ՄՏԵՐԻՄ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

«Մտե­րիմ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ»ը մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի 1937-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի մէջ հրա­տա­րա­կուած յօ­դուա­ծա­շար­քին վեր­տա­ռու­թիւնն է, ուր «Հօր մը իր զաւ­կին հետ» մտե­րիմ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուի։ Այս շար­քէն է ա­հա­ւա­սիկ 25 Սեպ­տեմ­բեր 1937-ին հրա­տա­րա­կուած յօ­դուա­ծը։

Սի­րով կը յի­շենք Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նը եւ այս առ­թիւ կը ներ­կա­յաց­նենք վե­րո­յի­շեալ յօ­դուա­ծը, որ կը պա­րու­նա­կէ հե­տաքրք­րա­կան ու շա­հե­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ։

ՄՏԵ­ՐԻՄ ԽՕ­ՍԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ՀՕՐ ՄԸ ԻՐ ԶԱՒ­ԿԻՆ ՀԵՏ

Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեան

Տղաս, երբ վա­ղը շու­կայ ել­լես, ա­ռա­ջին քայ­լիդ պի­տի տես­նես թէ որ­քան պա­րապ խօսք է «ան­կա­խու­թիւն» ը­սուա­ծը։ Պի­տի տես­նես թէ ան­կախ մարդ չի կայ, ա­մէն մարդ ի­րար­մէ կա­խում ու­նի։

Ճա­շի սե­ղա­նիդ վրայ դրուած շերտ մը հա­ցը՝ ցո­րե­նը ար­տադ­րող հո­ղա­գոր­ծէն մին­չեւ քու տանդ դու­ռը բե­րող հա­ցա­գոր­ծը՝ հա­րիւր հո­գիի ձեռ­քէ կ՚անց­նի։ Ե­թէ ա­նոնց մէկ մա­սը թե­րա­նայ իր գոր­ծին մէջ, այն օ­րը հաց չես գտներ սե­ղա­նիդ վրայ։

Մար­դիկ ի­րար­մէ կա­խում ու­նին շա­հու մը հա­մար միայն, հե­ռա­ւոր կամ մօ­տա­ւոր, նիւ­թա­կան կամ բա­րո­յա­կան շա­հու մը հա­մար։ «Հնդիկ ֆա­քիրն ան­գամ», կ՚ը­սէ Վօլ­թէռ, «շա­հու մը նպա­տա­կով կը տան­ջէ, կը լլկէ իր մար­մի­նը, ա­սի­կա ը­նե­լով կը կար­ծէ որ, երբ մեռ­նի, իր հո­գին 18-րդ եր­կին­քը պի­տի ել­լէ»։­

Ա­մէն մարդ շահ մը ը­նե­լու նպա­տա­կով կը ձեռ­նար­կէ գոր­ծի մը, ու երբ շա­հու տեղ վնաս կ՚ը­նէ, պատ­ճա­ռը այն է որ, սխալ հաշ­ւով ձեռ­նար­կած է իր գոր­ծին եւ մա­նա­ւանդ խա­բուած է ե­րե­ւոյթ­նե­րէ ու, ա­մէ­նէն ա­ւե­լի, շա­հախն­դիր ան­ձե­րու մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րէն։

Եւ հի­մա, տղաս, ո՛ր­քան շատ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ խա­բուե­լու երբ շա­տե­րու, խիստ շա­տե­րու մէջ սա հա­մո­զու­մը կը տի­րէ թէ ուղ­ղամ­տու­թեամբ կա­րե­լի չէ գործ տես­նել, հի­մա, պէտք է քիչ մը ճամ­բան փո­խել, որ կը թարգ­մա­նուի, ի պա­հան­ջել հար­կին, ստել, խա­բել եւ խար­դա­խել։

Ար­դա­րեւ գիր­քի մը մէջ սա տո­ղե­րը կար­դա­ցած եմ.

