ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՒ ՎՐԱՅ

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կ՚ո­գեշն­չէ ամ­բողջ աշ­խար­հը,
 թե­ւեր կու տայ հո­գիին, իսկ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան՝ թռիչք: Ան կա­րե­լի է ա­նուա­նել՝ վսե­մի եւ
­գե­ղե­ցի­կի մարմ­նա­ւո­րում:

ՊՂԱ­ՏՈՆ

Լոն­տո­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գի աշ­խա­տա­կից­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ցոյց տուած են, որ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն ստա­նա­լը եւ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծի­քի վրայ նուա­գե­լը կը նպաս­տէ մար­դու շար­ժում­նե­րու կողմ­նո­րոշ­ման բա­րե­լաւ­ման: Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նուա­գե­լու ժա­մա­նակ ձեռ­քե­րը եւ մատ­նե­րը կը կա­տա­րեն բազ­մա­թիւ մանր զգա­յա­կան շար­ժում­ներ, աջ եւ ձախ ձեռ­քե­րը միա­ժա­մա­նակ կը կա­տա­րեն տար­բեր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ՝ կա­պուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան բնոյ­թին, ուժգ­նու­թեան եւ ա­րա­գու­թեան: Ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծի­քի վրայ նուա­գե­լը բա­րեն­պաստ ազ­դե­ցու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ ու­ղե­ղի գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, կը բարձ­րաց­նէ մար­դու մտա­յին ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նաց­ման վրայ:

Ի­տա­լա­ցի ա­նուա­նի ջու­թա­կա­հար Նի­քո­լօ Փա­կա­նի­նին ընդ­հան­րա­պէս ա­շա­կերտ­ներ չ՚ու­ներ, իսկ ա­ւե­լի ստոյգ միայն մէ­կը՝ նուա­գա­խում­բի մէջ նուա­գող ե­րի­տա­սարդ ջու­թա­կա­հար մը: Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան կը հե­տապն­դէր մեծ ե­րա­ժիշ­տը՝ ա­ղա­չե­լով, որ զինք ըն­դու­նի որ­պէս ա­շա­կերտ… Վեր­ջա­պէս մեծ վար­պե­տը կը հա­մա­ձայ­նի: Մէկ տա­րուան տքնա­ջան աշ­խա­տան­քէ ետք նուա­գա­խում­բին մէջ նուա­գող ջու­թա­կա­հա­րը կը դառ­նայ ար­հես­տա­վարժ ե­րա­ժիշտ եւ կը սկսի իր ե­լոյթ­նե­րուն մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ: Եւ երբ նո­րա­թուխ ե­րա­ժիշ­տին կը հարց­նեն Փա­կա­նի­նիի աշ­խա­տե­լա­կեր­պի մա­սին, ան կարճ ձե­ւա­կեր­պում մը կու տայ. «Փա­կա­նի­նին սոր­վե­ցուց ին­ծի կեդ­րո­նաց­նել ու­շադ­րու­թիւնս»:

Ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւ­նը կը զար­գաց­նէ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը, կողմ­նո­րո­շու­մը, յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ ինչ­պէս նշուե­ցաւ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նա­ցու­մը: Ե­րաժշ­տա­կան պա­րապ­մունք­նե­րը կը զար­գաց­նեն այս շատ կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պէտք են ոչ միայն ե­րա­ժիշ­տին, այլ նաեւ ո­րե­ւէ մաս­նա­գի­տու­թեամբ զբա­ղող մար­դու հա­մար: Ան զինուած այս յատ­կա­նիշ­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ իր կեան­քի ու­ղին:

Անգ­լիա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րը պար­զած են, որ եր­կու տա­րե­կան փոք­րիկ­նե­րը ե­րաժշ­տու­թեան նուա­գակ­ցու­թեան ներ­քոյ ա­ւե­լի ա­րագ ըն­թաց­քով կրնան յի­շել նոր բա­ռեր եւ ա­ռան­ձին ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, եւ ե­կած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ փոք­րիկ­նե­րու պար­բե­րա­բար ե­րաժշ­տու­թեան պա­րապ­մունք­նե­րը՝ շա­բա­թը մէկ կամ եր­կու ան­գամ, կ՚օգ­նեն հարս­տաց­նե­լու ա­նոնց բա­ռա­պա­շա­րը: Նաեւ կը զար­գաց­նեն թուա­բա­նա­կան հմտու­թիւն­նե­րը, լսե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու իւ­րա­ցու­մը: Փոք­րիկ­նե­րու խօ­սակ­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման նպա­տա­կով ի­րա­կա­նա­ցուած են փոր­ձար­կում­ներ:

