ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԺԳՈՀ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԵԼԻՔ 37 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԷՆ

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ պի­տի ստո­րագ­րուի ա­մե­րի­կա-իս­րա­յէ­լեան հեր­թա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րուն հի­մամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը Իս­րա­յէ­լին պի­տի տրա­մադ­րէ տասն տա­րուան վրայ եր­կա­րող տնտե­սա­կան իր յատ­կա­ցու­մը: Հա­կա­ռակ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ առ­կայ բա­ւա­կա­նին լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու մե­տա­սա­ներ­որդ պա­հուն կ­­՚ըն­դու­նէր 2018 թուա­կա­նին իր ա­ւար­տին հաս­նող հա­մա­ձա­յնագ­րին թար­մա­ցու­մը եւ այս՝ նախ­քան Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Սպի­տակ տու­նը լքե­լը: Բա­ցի այս բո­լո­րէն, ակ­նե­րեւ է նաեւ, որ մին­չեւ այս պա­հը իս­րա­յէ­լեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շփոթ մը կ­­՚ապ­րին կա­պուած ի­րենց դիր­քո­րոշ­ման՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին կա­յա­ցուե­լիք նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց վե­րա­բե­րեալ: Նշեմ, որ կնքուե­լիք հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­մամբ Ո­ւա­շինկ­թըն Թել Ա­ւի­ւին պի­տի տրա­մադ­րէ 37 մի­լիառ տո­լա­րի գու­մար մը եւ այս յատ­կա­ցու­մը պի­տի տրա­մադ­րուի յա­ռա­ջի­կայ տասն տա­րի­նե­րուն: Այլ խօս­քով՝ գոր­ծադ­րու­թեան դրուող հա­մա­ձայ­նու­թեամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Թել Ա­ւի­ւի տա­րե­կան կտրուած­քով պի­տի տրա­մադ­րէ 3.7 մի­լիառ տո­լա­րի պատ­կա­ռե­լի գու­մար մը: Վե­րա­դառ­նա­լով իս­րա­յէ­լեան կող­մին՝ նշենք, որ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը դժգոհ է այս ծրա­րէն: Նե­թա­նի­յա­հու անց­նող շա­բաթ լրագ­րող­նե­րուն հետ իր ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած էր, որ Իս­րա­յէլ կա­րիքն ու­նի տա­րե­կան կտրուած­քով 5 մի­լիառ տո­լա­րի, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ա­ւե­լիով զար­գաց­նել իր հե­ռա­հար հրթիռ­նե­րու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը:

 

 Ա­մե­րի­կա­ցի վեր­լու­ծա­բան­ներ Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին դրած պայ­ման­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով կը յայտ­նեն, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­ղած է այս ձե­ւով «պատ­ժե­լ» Իս­րա­յէ­լը եւ այս կեր­պով փոր­ձել զսպել ա­նոր «պա­տե­րազ­մա­կա­ն» ա­խոր­ժակ­նե­րը ու այդ­պէ­սով հե­ռու պա­հել Նե­թա­նի­յա­հու­ի վար­չա­կազ­մին պա­տե­րազմ փայ­փա­յե­լու մտադ­րու­թիւնն ու ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը:

Այս բո­լո­րէն զատ պէտք է նշել նաեւ, որ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Թել Ա­ւի­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար բա­ւա­կան լա­րուած վի­ճակ ստեղ­ծե­ցին եր­կու տա­րի ա­ռաջ պա­ղես­տի­նեան Կա­զզէի մէջ զո­հուած իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուոր­նե­րուն ծնող­նե­րը:

Այդ պա­տե­րազ­մին մինչ շուրջ 2200 պա­ղես­տին­ցի­ներ զո­հուե­ցան (մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ան­զէն քա­ղա­քա­ցի­ներ), ան­դին իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի 67 միա­ւոր­ներ հա­մա­րուե­ցան սպան­նուած: Մին­չդեռ նոյն այս թի­ւին մէջ կա­յին տաս­նեակ զի­նուոր­նե­րու ա­նուն­ներ, ո­րոնց ճա­կա­տա­գի­րը մին­չեւ այս պա­հը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­յայտ: Զո­հուած իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուոր­նե­րու 32 ըն­տա­նիք­ներ միա­ւո­րուե­լով բաց նա­մակ մը յղած են Վար­չա­պետ Նե­թա­նի­յա­հու­ին եւ Պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար Է­վիկ­տոր Լի­պըր­մա­նին, ա­նոնց­մէ պա­հան­ջե­լով ստեղ­ծել յանձ­նա­խումբ մը, թա­փան­ցիկ եւ յստակ կեր­պով հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Կա­զզէի պա­տե­րազ­մին ծանր հե­տե­ւանք­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը ու նաեւ յստակ հա­շուեկ­շիռ մը՝ կա­պուած Իս­րա­յէ­լի կող­մէ պա­տե­րազ­մին հա­մար յատ­կա­ցուած գու­մար­նե­րուն:

Ճիշդ է, որ այս օ­րա­կար­գին դի­մաց Նե­թա­նի­յա­հու չլսե­լու տա­լով կը փոր­ձէ ա­մէն գնով նիւ­թը փա­կել։ Բայց եւ այն­պէս չի բա­ցա­ռուիր, որ այդ իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուոր­նե­րուն նիւ­թը շա­հար­կուի երկ­րին մէջ օ­րըս­տօ­րէ ա­ճող ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ: Տե­ղին է յի­շեց­նել, որ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Իս­րա­յէ­լի ներ­կայ ընդ­դի­մա­դիր հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նոր­դը կը հա­մա­րուի երկ­րի նախ­կին պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար Մո­շէ Եա­հա­լոն, որ կը պատ­րաս­տուի մեծ թա­փով մաս­նա­կցիլ երկ­րին մէջ 5 Նո­յեմ­բեր 2019 թուա­կա­նին կա­յա­ցուե­լիք Քնե­սէ­թի (Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րան) ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Նե­թա­նի­յա­հու-Եա­հա­լոն տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը նոր ձե­ւա­չափ մը կը ստա­նար, երբ պա­ղես­տին­ցի բա­նաս­տեղծ Մահ­մուտ Տա­րուի­շի գոր­ծե­րուն տե­ղա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռէ մը հնչե­լէն ետք (բնա­կա­նա­բար՝ եբ­րա­յե­րէ­նով)։ Մինչ Նե­թա­նի­յա­հու եւ Լի­պըր­մըն Տա­րուի­շի գե­ղա­րուս­տա­կան բարձր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գոր­ծե­րը կը քննա­դա­տէին, ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը Հիթ­լէ­րի «Մէյն Քամ­ֆ­»ին հետ հա­մե­մա­տե­լով, ան­դին Եա­հա­լոն կ՚ը­սէր, թէ ժա­մա­նակն է, որ իս­րա­յէ­լա­ցիք հասկ­նան ա­րաբ բա­նաս­տեղ­ծին խօս­քին խոր­քա­յին ի­մաստն ու պատ­գամ­նե­րը:

Այս բո­լո­րը կը մատ­նեն, որ մինչ Իս­րա­յէ­լի ներ­կայ վար­չա­խում­բը կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տալ իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ հար­ցե­րը զէն­քի ու­ժով կար­գա­ւո­րե­լու ընտ­րան­քին, ան­դին յստակ է, որ քա­ղա­քա­կան նոր հար­թակ ստեղ­ծել փոր­ձող Մո­շէ Եա­հա­լոն գոր­ծող մար­մին­նե­րուն դէմ ե­ղած հա­կակ­րան­քը շա­հար­կե­լով պի­տի փոր­ձէ խօ­սիլ նոր լե­զուով մը:

Թէ որքա­նով Եա­հա­լոն պի­տի յա­ջո­ղի իր թէ­զը յա­ռաջ քա­շել եւ ստեղ­ծել նոր ի­րա­վի­ճակ մը երկ­րի ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ, յստակ չէ, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ Իս­րա­յէ­լի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց հան­դէպ ե­ղած ա­մե­րի­կեան նախ­կին նե­ցու­կը յի­շե­լով պի­տի ապ­րին «նոս­թալ­ժի­ք» վի­ճակ մը:

Իր կար­գին «Հաա­րէթ­ց» պար­բե­րա­կա­նի վեր­լու­ծա­բան Պէն Քսէ­պէթ դի­տել կու տայ, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Կա­զզէի դէմ ե­ղած վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ան­ցած է եր­կու տա­րի, բայց եւ այն­պէս այդ պա­տե­րազ­մի ընդ­հա­նուր ար­դիւնք­նե­րը քննե­լու հա­մար ստեղ­ծուե­լիք ո­րե­ւէ կա­ռա­վա­րա­կան մարմ­նի մը կազ­մու­թեան գա­ղա­փա­րը մեծ սոս­կում կ­­ը յա­ռա­ջաց­նէ Նե­թա­նի­յա­հու­ի մօտ: Ու հա­կա­ռակ սպան­նուած զի­նուոր­նե­րուն ծնող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած բա­ցա­յայտ ճնշում­նե­րուն, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ ու­ժեղ եւ թե­լադ­րա­կան խօսք ու­նե­ցող ընն­դի­մա­դիր ճա­կա­տի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը նոյն­պէս կ՚օգ­նեն, որ այդ ծնող­նե­րուն բար­ձա­ցու­ցած պա­հանջ­նե­րը մնան ստուե­րի տակ:

Բա­ցի ան­կէ, որ Կա­զզէն միշտ ալ Նե­թա­նի­յա­հու­ին հա­մար պա­տե­րազ­մի եւ մկան­նե­րը ցու­ցադ­րե­լու լա­ւա­գոյն թի­րախ է, յստակ է նաեւ, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ո­լոր­տին մէջ ե­ղած ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րը ու յատ­կա­պէս Թել Ա­ւիւ-Ան­գա­րա սկիզբ ա­ռած սառ­ցա­հա­լը կրնայ նաեւ ար­գե­լա­կի դեր կա­տա­րել վար­չա­պե­տին կող­մէ կա­տա­րուե­լիք ո­րե­ւէ նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան դի­մաց: Այս հի­մունք­նե­րը կան, մա­նա­ւանդ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու շատ հա­ւա­նա­բար յա­ջորդ նա­խա­գահն ու իր վար­չա­խում­բը մեծ ճի­գեր պի­տի գոր­ծադ­րեն զսպե­լու հա­մար Իս­րա­յէ­լի պա­տե­րազ­մա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը:

Բա­ցի այս գոր­ծար­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը նշե­լէ, պէտք է նաեւ դի­տար­կել, որ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը նախ­քան այս հա­մա­ձայ­նու­թեան խմբագ­րու­մը, յա­ջո­ղած էր մեծ ճնշում­նե­րու դի­մե­լով Նե­թա­նի­յա­հուի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րա­կար­գէն հե­ռաց­նել շուրջ ութ­սուն գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու ա­ռա­ջարկ-դի­մու­մը, ուր ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծիչ­ներ ստո­րագ­րա­հա­ւաք մը կա­տա­րե­լով ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէին յա­ւե­լեալ օգ­նու­թիւն­ներ տրա­մադ­րել Իս­րա­յէ­լին:

Ա­ւար­տին նշեմ, որ օ­րեր ա­ռաջ հեր­թա­բար Ո­ւա­շինկ­թըն կը ժա­մա­նէին Իս­րա­յէ­լի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ա­ռա­ջին քար­տու­ղար Եա­գուպ Պեն­կալ եւ բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ղա­զի Այ­զըն­քոտ: Այս եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խան­տու­նե­րը ի­րենց ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ պի­տի ստո­րագ­րեն տասն տա­րուան վրայ եր­կա­րող հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, ո­րուն հի­մամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պի­տի շա­րու­նա­կէ նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի իր գլխա­ւոր դաշ­նա­կցին՝ Իս­րա­յէ­լին:

Յստակ է, որ իս­րա­յէ­լեան կող­մը դժգոհ է ստո­րագ­րուե­լիք այս փաս­տա­թուղ­թի պայ­ման­նե­րէն, սա­կայն այս բո­լո­րին դի­մաց ճա­րա­հա­տեալ է ու շուա­րած: Կ­­՚ու­րուագ­ծուի նաեւ, որ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գան կրնայ ո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րու են­թար­կուիլ, ե­թէ նկա­տի առ­նենք իս­րա­յէ­լեան կող­մին տրտնջանք­նե­րը:

Հար­ցին տար­բեր ծալ­քե­րը ա­ւե­լի յստակ պի­տի դառ­նան միայն, երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ընտ­րէ իր նոր նա­խա­գահն ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի յա­տուկ նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ու մինչ այդ Իս­րա­յէլ պի­տի շա­րու­նա­կէ լսե­լի դարձ­նել իր դժգո­հու­թիւն­նե­րը՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այդ դժգո­հու­թիւն­նե­րը մա­նա­ւանդ այս «մե­ռած ե­ղա­նա­կ­»ին գետ­նի վրայ բան մը փո­խե­լու ու­ժը չու­նին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2016