ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԻ ԱՌՋԵՒ

Մարդ­կա­յին կեան­քը կը դի­մա­ւո­րուի յա­ճախ ան­կիւ­նա­դար­ձե­րով՝ ո­րոնք կ՚ո­րո­շեն մար­դուս ըն­թաց­քը։ Ար­դա­րեւ, ան­կիւ­նա­դար­ձի առ­ջեւ ըլ­լալ, կը նշա­նա­կէ ո­րո­շում տալ՝ թէ ո՛ր ուղ­ղու­թեամբ պէտք է շա­րու­նա­կել կեան­քի ու­ղին։

Մարդ, ներ­կա­յիս, ինչ­պէս ան­ցեա­լին, միշտ գտնուած է ան­կիւ­նա­դար­ձե­րու առ­ջեւ, եւ պէտք է գտնուի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ գոր­ծա­ծել իր բնա­տուր «ա­զատ կամք»ը։

Պահ մը խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող­ներ, կեան­քի մէջ ե­թէ չըլ­լար ան­կիւ­նա­դար­ձեր, ա­պա մարդ մե­քե­նա­յի մը միօ­րի­նա­կու­թեամբ պի­տի շար­ժէր։ Բայց մարդ բա­նա­ւոր էակ մըն է՝ կը քննէ, կը դա­տէ, կ՚ո­րո­շէ եւ ի՛նք կը գծէ իր ու­ղին, ինք իր կամ­քով, սխալ կամ ճիշդ, ըն­թացք կու տայ իր կեան­քին։ Բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած մար­դը՝ ա­զատ եւ ան­կախ, կը յա­ռա­ջա­նայ կեան­քի ճամ­բուն վրայ, իր նա­խընտ­րու­թեամբ, իր ո­րո­շում­նե­րով։

Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ են «ան­կիւ­նա­դարձ»ե­րը, ո­րոնք կը յի­շեց­նեն մար­դուն՝ թէ պէ՛տք է գոր­ծա­ծէ իր խել­քը, օգ­տուի ի­մա­ցա­կա­նու­թեան բա­րիք­նե­րէն, դա­տէ, ո­րո­շէ եւ ըստ այնմ շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բան՝ այս կամ այն ուղ­ղու­թեամբ։

Բայց այս ա­զա­տու­թիւ­նը՝ կը նշա­նա­կէ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի՛ւն։ Ուս­տի ա­մէն ա­զա­տու­թիւն, բնա­կա­նա­բար իր հետ կը բե­րէ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի՛ւ­նը։

Դա­րա­ւոր այ­լա­զան տե­սու­թիւն­ներ, յե­ղաշր­ջում­ներ, ըն­կե­րա­յին կեան­քի փո­փո­խու­թիւն­ներ՝ մարդ­կա­յին ու­ղե­ղը, բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը ցնցեն։ Պահ մը խոր­հե­ցէ՛ք, դեռ այ­սօր մար­դիկ չեն կրցած ո­րո­շել «վերջ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն» մը, եւ տե­ւա­կան ո­րո­նու­մի մէջ են, եւ այս պատ­ճա­ռով կը խար­խա­փին ու կը դե­դե­ւին։

Ան­ցեա­լը վեր­ջա­ցու­ցած է իր շրջա­նը, ա­պա­գան մո՛ւթ կ՚ե­րե­ւի, եւ ա­նո­րոշ։ Ու­րեմն ներ­կան կրնայ ըն­թացք տալ մար­դուս։ Ար­դա­րեւ, հսկա­յա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներ, նո­րա­նոր գիւ­տեր, զար­մա­նա­լի հա­մա­կար­գեր, բո­լորն ալ ըն­թացք կու տան մար­դուս, բայց ա­նոնք նո­րա­նոր հար­ցեր ստեղ­ծող թնճուկ­ներ կը հան­դի­սա­նան։ Մարդ կը շուա­րի, քա­նի որ ան տա­կա­ւին պատ­րաստ չէ՛ լուծ­ման լա­ւա­գոյն ե­ղա­նակ­ներ գտնե­լու ա­նոնց։ Մէկ կող­մէ՝ «ա­զատ կամք», միւս կող­մէ՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն. մէկ կող­մէ՝ ո­րո­շում տա­լու պար­տա­ւո­րու­թիւն, միւս կող­մէ՝ հսկա­յա­կան ա­նո­րո­շու­թիւն։ Եւ մարդ պահ մը կու գայ, որ բո­լո­րո­վին ան­կա­րող կը զգայ ինք­զինք, քա­նի որ «ա­նո­րո­շու­թիւն»ը ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւնն է մար­դուս, ո­րով կրնայ դի­մա­ւո­րուիլ յա­ճախ, կեան­քի ճամ­բուն վրայ՝ ան­կիւ­նա­դար­ձե­րու առ­ջեւ։

