ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԲՋԻՋ
Կարգ մը միութիւններ կամ ընկերութիւններ անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդուն բնութեան։
Այս հաւաքականութիւններու կամ միութիւններու մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ «ընտանիք»ը։
Ինչպէս հաւաքական-ընկերային կեանքը անհրաժեշտ է մարդուն, որպէս անոնց սկզբնական բջիջ՝ ընտանիքը կենսական է եւ հարկաւոր մարդուն գոյապահպանման եւ սերունդին գոյատեւման համար։
Մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ապահովելու համար հարկ է քաջալերել ընտրովի ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն ստեղծումը, տնտեսական, մշակութային, ընկերային-հասարակական, մարզական, ժամանցային, արհեստաւորական, քաղաքական նպատակներով, թէ՛ քաղաքական հասարակութիւններէ ներս, թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ։ Այս «ընկերականացում»ը կ՚արտայայտէ նաեւ «բնական ձգտում»ը՝ որ կը մղէ մարդիկը «ընկերութիւն» կազմելու՝ հասնելու համար նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն անհատական կարողութիւնները։
Կը զարգացնէ, կ՚ազնուացնէ անձին յատկութիւնները ընկերային-հասարակական կեանքը մանաւա՛նդ՝ անոր նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին։ Ան կը սատարէ մարդուն ազատութիւնը եւ իրաւունքները երաշխաւորելու։
Ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին. ո՛չ մէկ կասկած, ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին։
Ան բնական ընկերութիւնն է՝ ուր այր-մարդը եւ կին-մարդը ինքնանուիրումի կոչուած են սիրոյ եւ կեանքի պարգեւին մէջ։ Ուստի ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը, կայունութիւնը եւ փոխյարաբերութիւններու կեանքը կը կազմեն ազատութեան, իրաւունքի, ապահովութեան, եղբայրութեան, մարդասիրութեան հիմերը ընկերութեան ծոց՛ին մէջ։
Արդարեւ ընտանիքը այն հասարակութիւնն է՝ որուն մէջ, մանկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բարոյական արժէքները, սկսիլ պատուել Գերագոյն Էակը՝ Աստուած եւ լաւ գործածել ազատութիւնը եւ վայելել իրաւունքը։
Այս իմաստով՝ ընտանիքին կեանքը նախապատրաստութիւն եւ նախավարժութիւն մըն է ընկերութեան կեանքին։ Ուստի ընտանիքի մէջ կը հասնին ապագայ արժէքները՝ որոնք պիտի սատարեն, պիտի նպաստեն ընկերութեան։
Ընտանիքը պարտաւոր եւ պատասխանատու է այնպէս ապրիլ՝ որ իր անդամները սորվին հոգը եւ հոգածութիւնը երիտասարդներուն եւ տարեցներուն, հիւանդներուն, անկարներուն կամ հաշմանդամ անձերուն եւ անոք, անտէր, անօգնական աղքատներուն։ Բազմաթիւ են այն ընտանիքները՝ որոնք որոշ ատեն մը ի վիճակի չեն ըլլար այս օգնութիւնը հայթայթելու։ Այն պարագային՝ ուրիշ անձեր, ուրիշ ընտանիքներ եւ «օժանդակաբար ընկերութիւն»ը՝ հոգալու, խնամելու են անոնց կարիքները։
Յակոբոս Տեառնեղբօր ընդհանրական նամակին մէջ գրուած է. «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկակ՛ան բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է, եւ աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելը» (ՅԱԿ. Ա 27)։
Ուստի պէտք է օգնել ընտանիքին եւ զայն պաշտպանել՝ ընկերային յատուկ եւ պատշաճ միջոցներով։ Փոխ օժանդակութեան սկզբունքին հիման վրայ, աւելի մեծածաւալ հասարակութիւններ պիտի զգուշանան, որ միջամուխ չըլլան ընտանիքին կեանքէն ներս։ Իսկ ընտանիքին փոխյարաբերութիւնները առաջ կը բերեն զգացումներու, գորովի եւ շահերու մօտիկութիւն մը՝ որ կը բխի մանաւանդ անձերուն փոխադարձ յարգանքէն։
Ընտանիքը «առանձնաշնորհեալ հասարակութիւն» մըն է, կոչուած՝ ամոլներուն միջեւ իրականացնելու «մտածումներու բաժնեկցութիւն»ը, ինչպէս նաեւ ուշադիր գործակցութիւնը ծնողներուն՝ զաւակներուն կրթութեան կարեւոր հարցով։
Մարդկային հասարակութիւնները կազմուած են անձերէ։ Անոնց բարւոք կառավարումը չի սահմանափակուիր միայն իրաւունքներուն երաշխաւորութեամբ եւ պարտականութիւններուն կատարումով, այլ նաեւ՝ համաձայնագրերու կատարեալ հաւատարմութեա՛մբ։ Պաշտօնատէրներուն եւ պաշտօնեաներուն, ապա ղեկավարներուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ արդա՛ր յարաբերութիւնները կ՚ենթադրեն բնական բարեհաճութիւնը՝ որ համապատասխանէ մարդկային անձերու արժանապատուութեան, որոնք նախանձախնդիր են յատկապէս արդարութեան եւ եղբայրութեա՛ն։
Եւ այս հիման վրայ հաստատուած ընտանիքն է, որ կանգուն կը պահէ ընկերութիւնը։
Ընտանիքը մարդ էակին համար բնական միջավայր մըն է նախապատրաստուելու համերաշխութեան եւ կեանքին հասարակական պատասխանատուութիւններուն։
Ուստի պէտք է զգուշանալ սկզբունքի զիջողութիւններէ եւ արժեզրկումներէն՝ որոնք կը սպառնան մարդկային ընկերութիւններուն։
Ընտանեկան կապերը թէեւ կարեւոր են, սակայն բացարձակ չեն։ Ինչպէս որ զաւակը աճելով կ՚ուղղուի դէպի ի՛ր հասունութիւնը եւ ի՛ր մարդկային եւ հոգեւոր «ինքնավարութիւն»ը, այնպէս ալ Աստուծմէ տրուած անոր յատուկ կոչումը կը բացայայտնուի աւելի՛ պայծառութեամբ եւ ուժգնութեամբ։ Այսպէս, անոնք հետզհետէ կը զարգանան եւ կ՚աճին իրենց կոչումին համաձայն։
Արդարեւ քաղաքացիական հասարակութիւնը պարտականութիւնը ունի պատուելու ընտանիքը՝ օգնելու անոր եւ յատկապէս ապահովելու անոր ազատութիւնը եւ իրաւունքը։ Այս ազատութեան եւ իրաւունքի գլխաւոր առարկան է՝ ընտանիք մը հիմնելու ազատութիւնը եւ կրթելու զաւակները ըստ իր բարոյական եւ կրօնական յատուկ համոզումներուն։ Քաղաքացիական հասարակութեան պարտականութիւնն է նաեւ՝ ամուսնական կապին եւ ընտանեկան կայունութեան պաշտպանութիւնը եւ տեւականութիւնը ապահովել, պաշտպանութիւնը նաեւ առողջապահութեան եւ ապահովութեան մանաւանդ ընդդէմ կարգ մը վտանգներու։
Ուստի ընտանիքի ամէն մէկ անդամ «անհատ» մը չէ՛, այլ՝ «անձ» մը՝ որ իր ճանչցուած ծագումով կ՚արժանանայ իւրայատուկ ուշադրութեան եւ յարգանքի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2016, Իսթանպուլ