Պա­րապ­մունք­նե­րու ըն­թաց­քին գոր­ծա­ծե­լով ե­րաժշտա­կան նուա­գա­րան­ներ, ունկնդ­րե­լով ե­րաժշ­տա­կան տար­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ եւ եր­գեր՝ փոք­րիկ­նե­րը սկսած են ճանչ­նալ ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն եւ ա­ւե­լի մօ­տէն ու դիւ­րին հա­ղոր­դակ­ցիլ ի­րա­րու հետ: Ինչ­պէս կը նշեն հե­տա­զօ­տող­նե­րը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը շփման այն ձե­ւե­րէն է, որ խթան կը հան­դի­սա­նայ ե­րա­խա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու իր ան­ձին եւ այլ ե­րա­խա­նե­րու հետ:

Ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիա՝ հո­գե­կան ինք­նա­բա­ւա­րա­րուա­ծու­թեան լա­ւա­գոյն մի­ջոց, որ կ՚օգ­նէ ձեր­բա­զա­տիլ բա­ցա­սա­կան զգա­ցում­նե­րէ եւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ձե­ւա­կեր­պել «ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիա» եզ­րը: Ան ու­նի յու­նա­լա­տի­նա­կան ծա­գում եւ կը թարգ­մա­նուի՝ ե­րաժշ­տու­թեամբ բու­ժում (musical therapy): Գիտ­նա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ, որ ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիան օգ­նող մի­ջոց է նաեւ հո­գե­բու­ժու­թեան (psychotherapy):

Յոյն գիտ­նա­կան եւ փի­լի­սո­փայ Փիւ­թա­կո­րա­սը ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ հաս­տա­տեց ե­րաժշ­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մար­դու հո­գե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման: Ա­րիս­տո­տէ­լը կը վստա­հեց­նէր, որ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի մար­դու զար­գաց­ման վրայ: Հայ բժշկա­գի­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը՝ Մխի­թար Հե­րա­ցին նոյն­պէս նշած է ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիա­յի դրա­կան եւ կա­րե­ւոր դե­րին մա­սին:

Գո­յու­թիւն ու­նին ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիա­յի եր­կու հիմ­նա­կան ձե­ւեր՝ ներ­գոր­ծա­կան (active) եւ կրա­ւո­րա­կան (passive): Ներ­գոր­ծա­կան ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիան ու­նի հո­գե­թե­րա­փիա­յի ուղ­ղուա­ծու­թիւն՝ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ կը կա­յա­նայ ե­րաժշ­տա­կան կտո­րի վե­րար­տադ­րու­թեամբ՝ սե­փա­կան ձայ­նով կամ ո­րե­ւէ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծի­քի օգ­նու­թեամբ, նաեւ՝ ե­րաժշ­տու­թեան բնոյ­թին հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժո­ղա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րով: Կրա­ւո­րա­կան ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիան կ՚են­-թադ­րէ ե­րաժշ­տու­թիւն ունկնդ­րե­լու, ըն­կա­լե­լու ըն­թաց­քը՝ հո­գե­բուժ­ման նպա­տա­կով: Ե­թէ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ճիշդ ընտ­րուած է, կը մեղ­մաց­նէ լա­րուա­ծու­թիւ­նը, ջղագրգ­ռու­թիւ­նը, կը բարձ­րաց­նէ դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, նաեւ կը վե­րա­կանգ­նէ շնչա­ռու­թիւ­նը:

Ժա­մա­նա­կա­կից վկա­յու­թիւն­նե­րը՝ հիմ­նուած հնա­գոյն գի­տե­լիք­նե­րու վրայ, ցոյց կու տան, որ տար­բեր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­ներ զա­նա­զան ազ­դե­ցու­թիւն­ներ կը ձգեն մար­դու օր­կա­նիզ­մի ինք­նազ­գա­ցո­ղու­թեան վրայ: Օ­րի­նակ՝ հա­րուա­ծա­յին նուա­գա­րան­նե­րը կրնան ա­պա­գա­յի նկատ­նամբ յա­ռա­ջաց­նել կա­յու­նու­թեան, հաս­տա­տա­կա­մու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւն­ներ, աշ­խու­ժու­թիւն եւ ուժ կու տան մար­դուն: Փչո­ղա­կան նուա­գա­րան­նե­րը կը ձե­ւա­ւո­րեն զգա­ցա­կան աշ­խար­հը: Մե­տա­ղեայ փչո­ղա­կան նուա­գա­րան­նե­րը ան­հուն ե­ռանդ, աշ­խու­ժու­թիւն կ՚արթնց­նեն մար­դուն մէջ: Ստեղ­նա­շա­րա­յին նուա­գա­րան­նե­րը, յատ­կա­պէս դաշ­նա­մու­րը, հզօր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վրայ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ դաշ­նա­մու­րա­յին հնչո­ղու­թիւ­նը մա­թե­մա­թի­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն կը կո­չուի, իսկ դաշ­նա­կա­հար­նե­րը կը դա­սա­կար­գեն այն խա­ւին, որ օժ­տուած է յստակ դա­տո­ղու­թեամբ եւ ճկուն յի­շո­ղու­թեամբ: Լա­րա­յին նուա­գա­րան­նե­րը ու­ղիղ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին սրտի վրայ, յատ­կա­պէս ջու­թա­կը, թաւ­ջու­թա­կը եւ կի­թա­ռը մար­դուն մէջ կը զար­գաց­նեն կա­րեկ­ցու­թեան եւ բա­րու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Աւստ­րիա­ցի հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշտ Վոլֆ­կանկ Ա­մա­տէուս Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, հիաս­քանչ իր պար­զու­թեամբ, գերբ­նա­կան ուժ կը բո­վան­դա­կէ իր մէջ: Ըստ ա­մե­րի­կա­ցի հե­տա­զօ­տող բժիշկ Ֆրան­ցիս Ռաու­շե­րի, Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը բնե­րե­ւոյթ է (phenomenon) հնչիւն­նե­րու դրա­կան ազ­դե­ցու­թեան կեն­դա­նի օր­կա­նիզ­մի վրայ: Ան կը զար­գաց­նէ միտ­քը, կը բարձ­րաց­նէ մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, օժ­տուած է ցա­ւազր­կող ազ­դե­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ՝ տե­սո­ղու­թեան վե­րա­կանգ­ման կա­րո­ղու­թեամբ:

Պատ­կե­րաց­նենք պահ մը, որ այ­ցե­լած ենք բժիշ­կի, եւ ան ո­րո­շա­կի հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք մե­զի կու տայ դե­ղա­գիր մը: Հա­յեացք մը կը նե­տենք բո­վան­դա­կու­թեան, այն­տեղ կը տես­նենք մէկ ա­նուն՝ Մո­ցարթ: Զար­մա­ցած կը նա­յինք բժիշ­կին, իսկ ան կը հաս­տա­տէ. «Ա­յո՛, Մո­ցարթ՝ եր­կու ան­գամ օ­րը մէ­կա­կան ժամ»: Կը մտա­ծենք՝ ան­հե­թե­թու­թիւն է, նման բան հնա­րա­ւոր չէ: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, Չի­նաս­տա­նի դե­ղա­րան­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է տես­նել ե­րաժշ­տա­կան սկա­ւա­ռակ­ներ, ո­րոնք կը կո­չուին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րով՝ «Մար­սո­ղա­կան», «Ե­րի­կա­մունք», «Լեարդ», «Սիրտ», «Թո­քեր»… Չի­նա­ցի­նե­րը «կ՚ըն­դու­նին» այդ ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը որ­պէս դե­ղա­հա­տեր կամ դե­ղա­բոյ­սեր: Նոյ­նու­թեամբ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ Ճա­բո­նի եւ Հնդկաս­տա­նի մէջ:

Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թեան ցնցող ազ­դե­ցու­թիւ­նը ի յայտ ե­կած է ոչ վաղ ան­ցեա­լին եւ ամ­բող­ջո­վին չէ բա­ցատ­րուած: Սա­կայն փաստ է, որ Մո­ցար­թի ե­րաժըշ-տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ի­րենց ա­պա­քի­նող զօ­րու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցեն բո­լոր միւս հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշտ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Փաս­տուած է, որ Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ ան­բա­ւա­րար ծան­րու­թիւն ու­նե­ցող ե­րա­խա­նե­րուն՝ բա­րե­լա­ւել ի­րենց մարմ­նի ծան­րու­թիւ­նը եւ զօ­րաց­նել զայն:

Կա­տա­րուած է փոր­ձար­կում, ո­րուն ըն­թաց­քին շուրջ քսան նո­րա­ծին­ներ, ո­րոնք ծնած են վա­ղա­ժամ, բաժ­նած են եր­կու խում­բե­րու: Ա­ռա­ջին խում­բին հա­մար ստեղ­ծած են հնա­րա­ւո­րու­թիւն օ­րը կէս ժամ լսե­լու հան­ճա­րեղ Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, իսկ երկ­րորդ խում­բը զրկուած էր այդ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն: Քա­նի մը օր ետք պար­զուած է, որ Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ունկնդ­րած խում­բի փոք­րիկ­նե­րը ա­ւե­լի հան­դարտ ե­ղած են, ուս­տի վատ­նած են քիչ քա­նա­կով ու­ժա­նիւթ՝ հա­մե­մա­տու­թեամբ երկ­րորդ խում­բի նո­րա­ծին­նե­րուն: Բժշկա­կան տե­սան­կիւ­նէն դի­տուած, երբ ե­րա­խան քիչ քա­նա­կով ու­ժա­նիւթ կը սպա­ռէ, շատ ջեր­մու­ժի անհը-րա­ժեշ­տու­թիւն չ՚ու­նե­նար, հե­տե­ւա­բար ան շատ ա­ւե­լի ա­րագ ծան­րու­թիւն կ՚ա­ւելց­նէ եւ կ՚ա­ճի:

