ԲԱՐԴ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ

Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ ներ­կայ ձիւ­նա­հա­լը կրնայ կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման մթնո­լոր­տին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման նա­խա­գի­ծը հա­ւա­նա­բար վերա­կանգ­նուի։ Այս­պէ­սով կը ծրագ­րուի Ռու­սաս­տա­նի բնա­կան կա­զը Թուր­քիոյ վրա­յով փո­խադ­րել դէ­պի Եւ­րո­պա­յի հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րը։ «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս այս հե­ռան­կա­րը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է տագ­նապ մը։ ԵՄ-ի դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը հիմ­նա­ւո­րեն զա­նա­զան հան­գա­մանք­նե­րով։ Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է, որ Պրիւք­սե­լի են­թադ­րու­թիւն­նե­րով նոր կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րը պի­տի ամ­րապն­դէ Մոս­կուա­յի դիր­քե­րը։ Եւ­րո­պա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ «Թրքա­կան հոսք»ի գոր­ծարք­ման հի­ման վրայ Ուք­րայ­նա պի­տի զրկուի դէ­պի Եւ­րո­պա կա­զի տա­րան­ցիկ եր­կիր մը ըլ­լա­լու կար­գա­վի­ճա­կէն։ Բաց աս­տի, պի­տի ա­ւել­նայ Եւ­րո­միու­թեան կա­խուա­ծու­թիւ­նը՝ ռու­սա­կան «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թե­նէն, նե­րա­ռեալ Կաս­պեան տա­րած­քաշր­ջա­նէն։ Այս ա­ռանց­քի պա­րա­գա­յին ալ կայ մտա­հո­գու­թիւն, թէ Ատր­պէյ­ճա­նէն բնա­կան կա­զի այ­լընտ­րան­քա­յին մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը պի­տի փա­կուին։

«Ռու­սաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ նոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կրնայ խնդրա­յա­րոյց դառ­նալ, ե­թէ Ռու­սաս­տան փոր­ձէ Ուք­րայ­նան փո­խա­րի­նել Թուր­քիա­յով», յայտ­նած է Եւ­րո­միու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րէն մին։

Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, Ան­գա­րա շա­հագրգ­ռուած է Ռու­սաս­տա­նէն ա­ժան սա­կա­գի­նով կազ ա­պա­հո­վե­լով։ Ուս­տի, հա­ւա­նա­կան է, որ շարք մը խնդրա­յա­րոյց պա­հանջ­ներ ներ­կա­յա­ցուին Եւ­րո­միու­թեան։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Եւ­րո­միու­թիւ­նը ու­շադ­րու­թեամբ պի­տի հե­տե­ւի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մօ­տա­լուտ հան­դիպ­ման, որ նա­խա­տե­սուած է Օ­գոս­տո­սի 9-ին։ Այդ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին հա­ւա­նա­կան է, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նին «Թրքա­կան հոսք» ծրագ­րին շուրջ։

ԹԵՀ­ՐԱ­ՆԻ ԿՈՂ­ՄԷ ՆԱ­ԽԱ­ՁԵՌ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, վեր­ջին օ­րե­րուն զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ հա­ղոր­դե­ցին, թէ Թեհ­րանն ալ կը պատ­րաս­տուի նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ՝ դէ­պի Եւ­րո­պա բնա­կան կա­զի ա­ռաք­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս­պէս, Ի­րան կը նա­խա­տե­սէ իր բնա­կան կա­զը հասց­նել Ուք­րայ­նա եւ այս­պէ­սով մա­տա­կա­րա­րում­ներ կա­տա­րել դէ­պի ԵՄ-ի շու­կայ։ Ի­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ եւս այս շրջա­նին շփում­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին՝ բնա­կան կա­զի տա­րանց­ման նպա­տա­կով։  

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016