ԱԶԴՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ՔԱՅԼԵՐ
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը եւ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան կեդրոնական կառոյցները վերջերս վերանորոգուեցան լուրջ ներդրումներով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ յատկացուած շուրջ 14 միլիոն տոլարով կեանքի կոչուեցաւ այս կարեւոր ծրագիրը, որ ունի չափազանց նշանակութիւն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը՝ այդ կառոյցներու հիմնական վերանորոգութենէն վերջ։ Ներկայ էին Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան, Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկօ Կարապետեան, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս եւ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան վտանգներու նուազեցման գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Ճորճ։
«Առողջապահութեան ոլորտէն ներս նման տարրալուծարանի մը բացումը հերթական անգամ կ՚ընդգծէ, որ մենք հանրային առողջապահական ծրագրերը կը համարենք գերակայ ուղղութիւն եւ նման իւրաքանչիւր ծրագիր մեր մօտեցումները հաւաստի կը դարձնէ ժողովուրդին համար։ Այդ մօտեցումները կոչուած են ամբողջովին փոխելու մեր պատկերացումները վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերման, անոնց նոյնականացման, հիւանդութիւններու յարուցիչներու պահպանման վերաբերեալ», ըսաւ Արմէն Մուրատեան հանդիսութեան ընթացքին։
Հարկ է նշել, որ Երեւանի այս կեդրոնները կառուցուած կամ վերանորոգուած են ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան Վատնգներու նուազեցման գործակալութեան կողմէ։ Դեսպան Ռիչըրտ Միլս այս առթիւ կարեւորեց Հայաստանի երկու նախարարութիւններուն հետ հաստատուած համագործակցութիւնը։ Իր կարգին, Էլիզապէթ Ճորճն ալ տեղեկացուց, որ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին համար ներդրուած է 4.1 միլիոն տոլար, իսկ Առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնի պարագային յատկացուած՝ 9.8 միլիոն տոլար։ «Այս նոր ազգային կառոյցին բացումը եւ մեր համագործակցութիւնը նախարարութիւններուն հետ շահաւէտ է ոչ միայն Հայաստանի համար՝ ապահովելով երկրի անվտանգութիւնը, այլ ամբողջ աշխարհին տեսակէտէ՝ օգնելով հիւանդութիւններու տարածման դէմ պայքարին մէջ։ Մենք գիտենք, որ ներկայ կլոպալ ու փոխկապակցուած աշխարհին մէջ հիւանդութիւնները չեն ճանչնար սահմաններ։ Ուստի, բոլորս պէտք է միասին աշխատինք՝ կենսաբանական զէնքերու տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ», ըսաւ Էլիզապէթ Ճորճ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի առընթեր նման կեդրոն մը հաստատուած է նաեւ Կիւմրիի մէջ։