Հանրահաւաք
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ օրակարգին թիւ մէկ նիւթը։ Ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի բացայայտման գործընթացը, ձախող պետական հարուածի լայնածաւալ հետաքննութիւնը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը գտնուին հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին։ Պետական ու հանրային մարմիններէն ներս յառաջ կը տարուին զտման աշխատանքներ, նաեւ արտակարգ դրութեան մթնոլորտին մէջ ձեռք կ՚առնուին բազմակողմանի նախազգուշական միջոցներ, կը պատրաստուին զանազան կառոյցներու համակարգային վերակառուցման ծրագիրները՝ որպէսզի բացառուին կրկնութեան հաւանականութիւնները եւ ամբողջ երկիրը երաշխաւորուած ըլլայ նման ցնցումներէ զերծ պահուելու ուղղութեամբ։ Ազգի կամքին դրսեւորումներու խափանման վտանգին կանխումը ներկայիս ակնյայտ առաջնահերթութեան մը վերածուած է Թուրքիոյ մէջ։
Այն ինչ որ պատահացաւ Յուլիսի 15-ին՝ տակաւին երկար պիտի պայմանաւորէ երկրին երթը։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդի պատմութեան գրեթէ բոլոր բեկումնային պահերը բնորոշած են պետական հարուածները։ Երկրին ճակատագիրը ճշդուած է այնպիսի իրավիճակներու մէջ, երբ ժողովրդավարութիւնը ընդհատուած է։ Նոյնիսկ սահմանադրութիւնները ընդունուած են այդպիսի ծանր ժամանակաշրջաններու մէջ։ Ներկայ վիճակը այս առումով աննախընթաց է։ Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կը նշանակէ յաղթահարուած մեծ փորձութիւն մը։ Այս արդիւնքին մէջ անուրանալի է ժողովուրդին դերը եւ իր կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն ղեկավարման ձեռնհասութիւնը։ Եթէ նախորդ պետական հարուածներուն ժամանակ պետութիւնն ու ժողովուրդը կը հակադրուէին, ապա այս անգամ արդէն նոյն ճամբարին մէջ էին՝ ուս-ուսի։
Օրինակելի հակասութիւններ ալ կ՚ապրուին այս շրջանին՝ մէջ մէջի։ Հիմնական հանգամանքը այն է, որ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է երկրին մէջ։ Անշուշտ, հակասութիւնը առ երեւոյթ է։ Հանրային կարծիքը, ընդհանրապէս, համոզուած է՝ որ արտակարգօրէն ազդու եւ արդիւնաւէտ պայքարի մը անհրաժեշտութեան բերումով հաստատուած է արտակարգ դրութիւնը։ Յետոյ, զէնքի պարտադրութեամբ հաստատուած արտակարգ դրութիւն մը չէ այս մէկը։ Երկրին օրակարգն ալ թէեւ դարձած է որոշ չափով միաառանցք, սակայն գերակայ նպատակի մը վրայ լարուած է ամբողջ հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Եթէ պետական հարուածը չձախողէր, ապա ժողովրդավարութիւնը պիտի ընդհատուէր՝ երկիրը մատնելով անորոշութեան։ Բարեբախտաբար, ներկայիս ժողովրդավարութիւնը չէ ընդհատուած, ընդհակառակն՝ մեծագոյն զէնքը դարձած է այժմու առաջնահերթութիւններու ճանապարհին պայքարելու ուղղութեամբ։ Ատեն-ատեն ժողովրդավարութեան ստորոգելիներուն առումով հարցականներ կը ծնին, սակայն յանուն ժողովրդավարութեան երկրին մէջ հնարաւոր է պահանջել ամէն ինչ։ Այսինքն՝ չափանիշը, մեկնակէտը կը շարունակեն մնալ ժողովրդավարութիւնը։ Արտակարգ շրջանի գործադրութիւնները կը դիտարկուին, կ՚արժեւորուիի իրաւունքի եւ օրինականութեան տեսանկիւնէն։ Եթէ պետական հարուածի