«Ցա­ւա­լի է ը­սել որ ընդ­հան­րա­ցած նա­խա­պա­շա­րում մը դար­ձած է սա գա­ղա­փա­րը թէ, խար­դա­խու­թեան հա­մե­մով հա­մե­մե­լով է որ մարդ ստա­ցուած­քի տէր կ՚ըլ­լայ։

«Ե­թէ բո­լոր կշիռ­նե­րը, չա­փե­րը, ծա­նու­ցում­նե­րը, ապ­րանք­նե­րու ցու­ցակ­նե­րը, սնտուկ­նե­րը, հա­կե­րը, տա­կառ­նե­րը եւ ա­ռեւտ­րա­կան աշ­խար­հի վե­րա­բե­րող ու­րիշ բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը, ո­րոնք ոչ ուղ­ղամ­տու­թեամբ, այլ փոքր ի շա­տէ խար­դա­խու­թեամբ պատ­րաս­տուած են, յան­կարծ օ­դը հա­նուէին եւ քիչ մը ա­տեն եր­կին­քին վրայ սա­ւառ­նէին, ան­շուշտ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ ա­րե­ւը պի­տի խա­ւա­րեց­նէին եւ, ե­թէ այդ ա­ռար­կա­նե­րը մէ­կէն հրաշ­քով լե­զու ել­լէին եւ միա­բե­րան.- խար­դա­խուա՛ծ ենք, խար­դա­խուա՜ծ, ա­ղա­ղա­կէին, ամ­բողջ տիե­զեր­քը խլաց­նե­լու չափ սոս­կա­լի շռինդ մը պի­տի հա­նէին»։­

Այս­պէս գրուած է շատ լուրջ գիր­քի մը մէջ։

Մենք սա­կայն չա­փա­զան­ցուած պեր­ճա­խօս բա­ցատ­րու­թիւն մը կը նկա­տենք այս խօս­քե­րը, մտա­ծե­լով որ ա­ռեւտ­րա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, ան­կաս­կած, պա­տուա­ւոր մար­դիկ կան եւ ուղ­ղա­միտ գոր­ծառ­նու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լան. բայց գէ­շը հոն է որ «պա­տիւ»ը ա՛յն­պի­սի մո­գա­կան ու հմա­յիչ բառ մըն է եւ «պա­տուա­ւոր» ըլ­լա­լը այն­պի­սի բաղ­ձա­լի վի­ճակ մըն է որ, ա­մէ­նէն գռե­հիկ խա­բե­բա­ներն ան­գամ չեն հան­դուր­ժեր «ան­պա­տիւ» նկա­տուիլ։ «Ան­պա­տիւ նկա­տուիլ»ը մարմ­նա­կան պա­տի­ժէն ա­ւե­լի վախ կը պատ­ճա­ռէ ա­նոնց։

Եւ ճիշդ այս պատ­ճա­ռով, ան­պա­տիւ մար­դիկն ան­գամ պա­տուա­ւո­րի դի­մա­կով պի­տի մօ­տե­նան քե­զի, ի­րենց սու­տե­րը ճշմա­րի­տի քօ­ղին տակ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն քե­զի։

Թէ սու­տը ա­նարգ ու ա­մօ­թա­լի բան է. թէ սուտ խօ­սե­լով մարդ կը կորսնց­նէ իր յարգն ու վար­կը. ա­սոր կաս­կած չկայ։ Հի­նե­րը կ՚ը­սէին. «Որ կա­րողն է ստել, ա­նար­ժան է ընդ թիւ մարդ­կան մտա­նել»։

­Բայց հի­մա ա­ղէկ կամ գէշ տար­բեր կը դա­տուին, ըն­կե­րու­թեան մէջ շի­տակ խօս­քը չէ որ կը փնտռուի, այլ՝ հա­ճե­լի՛ն։ Մա­նա­ւանդ գոր­ծի մէջ պա­րա­գայ կը ներ­կա­յա­նայ ուր սու­տը ա­ւե­լի մեղ­մօ­րէն խօ­սինք, ծած­կամ­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ։

Այս մա­սին իմ միտքս լաւ բա­ցատ­րե­լու հա­մար օ­րի­նակ մը տամ քե­զի։

Կ՚ը­սեն թէ ա­ռիւ­ծին որ­ջը գար­շա­հոտ է։ Ա­ռիւ­ծը գի­տէ ա­սի­կա եւ կ՚ու­զէ այս մա­սին ա­ղուէ­սին կար­ժի­քը առ­նել։ Կը հրա­ւի­րէ զայն ու կը հարց­նէ ա­նոր։ Ա­ղուէ­սը՝ խո­րա­մանկ, ցաւ կը յայտ­նէ որ շա­բա­թէ մը ի վեր գէշ հար­բուխ մը ե­ղած է եւ քի­թը բնաւ հոտ չ՚առ­ներ։

Ա­ղուէ­սը շի­տակ չէր խօ­սեր, ո­րով­հե­տեւ հար­բուխ չէր ե­ղած, նոյ­նիսկ գար­շած էր ա­ռիւ­ծին որ­ջէն, բայց խե՞նդ էր որ շի­տա­կը խօ­սէր, որ­ջին գար­շա­հոտ ըլ­լա­լը ը­սէր եւ ա­ռիւ­ծին կեր ըլ­լար։