Հե­տաքրք­րա­կան դրուագ մը կա­պուած ֆրան­սա­ցի ա­նուա­նի դե­րա­սան Ժե­րար Տե­փար­տիէօ­ի կեան­քէն՝ դեռ 60-ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն մե­ծա­նուն դե­րա­սա­նը բա­նա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թեան (խօ­սակ­ցա­կան) խնդիր ու­նե­ցած է, նոյ­նիսկ՝ չկա­րո­ղա­նա­լով նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ար­տա­յայ­տել եւ ի­րենց ա­ւար­տին հասց­նել իր թո­թո­վու­թեան պատ­ճա­ռով: Դե­րա­սա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը կը բա­ցատ­րէին հար­ցին թոյլ տուող պատ­ճառ­նե­րը՝ ըն­տա­նե­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, անձ­նա­կան ան­յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ու­սում ստա­նա­լու խնդիր­ներ, ցած ինք­նագ­նա­հա­տում: Այս բո­լո­րով հան­դերձ, Տե­փար­տիէօ­ի միակ ցան­կու­թիւնն էր դե­րա­սան դառ­նալ, բայց լե­զուա­կան այդ­պի­սի խնդի­րո՞վ… Դե­րա­սա­նա­կան վար­պե­տու­թեան իր ու­սու­ցի­չը զայն կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ Փա­րիզ՝ յայտ­նի բժիշկ Ալֆ­րետ Թո­մա­տի­սի մօտ, որ իր կեան­քի եր­կար տա­րի­նե­րը նուի­րած էր ե­րաժշ­տա­դար­ման­ման մա­սին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով եւ յատ­կա­պէս՝ Մո­ցար­թի հրա­շա­գործ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը հե­տա­զօ­տե­լով:

Տե­փար­տիէօի հի­ւան­դու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք ան ը­սած է. «Ես կ՚ու­զեմ, որ դուք ա­մէն օր այ­ցե­լէք բու­ժա­րան, քա­նի մը շա­բաթ տե­ւո­ղու­թեամբ եւ իւ­րա­քան­չիւր օր եր­կու ժամ Մո­ցարթ ունկնդ­րէք»: Հա­կա­ռակ Տե­փար­տիէօի զար­ման­քին, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, յա­ջորդ օրն իսկ ան այ­ցե­լեց Թո­մա­տի­սի կեդ­րոն, որ­պէս­զի սկսի բուժ­ման՝ ունկնդ­րե­լով հռչա­կա­ւոր ե­րա­ժիշ­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Քա­նի մը ա­միս անց ար­դիւն­քը ապ­շե­ցու­ցիչ էր՝ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը դար­ձած էր յստակ եւ սա­հուն:

Տե­փար­տիէօն ինք­նավս­տահ վե­րա­դար­ձաւ դե­րա­սա­նա­կան դպրոց եւ ա­ւար­տե­լով ու­սու­մը դար­ձաւ սի­ր-ւած եւ հան­րա­յայտ դե­րա­սան:

Վոլֆ­կանկ Ա­մա­տէուս Մո­ցարթ. ե­րա­խայ մը, որ օժտուած էր աս­տուա­ծա­յին շնորհ­քով: Դեռ տաս­ներ­կու տա­րե­կա­նը չբո­լո­րած, ստեղ­ծեց՝ օ­փե­րա­ներ, սիմ­ֆո­նիա­ներ, քոն­չեր­թո­ներ, սո­նաթ­ներ դաշ­նա­մու­րի հա­մար, ե­րաժշ­տու­թիւն եր­գե­հո­նի հա­մար, քլա­րի­նէթի եւ այլ գոր­ծիք­նե­րու հա­մար: Կար­ծես գիտ­նա­լով, որ դա­տա­պար­տուծ է վա­ղա­ժամ մա­հուան, աշ­խար­հին պար­գե­ւեց զար­մա­նա­լի եւ անկրկ­նե­լի գան­ձեր, ո­րոնց հզօր ու­ժը եւար­ժէ­քը պար­տինք գնա­հա­տել մենք եւ մեր յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը:

ԳԱ­ՅԵԱ­ՆԷ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԵԱՆ-ՄԱՐ­ԿՈ­ՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016