ՌԱՄԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ - Democracy

Ձայն բազ­մաց ձայն Աս­տու­ծոյ...

Դե­ռեւս դա­րե­րու խոր­քէն հնչած այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, լա­ւա­գոյն վկա­նե­րէն մէ­կը կրնայ հան­դի­սա­նալ այն ճշմար­տու­թեան, որ Հայ մար­դը ու­նե­ցած է Ռամ­կա­վար «Դեմ­ոկ­րատ» մտած­ե­լա­կերպ: Ան Ռամ­կա­վա­րու­թիւն­ը բարձ­րացն­ել­ով հասց­ու­ցած է Աս­տ-ւա­ծայ­ին մա­կար­դա­կի: Սա­կայն Ռամ­կա­վար նկա­րագ­իր ուն­ե­նա­լու եւ ճիշդ ըմբռ­նել­ու հա­մար այս սկզբունք­ի խոր­ութ­իւն­ը, ա­ռաւե­լ­ութ­իւնն ու ծալք­ե­րը, անհ­րաժ­եշտ է նախ հա­մա­պա­տաս­խան դաս­տիա­րա­կութ­իւն, ա­պա նա­եւ մտայ­ին ու հո­գե­բա­նա­կան կարգ մը յատկ­ութ­իւնն­եր՝

-Ինք­նաքն­նա­դա­տութ­իւն: Լաւ­ի ու կա­տար­եա­լի հասն­ել­ու ճա­նա­պարհ­ի ա­ռա­ջին քայլն է՝ զար­գաց­ման ե­րաշ­խիք­ը: «Ծան­իր զք­­եզ»: Այն մարդ­ը, որ ինք­նաքն­նա­դա­տա­բար կ­­ը մօտ­ե­նայ իր վար­քին, հեռ­ու կ՚ըլ­լայ մ­­ե­ծամ­տութ­են­է, ա­տակ՝ տեսն­ել­ու եւ ըն­դու­նել­ու իր սխալն­եր­ը, ուստ­ի եւ կը փորձ­է զանց առ­նել ա­նոնք, ու ա­ւել­ի յղկել­ով եւ մաքր­ել­ով կը կա­տարե­լա­գործ­է իր ան­ձը: Այս յատ­կութ­իւն­ը ճիշդ օգ­տա­գործ­ել­ով է, որ մար­դը հա­սա­րա­կութ­եան մ­­էջ իր տեղ­ը կ՚ընտր­է ու կը տե­ղա­ւոր­ու­ի:

-Յար­գանք մարդ­ու հան­դէպ՝ ան­կախ ա­նոր պաշ­տօն­էն, դիրք­էն, աշ­խա­տան­քէն կամ գի­տա­կան մա­կար­դա­կէն: Ան պ­­էտք է կար­ող ըլ­լայ դիտ­ել­ու մար­դը՝ որպ­էս իր կրկնօր­ի­նա­կը կամ պատկ­եր­ը, սա­կայն որ­ոշ փոփ­ոխ­ու­թիւնն­եր­ով, ուստ­ի ա­նոր նկատ­մամբ տա­ծած յար­գանք­ը կը թարգ­մա­նու­ի ու կը հասց­էա-գը­րւ­ի իր ան­ձին նա­եւ:

-Յար­գանք ընկ­եր­ոջ­ը կարծ­իք­ին նկատ­մամբ, նոյ­նիսկ եթ­է ան կ­­ը հա­կա­սէ իր սե­փա­կան­ին: Վեր­ջա­պէս մարդ ա­րա­րա­ծը սխա­լա­կան է, իսկ սխալ­ը զար­գա­ցած կամ տգէտ, խե­լա­ցի կամ պարզ­ու­նակ, գիտ­նա­կան կամ վա­ճա­ռա­կան չ­­ի ճանչ­նար: Ուստ­ի պէտք է միշտ աչ­քի ա­ռաջ ուն­ե­նալ սխա­լա­կան ըլ­լա­լու հնա­րա­ւո­րութ­իւ­նը, մտով­ին կրկնել­ով, որ «գուց­է ես եմ սխալ­ը այս ան­գամ»:

-Լսել­ու եւ հասկ­նա­լու ու­նա­կութ­իւն ու պատ­րաս­տա­կա­մութ­իւն, ա­պա եւ զր­­ու­ցել­ու տրա­մադ­րութ­իւն: Զ­­ոյցն ու միտ­քեր­ու փո­խա­նակ­ումն է ճշմարտ­ութ­իւն տան­ող ճա­նա­պարհ­ը եւ ոչ թէ վէճն ու կռիւ­ը: Վերջ­ին-ներս փոխ­ել­ով մար­դու տրա­մադ­րութ­իւն-ներ­ը, դնել­ով ա­նոր ջղայ­ին վի­ճա­կի մը մէջ, կը հան­են հա­ւա­սա­րակշռ­ութ­են­է, իսկ որ­եւ­է հարց մը հասկ­նա­լու եւ ճիշդ կողմն­որ­ոշ­ու­ե-լ­ու ու դա­տել­ու հա­մար, անհ­րաժ­եշտ է ոչ թէ ա­լեկ­ոծ, փո­թորկ­ոտ, այլ հան­դարտ ու խա­ղաղ կ­­իրք, հոգ­ե­վի­ճակ ու դա­տող­ու­թիւն:

-Յար­գանք Օր­էնք­ի նկատ­մամբ՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ ան արդ­էն ձայնն է մե­ծա­մասնութ­եան՝ նախ­օր­օք ձե­ւուած, մշակ­ուած ու գրի առ­նուած, մա­նա­ւանդ որ ան իր մէջ կը կրէ մարդ­կանց միջ­եւ հա­ւա­սար­ութ­եան գա­ղա­փա­րը:

-Գի­տակ­ցութ­իւն եւ կար­ող­ութ­իւն՝ գե­րա­դա­սել­ու հա­ւա­քա­կա­նը բնազ­դա­յին ան­ձէն՝ «էկօ»էն, հեռ­ու ե­սա­մոլ­ութ­են­է: Միայն տգէտ մար­դը կրնայ ե­սա­մոլ ըլ­լալ: Ի դէպ տգի-տութ­իւնն ու բա­նի­մաց­ութ­իւն­ը վկա­յա­կան-ն­եր­ով չէ, որ պէտք է չափ­ել, այլ ան­հատ­ի մը մտա­հոր­իզ­ոն­ով ու աշ­խար­հա­հայ­եաց­քով, ա­նոր յար­գան­քով՝ հան­դէպ մարդ­կայ­ին փորձն ու գան­ձա­րան­ը՝ ուղ­եղ­ը: «Որ­քան շատ բան ի­մա­նամ, այն­քան ա­ւել­ի կը հասկ­նամ, թէ որ­քան ք­­իչ բան գ­­ի­տեմ». ե­սա­մոլ­ը չի ճանչ­նար այս գա­ղա­փա­րը, այլ կ­­ը հա­ւա­տայ մէկ ուրի-շ­ի՝ «ես ա­մէն ինչ գիտ­եմ...»: Ին­քա­նավս­տա­հութ­իւն­ը դրա­կան մարդ­կա­յին յատ­կա­նիշ մըն է՝ եթ­է գտնու­ի իր սահ­ման­ներ­ուն մէջ: Սա­կայն ան կրնայ տգ­­իտ­ութ­եան շ­­ուք­ի տակ հասն­իլ ե­սա­մոլ­ութ­եան կամ ե­սա­պաշտ­ու-թեան, զ­­որ ան­տես­ե­լով հա­ւա­քա­կան ուժ­ը, կը մղէ տիր­ոջ­ը որ­դեգր­ել­ու ոչ Ռամ­կա­վար, այլ մ­­ե­նա­տէր՝ «տիք­դա­դոր» ուղ­եգ­իծ մը, մեկնե-լ­ով այն մ­­իտք­էն, թէ «իմ ը­սածս է ճիշ­դը ան­կախ հա­ւա­քա­կան կարծ­իք­էն, ուստ­ի այդ-պէս պէտք է ըլ­լայ»: Որ­քան սխալ պ­­իտ­ի ըլ­լան ան­տես­ե­լով՝ ո­չինչ­ի հասցն­ել հա­ւա­քա­կան կարծ­իք­ը, մա­նա­ւանդ այս դա­րուս, երբ տեղ­ե­կա­տու­ութ­եան մ­­իջ­ոցն­եր­ը իր­ենց տար­բեր տե­սակ­ներ­ով, ա­ռա­տօր­էն կը սնեն մար­դոց ուղ­եղ­ը, կը զար­գացն­են ա­նոնց գի­տակ­ցութ­իւն­ը եւ կ՚ընդ­լայն­են աշ­խար­հա­հայ­եաց­քը:

-Համ­ոզ­ուած ըլ­լալ ս­­ե­փա­կան կար­ծիք­ին: Կարծ­իք­ը ան­հատ­ի տրա­մա­բա­նութ­եան ար-դ­իւնքն է, եւ ոչ թէ ապ­րանք մը վա­ճառ­քի են­թա­կայ: Մարդ պէտք է գի­տակ­ցի, որ իր կարծ­իք­ը իր ան­հա­տա­կան­ութ­եան կամ նկա­րագ­իր­ին դրսեւ­ո­րումն է, իր ա­զատ կամ­քի ու խիղճ­ի հայ­ել­ին, եւ ինք պարտ է ան ար­տա­յայտ­ե­լու ա­զա­տօր­էն:

