ԽՐԱԽՃԱՆՔԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հայերէն բառախաղը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ վառ հետաքրքրութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Կազմակերպիչները սիրած էին բառ-խաղ կոչել այս ձեռնարկը, որով մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ կղզիի բարձունքին։ Միջվարժարանային մրցոյթի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր այս ծրագիրը, որ խորքին մէջ հայերէնով կազմակերպուած «սքրապլ» մըն էր։ Ծանօթ է, որ այս խաղը զանազան լեզուներու պարագային բաւական ընդհանրացած է աշխարհի մէջ, ունի նաեւ բոլորին յայտնի կանոններ։ Շաբաթավերջի ձեռնարկին հիմնական մասնայատկութիւնը այն էր, որ բառախաղի մասնակիցներուն ընձեռուած էր բառարանէ օգտուելու հնարաւորութիւն։
Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրը վերածուած էր խրախճանքի մը թատերաբեմին, ինչ որ շարունակուեցաւ օրուան տեւողութեան։ Համայնքային տասը վարժարաններէ աշակերտներ համախմբուեցան՝ իրենց հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու գլխաւորութեամբ։ Մասնակից վարժարաններն էին՝ Մէրամեթճեան, Մխիթարեան, Պէզճեան, Սահակեան-Նունեան, Տատեան, Էսաեան, Գալֆաեան, Թարգմանչաց, Գարակէօզեան եւ Արամեան-Ունճեան։ Առհասարակ միջնակարգի դասարաններէն աշակերտներ ընտրուած էին իրենց վարժարանները ներկայացնելու։
Օրուան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Նաժտա Շատեան, որու կողմէ գլխաւորուած կազմին մէջ էին՝ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, Թամար Քարասու, Սօնա Մենթեշէ, Ժագլին Էրմէն, Սելին Սեհերեըլտըզը, Ովսաննա Քալենտէր եւ Նաթալի Յովհաննէսեան։
Աւելի վերջ խաղի կանոններուն մասին տղոց բացատրութիւններ տուաւ սփիւռքահայ ակադեմական Հրակ Փափազեան, որ առաջնորդեց իրաւարարներու կազմը։ Իր գլխաւորած խումբին մէջ էիի՝ Բարին Ասլանեան, Քրիստին Տինչքայըքճը, Գարին Համամճեան եւ Այգ Տինչքայըքճը։
«Հեռատեսիլ» կայքէջի միջոցաւ ուղիղ եթերով հեռարձակուած այս բառախաղի խորհրդատուներն էին՝ Ժագլին Էրմէն, Սիլվա Կոմիկեան եւ Ովսաննա Քալենտէր։
Մեկնարկային փուլին կատարուած վիճակահանութիւնով արդէն յայտնի դարձաւ, թէ ո՛ր խումբերը իրարու հետ պիտի չափէին իրենց գիտելիքները։ Մրցոյթի առաջին կէսի արդիւնքին յայտնի դարձան այն չորս խումբերը, որոնք բարձրացան աւարտական փուլ. Էսաեան, Տատեան, Պէզճեան եւ Թարգմանչաց։
Կէսօրին նախատեսուած էր արդէն ընդմիջում մը, որու ընթացքին տղաքն ու բոլոր ներկաները ճաշեցին միասնաբար։ Տղաքը հագած էին այս ձեռնարկին համար յատուկ պատրաստուած մարզաշապիկներ, որոնց արտադրութիւնը վերահսկած էր Սելին Սեհերեըլտըզը։ Ապա շարունակուեցաւ բառախաղը, որու եզրափակիչ փուլի արդիւնքին յայտնի դարձան դափնեկիրները։ Այսպէս մրցոյթին առաջինը հանդիսացաւ Էսաեան, որուն հետեւեցան՝ Պէզճեան եւ Թարգմանչաց։
Օրուան ծրագիրը աւարտին հասաւ մրցանակաբաշխման արարողութեամբ, որու տեւողութեան հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնեց Ժագլին Էրմէն, որ Կազդուրման կայանի նախկին վաստակաշատ տնօրէնուհիներէն մին է։ Ան շնորհաւորեց ախոյեան էսաեանցիները, միւս դափնեկիրները, մասնակից բոլոր խումբերը՝ իրենց ուսուցչուհիներով հանդերձ։ Ժագլին Էրմէն գնահատեց նաեւ կարգադիր յանձնախումբը եւ այդ ամբողջին մէջ առանձնապէս ընդգծեց Սօնա Մենթեշէի կողմէ ի գործ դրուած մեծ եռանդը։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան։
Բոլոր մասնակիցները ստացան վկայականներ։ Անոնք ունեցան նաեւ որպէս յուշանուէր՝ խորհրդանշական առարկաներ, որոնք պատրաստուած էին Սօնա Մենթեշէի նախաձեռնութեաիմբ։ Կղզեաց թաղային խորհուրդին աջակցութեամբ ալ պատրաստուած էին դափնեկիրներուն յուշանուէրները։
Ձեռնարկի աւարտին այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, որ բոլորը ուրախ էին հայերէնի հասարակաց յայտարարին վրայ խարսխուած այս ծրագրին մասնակցութիւն բերած ըլլալու բերումով։ Բոլորը համամիտ էին նաեւ, որ կազմակերպիչներուն գերմարդկային ջանքերը պսակուած էին յաջողութեամբ։ Ներդրուած վաստակն ու միջոցները արդարացան, որովհետեւ բազմատասնեակ պատանիներ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան խտացեալ ձեւով շփուեցան հայերէնի հետ՝ բառարաններ ի ձեռին։
Կազդուրման կայանի ներկայ յոբելենական շրջանի եզակի ձեռնարկը հանդիսացաւ այս մէկը՝ մանաւանդ, որ կարգադիր յանձնախումբը մտադիր էր ազդու պատգամ մը փոխանցել մեր համայնքին հայերէնի խրախուսման ուղղութեամբ։