Ա­պա ու­րեմն ի՞նչ պէտք է ը­նէ մարդ։

Յու­սա­հա­տի՞ ու­րեմն, յու­սալ­քուի՞ եւ դա­սա­լի՞ք ըլ­լայ կեան­քի վազ­քին մէջ։

Բայց մար­դուն բա­նա­կա­նու­թեան հա­կա­ռակ է այդ ըն­թաց­քը եւ վի­րա­ւո­րիչ՝ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­մար։ Ու­րեմն մարդ պէ՛տք է ջա­նայ իր բա­նա­կա­նու­թիւ­նը ողջմ­տու­թեամբ զօ­րաց­նէ։ Ար­դա­րեւ, ողջմ­տու­թեամբ զար­դա­րուած բա­նա­կա­նու­թիւ­նը զօ­րա­ւո՛ր է։ Ա­հա­ւա­սիկ, ժա­մա­նա՛կն է գի­տակ­ցե­լու, թէ մարդ իր շա­հած­նե­րուն ա­ռըն­թեր ի՛ն­չեր կը կորսնց­նէ։ Հա­շուեկ­շիռ մը ը­նել անհ­րա­ժեշտ է։

Ուս­տի, մա­նա­ւանդ ներ­կայ դա­րուս, բազ­մա­մի­լիոն մար­դոց «մե­քե­նա­յա­ցած» հո­գին դա­տարկ է, պա­րապ է այ­սօր։ Բա­րո­յա­կա­նի օ­րէնք­ներ կ՚ան­տե­սուին եւ եր­բեմն ալ կ՚ար­հա­մար­հուին, ա­ւե­լին՝ կրօնք եւ Աս­տուած ժա­մա­նա­կավ­րէպ կը նկա­տուին եւ կ՚ան­տե­սուին։ Բա­րո­յա­կան, հո­գե­կան ար­ժէք­ներ կը մեր­ժուին, կ՚ու­րա­ցուին եւ ո­մանք պար­ծանք կը զգան այդ մեր­ժու­մին եւ ու­րա­ցու­մին պատ­ճա­ռով։

Բայց ժա­մա­նա­կա­կից ու­րա­ցող եւ մեր­ժող մար­դը, կը խոր­հի՞ ար­դեօք, թէ իր ու­րա­ցած եւ մեր­ժած ար­ժէք­նե­րէն պար­պուա­ծին տե­ղը ի՞նչ բա­նով պի­տի կա­րե­նայ լեց­նել, միայն հա­ճո՞յ­քով, զուար­ճա­նա՞­լով։

Ի՞նչ բա­նէ չի զզուիր եւ ձանձ­րա­նար մարդ ար­դեօք։ Մարդ պէտք է գի­տակ­ցի՝ թէ ու­նայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ վտանգն է մարդ­կու­թեան։

Ո­մանք «հո­գիի դա­տար­կու­թիւն» խօս­քը ծի­ծա­ղե­լի եւ ա­նի­մաստ կը գտնեն, ցա­ւա­լի՜ է այս տե­սակ մտա­ծու­թիւն մը, քա­նի որ հո­գին ալ կրնայ պար­պուիլ եր­բեմն եւ մո­լո­րու­թեան մատ­նէ մարդս։

Այ­սօր, ընդ­հան­րա­պէս, հո­գե­կան դա­տար­կու­թեան եւ սնան­կու­թեան ա­պա­ցոյց­ներն են մարդ­կա­յին շատ մը մո­լու­թիւն­ներ։

Հո­գե­կան պա­րա­պու­թեան եւ սնան­կու­թեան հե­տե­ւու­թիւն­նե­րը չե՞ն մի­թէ անձ­նաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ Հա­ճոյք­նե­րէ յափ­րա­ցու­մի եւ բթա­նա­լու ե­րե­ւոյթ­ներ չե՞ն մի­թէ անգ­թու­թիւ­նը, ե­սա­մո­լու­թիւ­նը, մար­դոց այ­լա­մերժ կե­ցուած­քը, ա­մէն տե­սակ ո­ճիր­նե­րը եւ հա­մա­ճա­րա­կի բնոյթ ստա­ցող այ­լա­սե­րու­մը մար­դուն։ Այս բո­լո­րին պատ­ճա­ռը չէ՞ք տես­ներ հո­գե­կան դա­տար­կու­թեան մէջ։

