Միօրեայ «Դպրոց»ի Մը Ամավերջի Հանդէսին Առթած Մտածումները
Միշտ զարմացած եմ հայ գաղութներու «միօրեայ դպրոց»ներու պատկերին ի տես: Ինչո՞ւ «դպրոց» ըսել, երբ կրթական հաստատութեան մը յատուկ ծրագիր չկայ, այլ հոն կ՚աւանդուին հայերէն դասեր, շաբաթական մէկ կամ երկու ժամ, ըստ ուսուցիչին հայեցողութեան եւ նախասիրութիւններուն:
Այս մէկժամեայ դասերը հասկնալի են, երբ համայնքը փոքրաթիւ է, դպրոցական տարիքի սերունդն ալ: Բնական է, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տղոց համար դպրոց կարելի չէ ստեղծել եւ պահել: Իսկ երբ համայնքը մեծաթիւ է, ինչո՞ւ ան ինքզինք չէ օժտած եւ չ՚օժտեր իսկական հայ դպրոցով, որ չըլլայ մէկժամեայ հայերէնի դասաւանդութիւն:
Ի հարկէ միշտ կարելի է խօսիլ դժուարութիւններու մասին: Իսկ սփիւռքեան կացութեան մէջ դժուարութիւններ կան, պիտի ըլլան: Բայց փոխանակ աւաղելու, անոնց յաղթահարումը անկարելի համարելու՝ ինչո՞ւ չմտածել զանոնք առաւել կամ նուազ չափով չէզոքացնելու մասին: Դժուարութիւնները անյաղթահարելի եղած են միշտ ամբոխային տրամաբանութեան մակարդակին, իսկ անոնք կրնան յաղթահարուիլ հեռանկարային ծրագրում ունեցող բանիմաց եւ տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան կողմէ:
Քանի մը հաստատումներ՝ կրկնելով միշտ, որ բաղդատելին պէտք է բաղդատել: Մէկ երկրէ միւսը, նոյն երկրին մէջ մէկ համայնքէ միւսը կացութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ, ինչ որ զարմանալի չէ: Մեր համայնքներու բնակած վայրերը հիւրընկալ ափեր են, հայրենիք չեն: Այդ վայրերը կրնան նաեւ սա կամ նա ձեւով իրարու հետ նմանութիւններ ունենալ որպէս նախաձեռնութիւններու ենթահող, կարելիութիւններ ընծայել անոնց իրականացման համար: Այդ ընելու համար հարկ է մեկնիլ պարզ հարցումներու պատասխանելով:
Այսպէս. հայեցի կրթութիւն կ՚ուզե՞նք տալ նորահաս սերունդին, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Որպէսզի ազգի շարունակութիւն ըլլանք:
Ղեկավարութիւնը, ոչ շաբաթավերջին չձանձրանալու համար ժողով գումարող վարչութիւնները, եւ անոր առաջնորդութեամբ հայ ընտանիքը, առաջին հերթին պէտք է որ առանց խուսանաւումի պատասխանեն «ԻՆՉՈ՞Ւ» հարցումին:
Երբ բացակայի հայեցի կրթութիւնը ինչո՞վ պիտի փոխարինուի ան, ինչո՞վ կը փոխարինուի ան այսօր հայկական սփիւռքներու մէջ:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Բոլոր գաղութներու հայերը՝ չափահասները, երիտասարդները եւ դեռ չծնածները, ընկերութեան, կեանքի եւ քաղաքակրթական պահանջներուն պարտաւոր են պատշաճիլ: Այս իրողութիւնը ընդունելէ ետք կը սկսի «ԻՆՉՈ՞Ւ»ին պատասխանի որոնումը, որ անհատական չի կրնար ըլլալ, բացառիկներու կողմէ չի կրնար սահմանուիլ: Նման սպասում անհեթեթ է:
Եթէ չուզենք կամ չյաջողինք հայեցի կրթութիւն տալ նորահաս սերունդին, ի՞նչ կ՚ըլլայ անոր ինքնութիւնը: Իր հողին վրայ, հայ մանուկը եւ երիտասարդը, տան մէջ եւ փողոցը հայերէն խօսք եւ երգ լսելով, Էջմիածինի իր տան բակէն տեսնելով Հռիփսիմէի տաճարին գմբէթը՝ տիրոջ գիտակցութեամբ հարազատ ինքնութիւն կը զարգացնեն, նոյնիսկ՝ առանց դպրոց երթալու, անգրագէտ անգամ ըլլալով: Իսկ սփիւռքի հայը ո՞ր ինքնութինը կը զարգացնէ օտար պատկերներու անմիջականութեանբ:
Սփիւռքի հայը հարազատ ինքնութիւն կրնայ նուաճել ճիգով, որ հայեցի կրթութիւնն է, որուն համար շրջանակ, կառոյց, մշակուած ծրագիր եւ գործադրուող համապարփակ բովանդակութիւն պէտք է: Կիրակնօրեայ զուարճութեան վերածուած երգը, պարը եւ խոհանոցը հաճելի են, ժամանակ մըն ալ կարօտի զգացումներ կը հովահարեն, բայց հեռանկարային չեն հայ սերունդ պահելու համար:
Հեռանկարային է հայկական իսկական որակով հայ դպրոցը: Ղեկավարութիւնները պարտին ընել այնպէս, որ այս հիմնական եւ հիմնարար առաջադրանքը սեփականութիւնը դառնայ զանգուածներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք, ըստ այնմ յառաջացնելով գիտակցութիւն, մասնագիտական կազմակերպութիւն եւ նպատակին ծառայող միջոցներ, առանց շպարը խորք համարելու:
Յաջողելու համար պէտք չէ մեկնիլ պարտուողական դիրքերէ՝ փաստարկի վերածելով այն բոլոր բաները, որոնք կը ներկայանան անկարելիի պիտակով, երբ կ՚ըսուի, թէ՝ «հոս Հայաստան չէ, հոս Արեւելք չէ, ժամանակները փոխուած են»: Սփիւռքներու հայկական զանգուածներու բարօր վիճակը, ընդհանրապէս, երբեք այսքան բարեյոյս չէ եղած, նախկին սերունդները երբեք այսքան ուսումնական մարդիկ չեն ունեցած: Պատմութեան ընթացքին մենք տեսականօրէն երբեք այսօրուան համրանքը չենք ունեցած:
Հետեւաբար հարց պէտք է տալ, թէ տոկալու, տեւելու եւ յաջողելու համար ի՞նչ կը պակսի մեզի: Ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ:
Հիւրընկալ երկիրները մեզի պիտի չըսեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք մեր ինքնութիւնը պահելու համար եւ մնալու ազգի հատուած: Անոնց համար կարեւոր է, որ մենք մերուինք, եւ երբ ըսեն, թէ լաւապէս մերուած ենք, կը հպարտանանք, բայց ո՞ւր կը տանի մեզ այդ լաւապէս մերուած ըլլալը, հարցում է, որուն մասին չենք մտածեր, մտածենք անգամ՝ կը խուսափինք պատասխանելէ:
Այս ոչ անկարեւոր շեղումներէն ետք հարկ է վերադառնալ հարցումին. հայեցի կրթութիւն կ՚ուզե՞նք տալ նորահաս սերունդին, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:
Առանց հայեցի կրթութեան՝ կը յանգինք «ծագումով հայ»ու կորստական վիճակին, որ ինքնամխիթարութեան հանգրուան է, գաղթական հայը լաւ կ՚ապրի, որմէ ետք հայավիճակի արագ կամ դանդաղ անհետացում է, որ այսօր կը պարզուի բոլոր անոնց առջեւ, որոնք նուազագոյն իրատեսութիւնը ունին:
Եթէ հաշտուած ենք հայավիճակի անհետացման հետ, կարիք չկայ ուղեղ քերելու եւ պատասխան փնտռելու: Այսօր դեռ կայ տոկոս մը, որ չէ հաշտուած կամ մասամբ չէ հաշտուած այդ անհետացման հետ: Այդ տոկոսը կը գտնենք կուսակցութիւններու, միութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու շուրջ եւ մէջ: Այդ տոկոսը պիտի կարենա՞նք ազգային գաղափարախօսութեան հենքի վրայ դարձնել տոկալու եւ տեւելու ուժ:
Այդ թուական քանակ ուժին համրանք եւ գիտակցութիւն տուողը պիտի ըլլայ տեղական պահանջներուն համապատասխան եւ միաժամանակ հայեցի կրթութիւնը նպատակ համարող որակաւոր հայ դպրոցը: Ան պէտք է ունենայ այնպիսի կազմակերպութիւն եւ որակ, որ կարենայ հիւրընկալ երկրի քաղաքացի հայը եւ իր ազգային պատկանելիութեամբ ապրող հայը միաժամանակ ներգրաւել:
Ինծի ծանօթ են երկու փոքրաթիւ համայնքներու պարագաներ: Սուրիական փոքրիկ քաղաք մըն էր Հոմսը, հետագային աճած, ուր Եղեռնի օրերէն հայեր հաստատուած էին, 110 ընտանիք, անոնք ունէին եկեղեցի եւ դպրոց: Լիբանանեան քաղաք մը՝ Թրիփոլին, շուրջ 110 ընտանիք, անոնք ալ ունէին եկեղեցի եւ դպրոց՝ 120 աշակերտով: Արեւմտեան մեծ քաղաքներու մէջ, ուր հեռաւորութիւնները խոչընդոտ են, հայկական համայնքներէն կարելի չէ սպասել, որ 100 ընտանիքի համար ստեղծուի հայկական վարժարան:
Սակայն երբ համայնք մը կը հաշուէ 1000-է աւելի ընտանիք, տրամաբանականօրէն կարելի է հայկական վարժարան ունենալ, եթէ այդ ընտանիքներու միայն կէսը զօրավիգ կանգնի: Եթէ չկայ այդ դպրոցը, չենք կրնար ստեղծել այդ դպրոցը, պակսողը համրանքը չէ, այլ՝ հեռանկար հրամցնող, յոյս ներշնչող եւ որակ ունեցող կազմակերպութիւնը: Հոս է որ կը դրուի իրա՛ւ ղեկավարումի խնդիրը, որ չի սահմանափակուիր երեւելիութեամբ:
Այս հարցերը պէտք է հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ՝ առանց բաւարարուելու իրաւ կամ պղպջակ «էսթեպլիշմընթ»ի նեղ եւ ամէն օր քիչ մը աւելի նեղցող շրջանակով: Յաջողելու համար մտայնութիւններու յեղափոխութիւն պէտք է յառաջացնել, համոզել եւ համոզուիլ, որ հայկական վարժարանի մէջ ալ կարելի է լաւ ուսում ստանալ եւ յաջողիլ կեանքի մէջ, ըլլալ լաւ քաղաքացի՝ միաժամանակ պահելով ինքնութիւն եւ ըլլալով ազգի շարունակութիւն, արգելակելով հրաժարումները:
Բազմանդամ համայնքի մը մէջ միօրեայ կամ մէկժամեայ հայերէնի դասընթացք մը, որ դպրոց չէ, պատկեր է նահանջի եւ պարտութեան:
Ֆրանսացին կ՚ըսէ, որ ցուլը զգետնելու համար զայն պէտք է բռնել իր կոտոշներէն: Կ՚ունենա՞նք այս յանդգնութիւնը՝ մերժելով բաւարարուիլ աւաղելու բառային տեղ չհասցնող մարզանքներէ:
Իսկ ի՞նչ կրնան ըլլալ հայկական հատուածները յիսուն տարի ետք, երբ հայեցի կրթութիւնը դարձած ըլլայ մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի յիշատակ:
Ո՛չ յոռետեսութիւն եւ ո՛չ ալ մէկ ծառը անտառ համարող դատարկ լաւատեսութիւն:
Այլ պճեղ մը իրատեսութիւն եւ լեռ շարժող յանդգնութիւն՝ որպէսզի ալպոմի մէջ դեղնած պատկեր չըլլանք, այլ՝ հարազատ շարունակութիւն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024