ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի բժշկական շրջանակները այս շրջանին դարձեալ բարձր գնահատանքով կ՚անդրադառնան նախկին պոլսահայ, այժմ ֆրանսաբնակ բժիշկ Գէորգ Աբգարեանի կողմէ երկրին բերուած լուրջ նպաստին։ «news.am» կայքէջի հաղորդումներով, իր ջանքերով Հայաստանի մէջ քիմիաթերափիի կեդրոն մը հիմնուած է, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւնով բժշկական հաստատութիւն մըն է։ Քիմիաթերափիի այս կեդրոնին հիմնուիլը եղած է Գէորգ Աբգարեանի վաղամեռիկ կնոջ՝ Թամարա Աբգարեանի վերջին փափաքը։ 2012 թուականին քաղցկեղի հետեւանքով մահացած Թամարա Աբգարեանի վերջին ցանկութիւնը իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ Գէորգ Աբգարեանի եւ իր վաղեմի բարեկամին՝ Հայաստանի նախկին առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի ջանքերուն։ Անոնց նախաձեռնութեան շնորհիւ ստեղծուեցաւ նոր ծառայութիւն մը։ Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ներս հաստատուեցաւ քիմիաթերափիի բաժանմունք մը, որու գործունէութիւնը արդէն սկսած է։
Գէորգ Աբգարեան, որ վերջերս հերթական անգամ Ֆրանսայէն Հայաստան այցելեց, արդէն ականատես եղաւ իր վաղամեռիկ կողակցի երազանքի իրականացման։ Այդ առումով իր այցելութիւնը դարձաւ արտասովոր։
Այս կեդրոնի հաստատման համար ծաւալուեցան անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները։ Սոյն բաժանմունքին համար առանձնացուած տարածքէ մը ներս յատուկ պայմաններ ստեղծուած են՝ մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով։ Մասնագէտներն ալ վերապատրաստութեան համար մեկնեցան Եւրոպա։
«Նայիրի» բժշկական կեդրոնի քիմիաթերափիի բաժանմունքի ղեկավար նշանակուած է երիտասարդ բժիշկ Լեւոն Պատալեան։ Այս բաժանմունքը կը համագործակցի Փարիզի Hôpital Privé Nord Parisien-ի հետ, որու թմրաքունի եւ վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավարն է Գէորգ Աբգարեան։ Երեւանէն ուղարկուած տուեալներուն հիման վրայ Փարիզի մէջ մասնագէտները կը կատարեն խորհրդակցութիւններ ու իւրաքանչիւր հիւանդի պարագային կը ճշդուի բուժման ճանապարհ մը։ Այս ձեւը կը կիրառուի միայն բարդ եւ խնդրայարոյց պարագաներու։ Ներկայիս բաժանմունքի ստեղծուելէն չորս տարի վերջ՝ Գէորգ Աբգարեան վստահութեամբ կը փաստէ, որ Լեւոն Պատալեան որպէս ինքնուրոյն բժիշկ կը դրսեւորէ մասնագիտական բարձր որակ։
Գէորգ Աբգարեան ցաւով կ՚արձանագրէ, որ Հայաստանի մէջ հիւանդները բժիշկի կը դիմեն քաղցկեղի ուշ փուլերուն, սակայն նոյնիսկ այդ պարագային բաւական լաւ արդիւնքներ կ՚արձանագրուին «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ։
Գէորգ Աբգարեանի համոզմամբ, նման խնդիրներու լուծման համար պետութիւնը պէտք է հանդէս գայ զանազան նախաձեռնութիւններով։ Արդարեւ, Հայաստանի տեսակէտէ առաջնահերթ խնդիր կը համարուի բժշկական ապահովագրութեան համակարգի լիարժէք կայացումը։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024