ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կ՚ապ­րուի հեր­թա­կան ծանր շրջան մը։ Հա­լէ­պի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն մեծ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան, սա­կայն ա­րիւ­նա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րը այդ­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կուած չեն։ Սու­րիոյ հիւ­սի­սի Իտ­լիպ քա­ղա­քին մէջ եւս վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան սաս­տիկ բա­խում­ներ։ Ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Իտ­լի­պի Է­պու Զու­հուր շրջա­նը ռմբա­կո­ծե­ցին սաստ­կօ­րէն։ Տասն­հինգ հո­գի մա­հա­ցաւ ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, ե­րե­սուն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Հարկ է նշել, որ Սու­րիոյ հիւ­սի­սի Իտ­լիպ քա­ղա­քը կը գտնուի երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու հա­կակշ­ռին ներ­քեւ։ Շա­բա­թա­վեր­ջէն ի վեր ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Իտ­լի­պի մէջ եւ շրջա­կայ­քին կը ռմբա­կո­ծեն այն բո­լոր թի­րախ­նե­րը, ո­րոնք չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան հա­կակշ­ռին տակ կը գտնուին, նե­րա­ռեալ հի­ւան­դա­նոց­ներ, շու­կա­ներ ու բնա­կա­վայ­րեր։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» եւ «Ճա­պատ Ալ-Նուս­րա» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­նե­րու զի­նեալ­նե­րը կը փոր­ձեն շրջա­փա­կել Հա­լէպ քա­ղա­քը։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րու այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կը միա­նան նաեւ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ջո­կատ­նե­րը։ Ա­նոնք Սու­րիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն վրայ տե­ւա­բար յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծեն։ Նոյն­պէս ռու­սա­կան կող­մի տուեալ­նե­րով, այդ յար­ձա­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րը ի գործ կը դնեն նաեւ «կեն­դա­նի» ռում­բե­րը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, թէ Իտլիպի մօտակայքին ռուսական զինուորական ուղղաթիռ մը դարձած է թիրախը՝ ընդդիմադիր խմբաւորումներու կողմէ բացուած կրակին։ Դէպի Հալէպ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրձած այս ուղղաթիռը վառ առնուած է վերադարձի ճանապարհին։ Յարձակման զոհ գացած են ուղղաթիռի անձնակազմի հինգ ռուս զինուորները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016