ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ յաղթահարուած ճգնաժամէն վերջ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը պիտի բնորոշէ բեկումնային պահ մը՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսանկիւնէն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով Սեն Փեթերսպուրկի գագաթին ընդառաջ յայտարարեց, որ Էրտողան-Փութին հանդիպումէն կ՚ակնկալուի Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու վերականգնումը։ «Կը սպասուի, որ կարծիքներ փոխանակուին՝ թէ մենք ինչպէ՞ս, ի՞նչ թափով եւ ի՞նչ յաջորդականութեամբ պիտի զբաղինք մեր յարաբերութիւններու վերականգումով», ըսաւ ռուս բանբերը։
Թուրք-ռուսական յարաբերութիւններուն ընթացքը վերջին ամիսներուն առաջնահերթօրէն դիտարկուեցաւ նաեւ այն տեսանկիւնէն, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ։ Անցեալ տարեվերջին ծագած ճգնաժամի օրերուն վերլուծաբանները կը փորձէին կանխատեսումներ ընել՝ Հայաստանի վրայ հաւանական ազդեցութիւններուն շուրջ։ Հիմա, երբ Անգարա եւ Մոսկուա բռնած են յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհը՝ վերստին օրակարգի վրայ է նոյն հարցումը։ American Enterprise Institute հաստատութեան վերլուծաբաններէն Մայքըլ Ռապին համոզուած է, որ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը ձեռնտու է Հայաստանի համար։ «Սա կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանի համար, որովհետեւ եթէ Թուրքիա, Ռուսաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան յայտնուին նոյն կողմին վրայ՝ սա կրնայ տարածքաշրջանային վերադասաւորումներու առիթ հանդիսանալ», ըսաւ վերլուծաբանը «Ամերիկայի ձայնը» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Մայքըլ Ռապինի կանխատեսումներով, հաւանական տարածքաշրջանային վերադասաւորումներէն Հայաստան կրնայ ակնկալել առաջին հերթին ոչ թէ քաղաքական, այլ՝ տնտեսական օգուտներ։ Հակառակ տնտեսական խնդիրներուն, Հայաստան կը շարունակէ ռազմավարական կարեւոր տեղ մը ունենալ եւ խելացի գործելու պարագային՝ Երեւանի իշխանութիւնները կրնան օգուտներ քաղել երկրին համար։ Այս առումով վերլուծաբանին հետ համակարծիք է նաեւ ամերիկացի նախկին դիւանագէտ Ճոն Հերպսթ։ «Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները կ՚երեւի, թէ կը ծառայեն Ատրպէյճանին եւ Վրաստանին», համոզուած է ան։ Բարելաւելով յարաբերութիւնները Անգարայի հետ՝ Մոսկուայի ձեռքերը կրկին կ՚ազատուին տարածքաշրջանէն ներս։ Ռուսական կողմը այսպէսով կրնայ աւելի հաստատակամ ու կոշտ քաղաքականութիւն մը որդեգրել Պաքուի եւ Թիֆլիզի պարագային։
Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն՝ ամերիկացի դիւանագէտը շեշտեց, որ կը տեսնէ անոնց բարելաւման հնարաւորութիւնը եւ նոյնիսկ՝ սահմաններու բացման հաւանականութիւնը։ Այսպիսի քայլ մը Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տեսակէտէ կրնայ հնարաւորութիւն ընձեռել մասամբ ազատուելու այն քննադատութիւններէն, որոնք ներկայիս իրեն կը հասցէագրուին Եւրոպայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Բայց եւ այնպէս, դիւանագէտը կը նշէ, որ այս ուղղութեամբ որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը կը դիտարկէ աւելի լայն համատեսքի մը մէջ։ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ որեւէ քայլ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացի համատեսքով։ Այս երկու հարցերը ուղղակի կապուած չեն իրարու հետ, սակայն մէկուն պարագային յառաջընթացը կարող է ու պէտք է յառաջընթաց ապահովէ նաեւ միւսին ուղղութեամբ», համոզուած է Մեթիու Պրայզա։