ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ
Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մէջ կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ 15-22 Յուլիս թուականներուն Շիշլիի ճատրակի կազմը Գոնիայի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ առաջնութեան։ 68 խումբեր մասնակցութիւն բերին Գոնիայի մէջ կազմակերպուած այս մրցաշարքին, որու արդիւնքին շիշլիցիները զբաղեցուցին 21-րդ հորիզոնականը։ Ինն մարզիկներէ բաղկացեալ Շիշլիի կազմին մէջ Մեհմէտ Մերթ Պայքարա յաջողութիւն արձանագրեց նաեւ անհատական գետնի վրայ։ Երրորդ սեղանի մրցողներու շարքին ան հանդիսացաւ երրորդ։
Երկու տարիէ ի վեր Շիշլիի ճատրակի կազմը արդէն կը մասնակցէր Իսթանպուլի ակումբային առաջնութեան։ Այդ մասնակցութեան ի շարունակութիւն Գոնիայի մէջ շիշլիցիներու կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը ունեցաւ մեծ նշանակութիւն։ Արդարեւ, Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութիւնը որոշած է յաջորդ տարուան համար կատարել նոր կարգադրութիւններ։ Այսպէս, պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկը։ Գոնիայի մրցաշարքի արդիւնքին 68 խումբերու շարքին առաջին 30 շարքերը զբաղեցուցած խումբերը իրաւունք պիտի ունենան պայքարելու նորաստեղծ Բ. լիկին մէջ։ Անոնց վրայ պիտի աւելնան այն 6 խումբերը, որոնք անցեալ մրցաշրջանի աւարտին Թուրքիոյ Ա. լիկին մէջ մնալ չեն յաջողած։ Այսպէս, ընդամէնը 36 խումբով յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկին մրցակցութիւնը։ Շիշլին ալ պիտի մասնակցի այդ մրցաշարքին՝ ձգտելով Թուրքիոյ Ա. լիկը բարձրանալու նպատակին։
Երէկ երեկոյեան Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Գնալը կղզիի մէջ ընթրիք մը կազմակերպեց ի պատիւ ճատրակի կազմին, որ վերջերս արձանագրեց այս նուճումը։ Լողաւազանի համալիրէն ներս, ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները ամենաջերմ զգացումներով շրջապատեցին ճատրակի կազմի մարզիկները։ Ներկայ էին նաեւ ակումբի նախկին ատենապետներէն Ղազարոս Ունան եւ Հայկարամ Քարասու։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս առթիւ յուշանուէր մը յանձնեց Սարվէն Չաքմաքին, որ ճատրակի բաժնի պատասխանատուն է։ Ընթրիքի ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Ալէն Թեքպըչաք, Սարվէն Չաքմաք, Արթօ Փեհլիվանեան, Հայկարամ Քարասու եւ Նազար Հանչէր։ Ակումբի վարչութիւնը յուշանուէրներ ալ պատրաստած էր ճատրակի կազմի մարզիկներուն համար։
Երեկոյթի ընթացքին, անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ, ակումբի վարչայինները տեղեկացուցին՝ թէ Շիշլի ընդհանուր առմամբ յաղթահարած է վերջին շրջանի տնտեսական ճգնաժամը եւ յառաջիկայ շրջանին աւելի յաւակնոտ ձգտումներ պիտի ունենայ պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի ճիւղերու պարագային եւս։