ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԵՐԷԿ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նէն ներս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւին շուրջ զար­գա­ցում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, Քնե­սէ­թի Կրթու­թեան ու մարմ­նա­մար­զի յանձ­նա­ժո­ղո­վը քննար­կեց ու հա­ւա­նու­թիւն տուաւ այն նա­խագ­ծին, որ պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։

Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ Յու­լի­սի 5-ին Քնե­սէ­թի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր այս նիւ­թը։ Ո­րո­շուած էր բա­նա­ձե­ւը յղել վե­րո­յի­շեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման՝ յա­ւե­լեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մար։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եա­գոպ Մար­կի­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Քնե­սէ­թի Կրթու­թեան ու մարմ­նա­մար­զի յանձ­նա­ժո­ղո­վը ե­րէկ քննար­կեց ու հա­ւա­նու­թիւն տուաւ այդ նա­խագ­ծին։ Մար­կին յայ­տա­րա­րեց, թէ յանձ­նա­ժո­ղո­վը պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի նոյ­նը ը­նեն նաեւ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Քնե­սէթն ու ա­նոր նա­խա­գա­հը՝ Եու­լի Է­տելշ­թայ­նը։ Եա­գոպ Մար­կին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յանձն ա­ռաւ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար ստո­րագ­րա­հա­ւաք մը եւ խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լու հա­մար Քնե­սէ­թի լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին։

Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, Մար­կին ը­սաւ. «Մեր բա­րո­յա­կան պարտքն է ճանչ­նալ հայ ազ­գի Հո­լո­քոս­տը»։

Քնե­սէ­թի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Զե­հե­ւա Կա­լոն, որ յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին նա­խա­ձեռ­նած էր, այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Ա­մէն տա­րի մենք կեղծ յոյս կու տանք այն մար­դոց, ո­րոնք նստած են այս­տեղ։ Ան­կեղծ չէ, որ Քնե­սէթ ան­դա­դար քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պէ այս հար­ցին շուրջ՝ ա­ռանց ո­րո­շում ըն­դու­նե­լու այն մա­սին, թէ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը եւ օ­րէնս­դիր մար­մի­նը կը ճանչ­նան հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։ Կա­լո­նի ա­ռըն­թեր նման տե­սա­կէտ ար­տա­յայ­տե­ցին նաեւ ե­րես­փո­խան­ներ Նաչ­ման Շաի, Տով Քե­նին, Զո­հեր Պահ­լօ։

Եա­գոպ Մար­կին ափ­սո­սանք յայտ­նեց այն փաս­տին կա­պակ­ցու­թեամբ, թէ Քնե­սէթ տա­կա­ւին ո­րո­շում մը չէ ըն­դու­նած։ Ան կոչ ուղ­ղեց խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին՝ որ­պէս­զի իր խօս­քին տէ­րը ըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ, Է­տելշ­թայն այս նիւ­թին շուրջ խոս­տում մը տուած էր ան­ցեալ տա­րի Իս­րա­յէ­լի Կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016