ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք հակադիր արժէքներու՝ որոնք կեանքին ընթացք կու տան, կեանքը կը կանոնաւորեն եւ նախընտրութեան համաձայն կարեւորութիւն կը ստանան։
Զոր օրինակ, կեանքի մէջ կայ «շիտակ»ը եւ «սխալ»ը։
Կայ նաեւ՝ «գեղեցիկ»ը եւ «տգեղ»ը, «համակրանք»ը եւ «հակակրանք»ը «սէր»ը եւ «ատելութիւն»ը, «լաւ»ը եւ «գէշ»ը, «արդար»ը եւ «անիրաւ»ը, «կռիւ»ը եւ «համերաշխութիւն»ը, «պատերազմ»ը եւ «խաղաղութիւն»ը, եւ կարելի է երկար ցուցակ մը պատրասել հակադիր այս երեւոյթներուն, որոնք մարդուս առօրեային անբաժան իրողութիւններն են եւ առանց այդ հակադիր արժէքներու, չենք կրնար շարունակել եւ ընթացք տալ մեր կեանքին։
Առնենք «պատերազմ»ը եւ «խաղաղութիւն»ը։
Մարդիկ, ընդհանրապէս խաղաղ ապրիլ կ՚ուզեն, բայց իրարու հետ կռուելէ, պատերազմելէ ալ ետ չեն մնար։ Կարծես առանց պատերազմի խաղաղութիւն չի հաստատուիր։
Ո՜վ գիտէ, թերեւս այդպէս է. մարդ արժէքի մը հակադիրը չտեսած, իր փափաքածին չի տիրանար։ Կը սպասէ, որ կորսնցնէ բան մը՝ որպէսզի գտնէ եւ ուրախանա՛յ։
«Կռիւ» կամ «պատերազմ» աստիճանի տարբերութիւնը եթէ նկատի չունենանք, մօտաւորապէս նոյն իմաստը եւ նպատակը ունին։ Պատերազմ, իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ մէկու մը կամ հաւաքականութեան մը իր ուզածը ձեռք ձգելու համար ուժ գործածել։ Ուստի «ուժ» ըսուածը, այսինքն զօրութիւնը բնածին երեւոյթ մը, իրողութիւն մըն է։ Ուժը հարկաւոր, պիտանի եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ ազդակ մըն է մարդկային կեանքին պահպանման ու տեւականացման համար, քանի որ աշխատութեան կը սատակէ ան։
Ուժը որքան աշխատելու համար պէտք է, նաեւ նոյնքան հարկաւոր է պայքարելո՛ւ համար։ Եւ սակայն կռիւը արգիլող, անոր չթոյլատրող ուժը կանո՛նն է՝ գրաւոր եւ կամ անգիր օրէնքը։
Արդարեւ, ուժովը, ուժը ձեռքին տակ եղողը եթէ իր ուզածը կ՚ընէ, այնտեղ տեւական անապահովութիւն կը տիրէ եւ անշուշտ վախը կ՚իշխէ, քանի որ միշտ աւելի ուժովը կայ եւ անգամ մը որ բիրտ ուժին ասպարէզ բացուի եւ առիթ տրուի, ան այլեւս սահման չ՚ունենար եւ հետզհետէ աւելի զօրաւորը տեղ կը գրաւէ։
Ուստի հաւաքական, ընկերային կեանք ապրելու համար կանոն եւ օրէնք, կարգապահութիւն եւ նուիրապետական կարգը անհրաժեշտ է։ Եւ առանց այս կարգապետութեան կարելի չէ հաստատել եւ տեւականացնել ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ համերաշխութիւնը։ Եւ հոն՝ ո՛ւր համերաշխութիւն, հաշտ կենցաղ, միաբանութիւն գոյութիւն չունի, որեւէ զարգացում, որեւէ յառաջդիմութիւն կարելի չէ ձեռք բերել։
Մարդկային ամէն դասակարգ կ՚ընդունի ի վերջոյ «բարձրագոյն զօրութիւն»ը՝ գերակայ ուժը, եւ անհատ ու հաւաքականութիւն, բոլորն ալ կը հնազանդին, կը հպատակին անոր եւ այսպէս կը հատատուի միաբանութիւնը, որ է ընկերային խաղաղութիւնը։ Այս պատճառով, կանոնները ճանչնալ, տուեալ օրէնքները, օրինական տրամադրութիւնները ընդունիլ եւ հնազանդիլ անհրաժեշտ է։