Տղա՛ս, գոր­ծի մէջ ալ ա­սանկ պա­րա­գա­ներ շատ կը ներ­կա­յա­նան, գոր­ծի մը սկսե­լու ա­տեն, գործ մը յա­ջողց­նե­լու հա­մար հարկ կ՚ըլ­լայ ճշմար­տու­թիւ­նը ծած­կել, ա­նոր քո­վէն անց­նիլ։ Եւ չխա­բուե­լու հա­մար շատ դիւ­րին չպի­տի ըլ­լայ քե­զի սու­տը շի­տա­կէն, կեղ­ծը հա­րա­զա­տէն, ան­պա­տի­ւը պա­տուա­ւո­րէն զա­տել։

Ե­թէ սու­տը իր մեր­կու­թեան մէջ ներ­կա­յա­նայ քե­զի, մին­չեւ աս­տի­ճան մը դիւ­րին է ճանչ­նա­լը զայն, ո­րով­հե­տեւ գիտ­ցիր որ.

Ա­մէն մարդ ե­րեք լե­զու կը խօ­սի։ Եր­բեմն մին, եր­բեմն միւ­սը, եւ եր­բեմն ալ ե­րե­քը միա­սին կը գոր­ծա­ծէ իր միտ­քը բա­ցատ­րե­լու հա­մար եւ կամ կեղ­ծե­լու հա­մար։
Ա­մէ­նէն ա­ւե­լի լե­զուն է որ կը խօ­սի եւ ա­մէե­նէն խա­բե­բան ա­սի­կա է։ Ան­կէց ետ­քը կու գայ նա­յուած­քը որ զատ լե­զու մը կը ձե­ւաց­նէ։ Ա­սոնց­մէ վերջն է որ կու գայ շար­ժու­մը։

Նա­յուածք­նե­րու եւ շար­ժում­նե­րու լե­զու­նե­րը ո՛չ քե­րա­կա­նու­թիւն ու­նին եւ ոչ ալ բա­ռա­գիրք։ Ա­ռանց ա­սոնց, ա­ռանց ա­սոնք ու­նե­նա­լու պէտք է հասկ­նալ այս լե­զու­նե­րը։ Միայն թէ երբ մարդ մը սուտ խօ­սի, կամ գէշ գործ մը ը­նէ, այն ա­տեն այս ե­րեք լե­զու­նե­րը ի­րա­րու հետ չեն կրնար հա­մա­ձայ­նիլ եւ խա­բե­բա­նե­րուն ու շո­ղո­քորթ­նե­րուն մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն պէտք է ի­րենց նա­յուածք­ներն ու շար­ժում­նե­րը ի­րենց ստա­խօս լե­զուին յար­մարց­նե­լու հա­մար։

Ճար­տա­րա­միտ բա­րո­յա­խօս մը, այս մի­ջո­ցը ցոյց կու տայ սուտն ու ստա­խօ­սը ճանչ­նա­լու հա­մար։ Միայն թէ ա­սի­կա կա­րե­լի է ը­նել երբ սու­տը կը ներ­կա­յա­նայ մե­զի իր մեր­կու­թեա­նը մէջ, բայց կան «ռա­ֆի­նէ» սու­տե­րը, ա­մե­րի­կեան սու­տե­րը ո­րոնք ա­ւե­լի գոր­ծա­ծա­կան են գոր­ծի մէջ, կան մեր զգա­յա­րանք­նե­րը ո­րոնց խա­բէու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յա­նան մե­զի։ Ա­նոնց վրայ կ՚ու­զեմ քե­զի յա­ջոր­դիւ խօ­սիլ։

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ», 25 Սեպ­տեմ­բեր 1937

Ա­հա­ւա­սի՛կ մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նին, նոյն այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ հրա­տա­րա­կուած, մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 տա­րի ա­ռա­ջուան յօ­դուա­ծա­շար­քէն հա­տուած մը։ Բա­րե­բախ­տա­բար լաւ տի­պար­ներ ու­նե­ցեր է այս տրուպ գրի­չը, լա՛ւ ու­ղե­ցոյց­ներ՝ մեծ­հայ­րիկ մը եւ հայ­րիկ մը, ո­րոնց­մէ շա՜տ բան ստա­ցած է եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ ստա­նալ։

Այս գրի­չը շա՜տ բան ու­նի սոր­վե­լիք իր ե­րա­նե­լի ծնող­նե­րէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 29, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2016