ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ

Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ, Թուր­քիոյ մէջ հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի դէմ պե­տա­կան օ­ղակ­նե­րէն ներս կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին ձեր­բա­կա­լուե­ցան այն վեր­ջին զի­նուոր­նե­րը, ո­րոնք Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը Մար­մա­րի­սի մէջ յար­ձա­կում գոր­ծած էին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի զբօս­նած պան­դո­կին վրայ։ Տանվեց զի­նուո­րէ բաղ­կա­ցեալ այդ խում­բը ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Մուղ­լա­յի Ու­լա գա­ւա­ռա­կին մէջ։

Դի­ւա­նա­կա­լա­կան հար­թու­թեան վրայ ալ ՖԵ­ԹԷՕ-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուե­ցան երեսուներեք ան­ձեր, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին կեդ­րո­նի կու­սա­կալ­ներ։ Զի­նեալ ու­ժե­րու շար­քե­րէն ալ զտում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, մինչ շա­բա­թա­վեր­ջին ո­րո­շուե­ցաւ նաեւ երկ­րէն ներս փա­կել զի­նուո­րա­կան բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­նոնց փո­խա­րէն պի­տի հիմ­նուին Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մալ­սա­րան եւ Ոս­տի­կան զօ­րաց ա­կա­դե­միա։ Բաց աս­տի, կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած օ­րէն­քի հա­մա­զօր հրա­մա­նագ­րով մը փո­փո­խու­թեան են­թար­կուե­ցաւ նաեւ Բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դի կազ­մը։ Այս­պէս յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին խոր­հուր­դին պի­տի ան­դա­մակ­ցին նաեւ փոխ-վար­չա­պետ­նե­րը, ար­դա­րա­դա­տու­թեան, ար­տա­քին եւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը։

Ե­րէկ, Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ցարդ ա­ւե­լի քան տասը հա­զար հո­գի ձեր­բա­կա­լուած է պե­տա­կան հա­րու­ծի ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով։ Շուրջ տասնեօթ հա­զար հո­գի ալ առ­նուած է հսկո­ղու­թեան տակ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան տե­ղե­կա­ցուց, որ կը ծրագ­րեն Յու­լի­սի 15-էն վերջ սկսած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հեր­թա­պա­հու­թիւ­նը այս Կի­րա­կի՝ Օ­գոս­տո­սի 7-ին գա­գաթ­նա­կէ­տին հասց­նել Իս­թան­պու­լի մէջ, Ե­նի­գա­բուի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Կը նա­խա­տե­սուի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ մեծ հա­մախմ­բում մը։

Ներ­քին քա­ղա­քա­կան ար­տա­սո­վոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ալ թափ ա­ռած է զգա­լիօ­րէն։ Այ­սօր, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը՝ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ կը տե­սակ­ցի ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ Հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՃՀՓ­-ի կեդ­րո­նին մէջ։

ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Միւս կողմէ, երէկ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ եւրոպաբնակ թուրքերը բողոքի ցոյց մը կատարեցին Յուլիս 15-ի պետական հարուածի փորձին դէմ եւ ի նպաստ ժողովրդավարութեան։ Այս հանրահաւաքի մասնակիցներուն Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի փոխանցէր իր պատգամը հեռարձակման միջոցաւ։ Բայց եւ այնպէս, Գերմանիոյ պատկան իշխանութիւնները թոյլ չտուին այդ կարգադրութեան։ Անգարա պաշտօնա-պէս բողոք յայտնեց այդ խոչընդոտին դէմ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016