ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՒԱՔ

Պա­քուի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մըն է այս մէ­կը։ Ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րը միաս­նա­բար տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր ի­րա­րու մի­ջեւ կ՚ու­նե­նան նաեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց­ներ։ Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Հա­սան Ռու­հա­նի այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի հա­ւա­քէն օր մը կա­նուխ մեկ­նե­ցաւ Պա­քու, ուր ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, նաեւ գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնց ներ­կա­յու­թեամբ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր ստո­րագ­րուե­ցան։ Պա­քուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ա­լիեւ յայտ­նեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ ի­րա­զե­կած է Ռու­հա­նին։ Իր կար­գին, Ռու­հա­նին ալ յայտ­նեց, որ Ի­րան պատ­րաս­տա­կամ է իր հնա­րա­ւո­րը ը­նե­լու՝ նպաս­տե­լու հա­մար ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի լուծ­ման։ Թեհ­րան կը խրա­խու­սէ այս ուղ­ղու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­հա­նի յայտ­նեց, որ Ի­րան կը պաշտ­պա­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ պատ­րաստ է իր կա­րե­լին ը­նե­լու՝ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։

Պա­քուի այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի հա­ւա­քին ըն­դա­ռաջ Վլա­տի­միր Փու­թին հար­ցազ­րոյց մը տուաւ Ատր­պէյ­ճա­նի լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, թէ Մոս­կուա չի փոր­ձեր ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման պատ­րաս­տի լու­ծում­ներ պար­տադ­րել Ատր­պէյ­ճա­նին եւ Հա­յաս­տա­նին։ Այս հար­ցին շուրջ հար­կա­ւոր են հա­ւա­սա­րակշ­ռուած փոխ­զի­ջում­ներ։ «Կող­մե­րը պէտք է ի­րենք հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նին, ա­ռանց ար­տա­քին ճնշման, գտնեն փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի լու­ծում մը. սա է մեր հաս­տատ դիր­քո­րո­շու­մը», ը­սաւ Փու­թին։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ռուս ղե­կա­վա­րը մատ­նան­շեց, թէ իր եր­կի­րը մե­նաշ­նոր­հի չի յա­ւակ­նիր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծում մը գտնե­լու հար­ցին մէջ։ Ան ը­սաւ, որ ռու­սա­կան կող­մը կ՚աշ­խա­տի ա­րեւմ­տեան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ ու կը յու­սայ, թէ միաս­նա­կան ջան­քե­րով լու­ծում մը պի­տի գտնուի։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը չեն պատ­րաս­տուիր մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին այ­ցե­լել հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան, սա­կայն նա­խա­գահ­նե­րու նոր հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով աշ­խոյժ շփման մէջ կը գտնուին հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ։ Ո­ւոր­լի­քի կող­մէ մա­տու­ցուած այս տուեա­լը հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ Պա­քուի այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին տե­սա­կէ­տէ։ Փու­թին, որ վեր­ջին ան­գամ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կազ­մա­կեր­պած էր նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը, այ­սօր կը մէկ­տե­ղուի Ա­լիե­ւի հետ։ Չո­րեք­շաբ­թի օրն ալ ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը։ Ռուս ղե­կա­վա­րի շփում­նե­րուն լոյ­սին տակ հա­ւա­նա­կան կրնայ դառ­նալ նա­խա­գահ­նե­րու նոր տե­սակ­ցու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, Պա­քուի մէջ այ­սօր նա­խա­տե­սուած է նաեւ Փու­թին-Ռու­հա­նի հան­դի­պու­մը։ Վեր­ջին շրջա­նին Մոս­կուա եւ Թեհ­րան հա­մա­ձայ­նե­ցան՝ Ի­րա­նի մէջ ութ նոր ա­թո­մա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման ծրագ­րե­րուն շուրջ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016