ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ան Հիւսիսային Իրաքէն եկաւ Թուրքիա եւ իր ուղեւորութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Զօրավար Տանֆորտ այնտեղ տեսակցեցաւ ամերիկացի զինուորներու հետ եւ վերահասու դարձաւ անոնց խնդիրներուն։
Աւելի վերջ զօրավար Տանֆորտ անցաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Անգարայի մէջ Տանֆորտ անակնկալ փոփոխութիւն մըն ալ կատարեց իր ծրագրին մէջ եւ այցելեց Ազգային մեր ժողով։ Զօրավար Աքարի ուղեկցութեամբ ան ականատես եղաւ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին ժամանակ խորհրդարանի վրայ գործուած յարձակման ծանր հետեւանքներուն։
Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսս, ԱՔ կուսակցութենէն Մուսթաֆա Էլիթաշ եւ Նաճի Պոսթանճը ներկայ էին Տանֆորտի խորհրդարան կատարած այցելութեան։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականը Անգարայի մէջ խստիւ պախարակեց ձախող յեղաշրջման փորձը։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանի կողմէ ալ հիւրընկալուեցաւ ամերիկացի զօրավարը, որ յայտնեց, թէ թուրք ժողովուրդի քաջութիւնը խոր տպաւորութիւն թողած է իր վրայ։ Ըստ իրեն, խորհրդարանի ռմբակոծման ժամանակ երեսփոխանները եւս աշխատած են քաջօրէն, ինչ որ դարձեալ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ։
Զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակցին ներկայացուց ծաւալուն թղթածրար մը՝ ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի ունեցած դերակատարութեան առընչութեամբ։ Ծանօթ է, ՖԵԹԷՕ-ի ղեկավարը Ֆեթհուլլահ Կիւլէն տարիներէ ի վեր կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ եւ Թուրքիա վերջին շրջանին յամառօրէն կը պահանջէ անոր արտայանձնուիլը։ Ձախող պետական հարուածը այս առումով լարուածութիւն յառաջացուցած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Հուլուսի Աքար Ճոզըֆ Տանֆորտին ներկայացուց փաստեր եւ խնդրեց անոր աջակցութիւնը՝ որպէսզի Ֆեթհուլլահ Կիւլէն յանձնուի Թուրքիոյ։ Իսմայիլ Քահրամանի եւ Ճոզըֆ Տանֆորտի դռնփակ հանդիպումը եւս առիթ հանդիսացաւ նոյն խնդրի քննարկման։ 40 վայրկեան տեւեց այդ զրոյցը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, շօշափուեցաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի յանձնման խնդիրը։
Թրքական կողմի պահանջներուն կապակցութեամբ Ճոզըֆ Տանֆորտ ընդգծեց, որ խնդիրը պիտի քննարկուի ամերիկեան իրաւունքի եւ դատական համակարգի շրջագծով։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ ունեցած տեսակցութեան ալ Տանֆորտ անհանգստութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած այն տպաւորութեան շուրջ, թէ ձախող պետական հարուածի ետին գտնուած է ԱՄՆ։