Ներ­կա­յիս ընկ­ե­րա­յին շրջա­նակ­ներ­է ներս տիր­ող աշ­խա­տա­կարգն ու գործ­ե­լա­ոճ­ը Ռամ­կա­վար­ութ­իւնն է: Սա­կայն այն­տեղ քիչ չեն հան­դիպ­իր մե­նա­տէր հո­գե­բա­նութ­եամբ մար­դիկ, որ­ոնք միան­շա­նակ կ­­ը ձգտին հասն­ել­ու իշ­խա­նու­թեան՝ նոյն­իսկ ան­թոյ­լատ­րել­ի ու պղտոր ճա­նա­պարհն­եր­ով: Օր­ի­նակ՝ որ­եւ­է Ռամ­կա­վար շրջա­նակ­է մը ներս կան փոք­րա­մասն­ութ­իւնն­եր, կամ հա­մախմբ­ում-ն­եր, որ­ոնց հիմք­ը կ՚ըլ­լայ ընդ­հան­րա­կան շահ մը «կամ շահ­եր», ա­ռաւ­ել մօտ­իկ մտած­ե­լա­կերպ կամ աշ­խար­հա­հա­յեացք, կամ նոյն­իսկ ըն­տա­նե­կան ս­­եր­տութ­իւն: Մե­նա­տէր հոգ­ե­բա­նութ­եամբ ան­ձը, այս բոլ­որ խմբա­ւոր­ումն­եր­ը օգ­տա­գործ­ել­է բա­ցի, հա­ւա­քա­կա­նի մէջ­էն կը փորձ­է որ­սալ հա­մե­մա­տա­բար տկար նկա­րա­գիր­ով մար­դոց, նիւ­թա­կան պարգ­եւն­ե­րով կամ հե­տա­գայ պաշտ­օնն­եր­ու խոստ­ու­մով կը շլացն­է ա­նոնց աչքն ու գի­տակ­ցութ­իւն­ը. «ո­մանք այս եղ­ել­ութ­իւն­ը կը կոչ­են՝ Դե­մո­կրա­տա­կան խա­ղեր», ա­պա ան կազ­մե­լո­վ բա­նակ, կը դառ­նայ մե­նա­տէր ղե­կա­վար: Այս­տեղ հաս­նե­լէ ետք, ան կը փոր­ձէ տար­բեր «թոյ­լատ­րե­լի կամ ան­թոյ­լատ­րե­լի­» մի­ջո­ցնե­րո­վ, ոչ միայն չէ­զո­քաց­նել իր այ­լա­խոհ­նե­րը­, այլ նաեւ փոր­ձե­լո­վ վե­րաց­նել չէ­զո­քու­թի­ւն հաս­կա­ցո­ղու­թի­ւնը­, «որ Ռամ­կա­վա­րու­թեան հի­մքե­րէ­ն մէկն է՝ ան­հա­տի մը նուա­զա­գոյն ի­րա­ւուն­քը նման հա­մա­կար­գի մէջ», կը բե­ւե­ռաց­նէ տուե­ալ շ­ր­ջա­նա­կը՝ «կամ ին­ծի հետ կամ իմ դէմ» լո­զուն­գը տա­րա­ծե­լո­վ:

Նման պա­րա­գա­նե­ր յա­ճախ կը պա­տա­հի­ն մեր ըն­կե­րա­յին ծի­րէ­ն ներս, գու­ցէ սա Ռամ­կա­վա­րու­թե­ան խո­ցե­լի կէ­տե­րէ­ն մէկն է, ա­զատ հրա­պա­րակ տա­լով բո­լո­րի­ն՝ ա­ռիթ ստեղ­ծե­լո­վ այս­պի­սի թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու...: Եւ ե­րե­ւի այս պատ­ճա­ռո­վ է, որ Ռամ­կա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս յա­ճախ կը կրկնուի հե­տե­ւեալ նա­խա­դա­սու­թի­ւնը­՝ «Ռամ­կա­վա­րու­թի­ւնը կա­ռա­վար­ման թե­րի ձեւ մըն է, բայց դժբախ­տա­բար մարդ­կու­թիւ­նը ա­ւե­լի լաւ մի­ջո­ց դեռ չի ճանչ­նար...»:

Ռամ­կա­վար հա­մա­կար­գի մը ղե­կա­վա­րը պէտք է օժ-տըւած ը­լլայ՝

- Ճիշդ ու ա­րագ կողմ­նո­րո­շուե­լու, հար­ցե­րը կշռա­դա­տե­լու եւ ոս­կի­է մի­ջի­նը գտնե­լու կա­րո­ղու­թեամբ: Ան պէ­տք է աչ­քի ա­ռաջ ու­նե­նայ այն փաս­տը, որ հար­ցի մը քննարկ­ման ը­նթաց­քին կա­յա­ցած փոք­րա­մաս­նու­թե­ան կար­ծի­քը­, այ­նուա­մե­նայ­նիւ ար­ժա­նի է յար­գան­քի, ո­րո­վհե­տե­ւ ան վե­րջա­պէս մարդ­կա­յի­ն ու­ղե­ղի գոր­ծու­նէ­ու­թե­ան ար­դի­ւնք է:

- Պէտք է ու­նե­նայ խա­ղաղ, հան­դարտ, անվր­դո­վ ու հաշ­տա­րար հո­գի­, ըլ­լայ փափ­կան­կատ ու շրջա­հա­յեաց: Ռամ­կա­վա­րու­թե­ան հի­մքը հան­դի­սա­ցող կար­ծիք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թի­ւնը­, յա­ճախ ա­ռիթ կրնայ տալ խռո­վու­թի­ւննե­րու, ան­հաս­կա­ցո­ղու­թի­ւննե­րու եւ ան­ցան­կա­լի վէ­ճե­րու: Ղե­կա­վա­րը այս բո­լո­րը կան­խե­լու պար­տա­ւո­րու­թի­ւնն ու կա­րո­ղու­թի­ւնը պէտք է ու­նե­նայ՝ գտնէ ու լոյ­սի տակ պա­հէ վի­ճո­ղ կող­մե­րուն մի­ջե­ւ ընդ­հա­նուր եզ­րը­, հար­թե­լո­վ տա­րա­կար­ծու­թի­ւննե­րն ու ան­հա­մա­ձայ­նու­թի­ւննե­րը­, հաս­տա­տէ հա­մե­րաշխ մթնո­լո­րտ: Միայն տկար ե­ւ ան­կա­րո­ղ ղե­կա­վա­րը կը դի­մէ «բաժ­նէ որ տի­րե­ս» քա­ղա­քա­կա­նու­թե­ան: Ան կո­րծան­ման կրնայ հասց­նել ոչ միայն ի­ր պաշ­տօ­նը­, այլ նաեւ ամ­բո­ղջ հա­մա­կար­գը՝ ո­րո­վհե­տե­ւ ըլ­լա­լով տկար ղե­կա­վար, ոչ միայն շատ եր­կար չի շա­րու­նա­կեր, այլ տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով բա­ժա­նե­լու ըն­թաց­քին կը մաս­նա­տէ, կը ջլա­տէ ու կը տկա­րաց­նէ իր ամ­բո­ղջա­կան հա­մա­կար­գի ուժն ու միաս­նա­կա­նու­թի­ւնը­՝ վ­տան­գե­լո­վ ա­նոր գո­յու­թի­ւնը­:

- Վա­յե­լէ իր հա­մա­կար­գի ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թե­ան յար­գանքն ու վստա­հու­թի­ւնը­, ո­րո­նք անհը-րա­ժե­շտ պայ­ման­ներ են ո­րե­ւէ ղե­կա­վա­րի մը հա­մար: Ռամ­կա­վար հա­մա­կար­գի մը ան­դամ­նե­րուն ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թի­ւնը կը կազ­մուի ինք­նա­կամ նուի­րե­ալ­նե­րէ­, ուս­տի ա­նոնց կա­պը հա­մա­կար­գի­ն հետ հո­գե­կան ե­ւ բա­րո­յա­կան է, ոչ թէ նիւ­թա­կան, հե­տե­ւա­բար ա­նոնք կրնան հե­տե­ւի­լ ու հնա­զան­դի­լ այն ղե­կա­վա­րի­ն, որ ու­նի բա­րո­յա­կան բարձր չա­փա­նի­շե­ր եւ կը ներշըն-չէ յար­գանք ու վստա­հու­թի­ւն:

- Ըլ­լայ բա­նի­մաց, գի­տա­կից ու հա­մո­զուած ի­ր հա­մա­կար­գի սկզբունք­նե­րուն՝ ըլ­լան ա­նոնք Ա­զա­տա­կան, Ըն­կե­րվա­րա­կան, Բա­րե­սիր­ա­կան, Բա­րե­կարգ­չա­կան կամ Յե­ղա­փո­խա­կան:

Վեր­ջա­պէս Ռամ­կա­վար ըլ­լա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է լայն տե­սա­հո­րի­զոն, ազ­նիւ ու խա­ղաղ հո­գի­, պարզ ու ա­զատ տրա­մա­բա­նու­թիւն եւ կամք, ոչ թէ նեղ­միտ, նենգ, խռո­վա­րար, յի­շա­չար, վրէժխն­դիր կամ տկար նկա­րա­գիր: Ռամ­կա­վա­րու­թիւն­ը հո­գե­բա­նու­թիւն է՝ ապ­րե­լաոճ, քա­ղա­քակր­թութ­իւն, ոչ միայն սոսկ ա­ծա­կան...:

ՏՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Զարթօնք»

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2016