ի'նք ալ կը զգար ցաւ մը, ի վեր­ջոյ հայր է, ո­րուն պատ­ճա­ռով ա՛լ  ա­ւե­լի զայ­րաց­կոտ դար­ձած էր ու ա­ւե­լի յա­ճախ կ­­՚ար­բե­նար:

Օր մը երբ հայ­րը տուն կը մտնէ, կը տես­նէ Հռիփ­սի­կը մօ­րը մօտ՝ նոյն հար­ցով կը հե­տաքրք­րուի, կը մօ­տե­նայ աղջ­կան ու գի­նո­վու­թեան մէջ կ­­՚ապ­տա­կէ, ու ժխոր մը կը ստեղ­ծէ տան մէջ դար­ձեալ: Հռիփ­սիկ չի գիտ­նար հա­րուա­ծին ին­չո՞ւ եւ ուր­կէ՞ գա­լուն պատ­ճա­ռը. կը պատս­պա­րուի մօր գիր­կին մէջ, մայրն ալ հա­րուած­նե­րէն իր բա­ժի­նը կը ստա­նայ, հար­կաւ: Յով­հան­նէս կը պո­ռայ.

-Ալ չե՛մ ու­զեր լսել Յով­սէ­փին ա­նու­նը, չկա՛յ, տա­րի՛նք, Սո­ղո­մոն ամ­մո­յիդ տուինք, չե՛մ ու­զեր լսել այս նիւ­թը տան մէջ այ­լեւս...:

Մօ­րը գլխա­ցա­ւը կը սաստ­կա­նայ, սա­կայն Հռիփ­սի­կը գրկե­լով խա­ղա­ղեց­նել կը փոր­ձէ ու միա­սին ան­կո­ղին կ­­՚ուղ­ղուին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ՐԱԵԱՆ

Շա­րու­նա­կե­լի...

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016