փորձը կասեցուած չըլլար, ապա ո՛չ յանուն ժողովրդավարութեան պահանջ ներկայացնելու, ո՛չ ալ իրաւունքի եւ օրինականութեան մասին խօսելու կարելիութիւնը պիտի ըլլար։ Աւելի՛ն, կարելիութենէն անդին, այդպիսի տրամաբանութիւն մը պիտի չգործէր։ Արտակարգ վիճակները միշտ ալ կրնան ծնունդ տալ անցումային դժուարութիւններու, իսկ Թուրքիան այսօր գնահատելի նպատակասլացութեամբ կը զանազանէ մնայունն ու գնայունը։ Հասարակութիւնը հասունութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը նկատէ, որ բաժակին լեցուն բաժինը աւելի է ու կան լաւատեսութեան հիմքեր։
Յաղթահարուած վտանգին հասած համեմատութիւնները յաչս հանրային կարծիքին կը բիւրեղանան աստիճանաբար, ինչ որ զարմանքը կը թողու ի զօրու։ Միւս կողմէ, այդպիսի վտանգի մը դիմադրած ըլլալը մեծ ինքնավստահութիւն մը կու տայ երկրին։ Այս երկուքի խաչաձեւման կէտին վրայ Թուրքիա կը ձգտի շուտով բնականոն հունի վերադարձնել իր կեանքը։ Շաբաթավերջին այս առումով տեղի ունեցան երկու անանտեսելի իրադարձութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան լրագրողներու հետ զրուցելով՝ յայտնեց, որ այս գործը տակաւին վերջնականօրէն աւարտած չի համարեր ու յառաջիկային պիտի առնեն նաեւ նոր քայլեր։ Միւսն ալ երէկուան մեծ հանրահաւաքն է, որ ժողովրդավարութեան անգերազանցելի ցոյցի մը վերածուեցաւ։ Այս երկու երեւոյթներուն համադրութիւնը հետեւեալն է. վերապահութիւնն ու ինքնավստահութիւնը առանց թուլացնելու՝ Թուրքիա յամառ քայլերով պէտք է ընթանայ բնականոնացման ճանապարհին։ Տնտեսութեան մէջ արձանագրուած տոկունութիւնը լաւ ուղեցոյց մը կը համարուի այս առումով։
Երէկուան Ենիգաբուի հանրահաւաքը անվիճելիօրէն անկիւնադարձ մըն է Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան երթին տեսանկիւնէն։ Տեսակաւորութեան եւ անկեղծութեան հաւասարակշռութեան մէջ է այդ յաջողութեան գրաւականը։ Բոլորը նոյն հարթակին վրայ համախմբուած էին՝ ահազանգային վտանգի մը հասարակաց յայտարարին վրայ։ Բոլորը իրենց խօսքը ըսին թէ՛ առանց թաքցնելու եւ թէ առանց վիրաւորանքի։ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր շեղած էր սկզբունքի հունէն եւ այսօր այդ հունին մէջ վերականգնուած է քաղաքականութեան հոսքը։ Սա անանտեսելի ձեռքբերում մըն է՝ ներկայ դժուարին պահուն։ Այդ ձեռքբերման խորհրդանշական ու պատկառելի պատկերն էր երէկուան բեմահարթակին զանազանութիւնը։
Ներկայ մտահոգութիւնները փարատելու, ինքնավստահութիւնը խորացնելու եւ բնականոնացման ճանապարհին վրայ ամրապնդուելու առումով բոլոր դրական նախադրեալները նոյնաժամանակ յայտնուեցան երէկուան միասնականութեան համայնապատկերին վրայ։ Այդ միասնականութեան շարունակութիւնը գրաւականն է՝ երկրին համար աւելի կատարեալ ապագայ մը կեռուցելու, ծայրայեղութիւնները բացառելու, խտրականութիւնները մէկ կողմ ձգելու, հասարակութեան բոլոր խաւերը յոյսով ու լաւատեսութեամբ տոգորելու համար։ Թուրքիոյ լուսաւոր ապագան կը խմորուի միասնականութեան այս մեծ փորձառութեան պտուղներուն շնորհիւ։ Շարժման թափը կը պայմանաւորէ նոր Թուրքիա մը կառուցելու եռանդը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024