ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ Պին­կէօ­լի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց ա­րիւ­նա­լի նոր ա­րարք մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով վեց զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Պին­կէօ­լի օ­դա­կա­յա­նին մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող ոս­տի­կան­նե­րուն ծա­ռա­յո­ղա­կան ինք­նա­շար­ժը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն թի­րա­խը։ Ճա­նա­պար­հի կող­քին կա­յա­նուած եւ թրքա­կան դրօ­շա­կով թաք­նուած ռում­բով լի ինք­նա­շար­ժը պայ­թե­ցուե­ցաւ ոս­տի­կան­նե­րու անց­նե­լուն ժա­մա­նակ։ Սաս­տիկ պայ­թու­մը լսուե­ցաւ նաեւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն։

Վեց ոս­տի­կա­նի նա­հա­տա­կուած այս պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով հինգ ոս­տի­կան ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րէն ե­րե­քին կա­ցու­թիւ­նը ծանր է։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016