ՍՆԱՆԿԸ

Չեմ յի­շեր ո՛ր դա­սա­պահն էր՝ միայն այն, թէ քննու­թեան պահ էր, տետ­րա­կիս նախ­կին է­ջե­րը կը պրպտէի հոն­կէ ակն­կա­լե­լով օգ­նու­թիւն՝ հար­ցու­մի մը պա­տասխա­նե­լու, մինչ լսուե­ցաւ ու­սու­ցի­չին ձայ­նը. «Հրեան երբ սնան­կա­նայ, հին տետ­րակ­նե­րը կը պրպտէ»: Ի հարկէ անձ­նա­կան դաս չըլ­լա­լուն՝ գլա­նը կը հարուա­ծէր զիս...։

­Թէ մենք՝ հա­յերս ին­չե՜ր կ­­ը յիշ­ենք ան­ցեա­լէն. սնա՞նկ ենք, թէ կը յիշ­ենք Վա­հան Թէք­էեա­նի հետ­եւ­եալ խ­­օսք­ը.

«Կար­ե­նա­լու հա­մար ապ­րիլ այ­սուհ­ե­տեւ

Օ­դի, ջուր­ի, հաց­ի նման

Մ­ենք պէտք ուն­ինք հպարտ­ութ­եան»:

Հի­մա մի քան­ի մտոր­ումն­եր կ՚երթ­եւեկեն գլխուս մէջ: Երբ Դի­մա­տետ­րէ­ն կարդա­ցի հա­յու մը մէկ փա­ռա­ւոր ան­ցեա­լէն էջ մը, կամ գիւտ մը, ես ալ գրե­ցի­. «Հպար­տա­նա­լու ա­ռի՞թ կը փընտ-ռենք», իբր նկա­տո­ղու­թի­ւն:

Կը սկսինք աս­կէ ան­կէ, հոս­կէ հոն­կէ քա­ղա­քա­կի­րթ կո­չուած ազ­գե­րու զա­ւակնե­րէ մէջ­բե­րում­նե­ր կա­տա­րել՝ հա­յու մա­սի­ն ի­րե­նցմէ դրուա­տա­լի­ց խօս­քե­րէ­ն, ո­րոնց­մէ ա­մե­նա­կար­կա­ռու­նը Լորտ Ճորճ Կոր­տը­ն Պայ­րը­նի հե­տե­ւե­ալ խօ­սքն է. «Աս­տու­ծո­յ հետ խօ­սե­լու լե­զուն հա­յե­րէնն է»:

Ե­կուր տես, որ մենք ի՛նչ­պէ­ս կը վա­րուի­նք մեր լե­զուի­ն հետ (ին­ծի հա­մար ա­մե­նէ­ն ա­նո­րո­շ բա­ռը մենք բառն է­, քան­զի կ՚ի­շխէ հա­տուա­ծա­կա­նու­թի­ւնը­. այս ալ ու­րի­շ հարց): Իսկ չէ՞ որ հա­յե­րէ­նը հա՛յն է, որ պի­տի պահ­պա­նէ, ուս­տի նա­խըն­թա­ցը կ՚եր­թայ հա­յա­պահ­պան­ման, ո­րուն մէջ ե՛ւ Սփիւռ­քի­, ե՛ւ մա­նա­ւանդ Հայ­րե­նի­քի­, որ կո­րի­զը պի­տի ըլ­լայ ամ­բո­ղջ հա­յու­թե­ան, կը հիւ­ծի նոյ­նի­սկ իր թուա­քա­նա­կով, եւ ժա­մա­նակ մը ետք, ե­թէ ար­դէ­ն չէ, Հա­յաս­տան ը­սե­լո­վ պի­տի­ հասկ­նանք երկ­րա­գուն­դը ամ­բո­ղջ. «Մե­ղա՜յ, մե­ղա ՜յ Ա­րա­րա­տին»...։­

Ուր­իշ կէտ մըն ալ... մեր ա­ռա­ջին քրիս­տո­նե­այ պե­տու­թիւն ըլ­լալն է. իսկ թէ ո՛ր­քան ճանչ­ցած ենք քրիս­տո­նէ­ու­թիւ­նը, այդ բո­լո­րո­վին ա՛յլ հարց: Մեր քրիս­տո­նէ­ու­թիւն­ը քա­րէ ե­կե­ղե­ցի­ներ կա­ռուց­ե­լու, շա­րա­կան­ներ յօ­րի­նե­լու, խաչ­քա­րեր քան­դա­կե­լու մէջ կը կա­յա­նայ... (ի մի­ջի ա­յլոց ճար­տա­րա­պետ մը ը­սաւ, թէ ե­կե­ղե­ցիի պա­տե­րուն մէջ զե­տե­ղուած են դա­տարկ կու­ժեր, ար­ձա­գան­գը զսպե­լու... հայ հան­ճար...): Իսկ ե­թէ Ս­­աղ­մոս­նե­րէն առ­նէինք հե­տե­ւե­ալ խօսք­ը ու գոր­ծադ­րէինք. «Փառք կու տամ Աս­տու­ծոյ, որ իմ ձեռ­քերս կռուե­լու կը վար­ժեցնէ».­.. հի­մա ո՞ւր կ՚ըլլ­ա­յինք ար­դեօք­... փո­խա­նակ ին­քերգ­ու­թեամ­բ՝ «Սրտի խոր­քե­րից խօսք Աս­տու­ծոյ»­ յղէինք...:

Չէ, մենք այդ­քան քաջ չենք­: Ու­նե­ցա­ծ ենք բա­ցա­ռիկն­եր... բայց ան­բա­ւա­րար...:

«Ե­թէ տի­րել ենք, ձիր­քե­րո­վ միայ­ն»...։ (Պ. Սե­ւակ)

«Շի­նել ենք կա­մուր­ջ, կա­պել ենք կա­մար»։ (Պ. Սե­ւակ)

«Բայց ո­րո՞­ւ հա­մար...

Այդ կա­մուրջ­նե­րէն մ­­եզ թա­փե­ցին վար

Կա­մուրջ­ներն ե­ղան մեզ­ի շիր­մա­քար» (Ս. Ար­մէն)

Հաս­նինք նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նին.-­

«Ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին գեր­մա­նա­հայ հան­րա­յին յ­­ա­րա­բե­րու­թե­ան­ց մաս­նագէտ, փի­լի­սոփ­ա­յու­թեան Տքթ. Վ­­ազ­րիկ Պա­սիլ կ՚ը­սէ. «­Հա­յե­րը այժմ աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նան ոչ թ­­է որ­պէս ա­րա­րող, այլ ինքն­թան­գա­րա­նաց­ման ու­ղին բ­ռ­նած ազգ»: Այլ տեղ՝ «Սե­պենք թէ Ա­դամ Ե­ւան ալ հայ են, յե­տոյ ի՞նչ»... եզ­րա­կաց­նե­լով­՝ «իւ­րա­յա­տուկ ըլ­լա­լու հա­մար յա­ճախ անհ­րա­ժեշտ չեն մեծ ներդ­րում­ներ: Մենք պէտք է ա­ւե­լի քի­չ ներդ­րում ը­նենք պե­թո­նի (սի­մենդ) եւ ա­ւե­լի շա­տ ու­ղե­ղի վրայ...»։

«Ա­ՒԵ­ԼԻ ՇԱՏ ՈՒ­ՂԵ­ՂԻ ՎՐԱՅ»:

ՍՆԱ՞ՆԿ Է ՀԱ­ՅԸ... Ո՞ՒՐ Է ՀԻ­ՄԱ...։

­ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016