Եթէ ըսենք, թէ՝ խաղաղութիւնը բնական չէ, թերեւս տարակոյս պիտի ստեղծէ շատերուն մտքին մէջ եւ կամ տարօրինակ պիտի թուի շատերուն։ Ինչո՞ւ խաղաղութիւնը անբնական ըլլայ։ Ինչո՛ւ խաղաղութիւնը բնական չէ, բացատրելէ առաջ, հարցում մը հարցնենք եւ պատասխանը փնտռենք։ Ձեզի համար սէ՞րը, թէ ատելութիւնը բնական է։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ սէրը բնական չէ, քանի որ տեւապէս սէր կը քարոզուի, սէր ունենալու կը մղուի մարդիկ, սիրոյ բարիքներուն վրայ կը խօսուի եւ բոլոր բարոյախօսական եւ կրօնական դրութիւններ սիրոյ պաշտպանողական եւ ջատագովական առաջաւորներ ըլլալու՝ պաշտօնատարները ըլլալու մէջ կը մրցին։ Եթէ սէրը բնական ըլլար, պէտք պիտի չըլլար անոր մասին այսքան խօսելու, բծախնդիր ըլլալու։ Բնական բանի մը վրայ այսքան ծանրանալու պահանջքը չի զգար մարդ։ Բնականը արդէն կը կատարէ իր դերը։ Ուրեմն սէրը բնական չէ, այլ՝ ատելութիւնը բնական է եւ ստիպողաբար սէր կը քարոզուի։
Հիմա վերադառնանք մեր հարցին։ Խաղաղութիւնը բնական չէ, քանի որ մարդ միշտ խաղաղութիւն կը փնտռէ, խաղաղութեան կարօտը կը զգայ, եւ ուրեմն սիրոյ նման՝ խաղաղութիւնն ալ բնական չէ, եթէ բնական ըլլար, արդէն զայն փնտռելու պահանջքը պիտի չզգար մարդ։ Ինչպէս սէրը, ինչպէս խաղաղութիւնը, փափկանկատութիւնը՝ նուրբ վարմունքն ալ բնական չէ՛. մարդիկ քաղաքավարութեան կարօտը ունին շատ անգամ։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը. երբ հարցի մը շուրջ խօսքը կը վերջանայ, ինչպէս յաճախ կը պատահի, կռիւը կը սկսի եւ բիրտ ուժը կը տիրապետէ։
Զօրաւոր ըլլալ՝ ընդհանրապէս ուժերու ներդաշնակութենէն հրաժարիլ կը հասկցուի։
Ի՞նչ կը նշանակէ զօրաւոր ըլլալ։ Զոր օրինակ, կ՚ըսեն, թէ այր մարդիկ զօրաւոր են, եւ անոնք արցունք չեն թափեր։ Ասիկա զօրաւոր ըլլալու նշա՞ն է։ Մինչդեռ արցունքը լեզուի նման է, արտայայտութեան ձեւ մըն է՝ նկարագրի, անձնականութեան յատկութիւն մը։ Մարդ կ՚ուրախանայ եւ արցունք կը թափէ, կը տրտմի եւ դարձեալ արցունք կը թափէ։ Ուրեմն արցունքը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս զօրութեան նշան մը կրնանք նկատել։ Ի՞նչ յարաբերութիւն, ի՛նչ կապ կայ՝ զգացումը արտայայտելու եւ զօրաւոր կամ տկար ըլլալու միջեւ։
Այր մարդը իրաւունք չունի՞ իր զգացումները արտայայտելու՝ ինչպէս խօսքով, նաեւ արցունքով, քանի որ ան ալ «լեզո՛ւ» մըն է։
Նախապաշարումները մարդիկ իրենք կը ստեղծեն, եւ յետոյ իրենց ստեղծած նախապաշարումներուն գերին կը դառնան։
Ասկէ աւելի անհամեմատ հակադրութիւն կարելի՞ է որ ըլլայ կեանքի մէջ։ Տարօրինակութիւններ ստեղծելու մէջ մարդիկ շա՜տ ճարտար են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս, 28, 2016, Իսթանպուլ