Այս բո­լո­րը կը նշա­նա­կէ՝ թէ մարդ­կու­թիւ­նը այ­սօր հա­սած է «ան­կիւ­նա­դարձ»ի մը առ­ջեւ, ո­րով պար­տա­ւոր է ան, այ­սօր իսկ նո­րո­գուիլ, նոր կեանք մը ստա­նալ՝ ան­յա­պաղ նո՛ր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կեր­տել՝ ուր հո­գե­ւո­րը հա­մըն­թաց ըլ­լայ նիւ­թա­կա­նին՝ մարմ­նա­կա­նին։

Ի՞նչ ը­նել ու­րեմն։

Նախ, հա­մո­զուիլ, թէ մար­դուս կեան­քին մէջ կա՛յ նաեւ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու ի­րա­կա­նու­թիւն մը եւ թէ ա­մէն ինչ հա­ճոյք չէ՛։ Ուս­տի կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու՝ ֆի­զի­քա­կան ար­ժէք­նե­րու ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թեան չա­փով։ Յե­տոյ գիտ­նալ, թէ կա՛ն նաեւ մտա­ւոր ար­ժէք­ներ։ Ու­րեմն մշա­կոյ­թի եւ շի­նիչ գե­ղա­րուես­տի փա­րիլ՝ նոր ըմբռ­նում­նե­րով, նոր չա­փա­նիշ­նե­րով՝ նո­րա­գուած միտ­քով եւ նոր հո­գիով։ Կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յենք ա­մէն հո­գե­ւո­րին եւ մտա­յի­նին, ո­րոնք մեր էու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի տար­րերն են։

Այ­սօր կան թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան հրա­տապ հար­ցեր եւ մար­դիկ սաս­տիկ վրդո­ված են։ Հար­ցը «լի­նե­լու եւ չլի­նե­լու» հարցն է այ­սօր։ Ուս­տի պէտք է, անհ­րա­ժեշտ է, որ խե­լա­բե­րի մարդ­կու­թիւ­նը, քա­նի որ եր­բեք ուշ չէ դեռ, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զգա­ցու­մով երբ հա­մա­կուին մար­դիկ եւ գոր­ծեն ի­րա­տե­սու­թեամբ, կա­րե­լի է ա­զա­տիլ այս քաո­սա­յին վի­ճա­կէն։ Ուս­տի մար­դիկ կը տա­րու­բե­րին բա­րիին եւ չա­րին մի­ջեւ եւ չեն կրնար ո­րո­շել ի­րենց դիր­քը՝ չեն կրնար ընտ­րել ի­րենց հա­մար օգ­տա­կա­րը, նպաս­տա­ւո­րը, որ միշտ «բա­րի՛»ն է։

Ար­դա­րու­թիւն, բա­րիք տա­րա­ծող բա­րե­մոյն հո­գին ան­պայ­ման պի­տի ա­պա­հո­վէ ցան­կա­լի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, բաւ է որ մար­դիկ անդ­րա­դառ­նան ա­նոր, ընտ­րեն շի­տա­կը, ճշմա­րի­տը եւ բա­րին։

Քա­նի որ ուշ չէ տա­կա­ւին՝ պէտք է սթա­փինք եւ խնա­յենք մեր ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը, մեր զա­ւակ­նե­րը, մեր մի­ջա­վայ­րը, մեր աշ­խար­հը ամ­բողջ…։

Ար­դա­րեւ մարդ­կու­թիւ­նը պէտք ու­նի մա­նա­ւանդ ան­ցեա­լի թե­րու­թիւն­նե­րէն, սխալ­նե­րէն դաս առ­նե­լու՝ ա­ռանց քրքրուե­լու եւ գձուձ հա­շիւ­նե­րով զի­րար վի­րա­ւո­րե­լու, ա­ռանց զի­րար վշտաց­նե­լու, միշտ սի­րով՝ որ ա­մէն նե­ղու­թեան դար­մանն է, ա­ռանց ո­րու մարդ­կու­թիւ­նը չի կրնար եր­ջան­կա­նալ։

Հար­ցու­մը սա՛ է. «Յո՞ եր­թաս մարդ­կու­թիւն», քա­նի որ ա­նոր վեր­ջա­բա­նը մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ։ Ուս­տի սի­րով լե­ցուն սիր­տեր պէտք է արթն­նան այն խոր թմբի­րէն, քա­նի որ ուշ չէ՛ տա­կա­ւին…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 29, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016