ՏԱՆՖՈՐՏ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականը Թուրքիա ժամանելէ առաջ տեսակցեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ։ Զօրավար Տանֆորտ Անգարայի մէջ կը տեսակցի Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։
Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կ՚ապրուին վերիվայրումներ։ Հիմնական պատճառներէն մին այն է, որ ձախող պետական հարուածը իրականացուած է ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին՝ ՖԵԹԷՕ-ի կողմէ, որու ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլէն երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ եւ Թուրքիա կը պահանջէ անոր ետ յանձնուիլը։ Յուլիսի 15-էն վերջ ԱՄՆ-ի զինեալ ուժերէն բարձրաստիճան դէմքեր որոշ վերապահութիւններով արտայայտուեցան Թուրք զինեալ ուժերու շարքերէն կատարուած ձերբակալութիւններուն դէմ, ինչ որ յաւելեալ լարուածութեան պատճառ մը դարձաւ։ Այս իրավիճակին մէջ Տանֆորտի այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի թուրք եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ մանրամասն քննարկուի ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը եւ ճանապարհ հարթուի՝ թիւրիմացութիւններու յաղթահարման համար։
Թուրքիոյ շփումներուն շրջագծով Ճոզըֆ Տանֆորտ պիտի այցելէ նաեւ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։