ՀԱԼԷՊ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԴԺՈՒԱՐ «ՊԱՏԱՌ»Ը
Հալէպի մէջ գրանցուող զինուորական մարտերը դարձեալ ստիպեցին, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա ու աւելի վերջ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած ելոյթներով խօսին տեղի ունեցող արագ զարգացումներուն մասին: Հալէպի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները նոր թափ կը ստանային յատկապէս, երբ Սուրիոյ կառավարական ուժերը չորս տարուան յաճախ անդուլ ու շատ յաճախ արգելքներու դիմաց յայտնուող ճիգերէ ետք կրցան գրաւել Քասթելօ ճանապարհի հատուածը: Այդ ճամբան, որ վերջին ամիսներուն նաեւ ծանօթ էր որպէս «մահուան ճանապարհ»՝ նեղ կացութեան մէջ պիտի մատնէր Հալէպի շրջակայքը գտնուող արմատական բոլոր ուժերը:
Թէեւ այդ պաշարման օղակը սպասելի էր, սակայն ընդդիմադիր ջոկատներուն համար կար այն մօտեցումը, որ Սուրիոյ բանակը պիտի չյաջողի երկար ժամանակով իր տիրապետութեան տակ պահել այդ հատուածը:
Խնդիրը աւելիով կը բարդանար, մանաւանդ, որ այդ ճանապարհային հատուածին փակումով ընդդիմադիր ուժերը կը զրկուէին իրենց համար մէկ ու միակ շունչ տուող ճանապարհէն: Առանց այդ հատուածին անոնք բնականաբար պիտի իյնային պաշարման ծուղակին մէջ ու բոլոր իմաստներով բռնէին սպառման ճամբան:
Գետնի վրայ իր ներկայութիւնը ռուսական օդուժին օգնութեամբ աւելի ամրացնող Սուրիոյ բանակը Քասթելոյի գրաւումէն օրեր անց կը գրաւէր նաեւ «Լայրամուն» անունով յայտնի ճարտարարուեստական աւանը, ուր կը տիրապետէր ընդդիմադիրներու զէնքի պահեստանոցներուն, բայց մանաւանդ ձեռնաշէն տարբեր տեսակի արկերու տասնեակ գործարաններու: Այս բոլորէն ետք էր, որ քսանի հասնող ընդդիմադիր զինուորական խմբաւորումներ կը միաւորուէին եւ կը յայտարարէին «Հալէպի բացման ճակատամարտ»ին մասին: Կը կատարուէին տասնեակ գրոհներ եւ ընդդիմադիր կայքէջեր կը գրէին, որ մինչեւ այս պահը կատարուած են չորս հիմնական գրոհներ:
Այդ ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ ընդդիմադիրներ Իտլիպի մէջ կը յաջողէին վար առնել ռուսական ուղղաթիռ մը, ու ծանր պայմաններու տակ սպաննել ուղղաթիռին մէջ եղող հինգ ռուս բանակայինները:
Անոնք այդքանով չգոհանալով «ԵուԹուպ» ցանցին վրայ կը տեղադրէին ռուս զինուորներուն դէմ եղած անիրաւ արարքները եւ նոյնիսկ պատերազմական կանոններով արգիլուած տեսարանները կը դառնային հանրութեան սեփականութիւն:
Մինչ այդ, Սուրիոյ բանակը՝ միշտ ռուսական օդուժին օգնութեամբ ծանրօրէն կը հարուածէր «Ալ Հըքմէ» վարժարանին մօտ եղող հատուածները եւ ուժգին հարուած կու տար տեղւոյն ընդդիմադիրներուն: Արմատական խմբաւորումները իրենց կարգին կրակէ օղակի տակ կ՚առնէին Հալէպի «Ալ Համատանիյէ» շրջանը, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին զոհերուն թիւը կը հասնէր վաթսունի. մեծաւ մասամբ՝ քաղաքայիններ:
Միջազգային հանրութիւնը, որ մինչ այդ բաւականին հեռացած էր Սուրիոյ մէջ եղած զարգացումները քննարկելէ, ահազանգ կը հնչեցնէր կապուած՝ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմէ մեծաւ մասամբ սիւննի բնակչութիւն ունեցող շրջաններու պաշարման: Մէկէ աւելի ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներ այդ մասին հաղորդագրութիւններ հրապարակելով կը յայտնէին, թէ այդ շրջաններու բնակիչները յայտնուած են սովամահ ըլլալու վտանգին տակ: Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի (Լիկան, որ անունը կայ կամ «ամանում» չկայ) յատուկ բանագնաց՝ Սթեֆան Տէ Միսթուրայի առաջին տեղակալ՝ Ռամզի Ըզ Ալ Տին լրագրողներուն կը յայտնէր, թէ իրենք շատ կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն Հալէպի մէջ վերստին հրադադար յայտարարելու համար: Ըզ Ալ Տին նաեւ դիտել կու տար, որ հակառակ տագնապահար վիճակին, իրենք իրաւունք չունին յուսալքուելու ու պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնեն յաջողցնելու համար հրադադարը:
Իրենց կարգին մարդասիրական բազմաթիւ առաքելութիւններ կը յայտնէին, որ իշխանութեանց կողմէ «պաշարման» տակ անցած տասնչորս շրջաններու անհրաժեշտ օժանդակութիւններ առաքուած են, բայց ռազմական բարդ դրութեան հետեւանքով օգնութիւնները հասած են միայն չորս շրջաններ:
Զինուորական գետնի վրայ կատարուող զարգացումներուն առընթեր Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներու մասին ծանր լուր մը շրջանառութեան մէջ կը դրուէր: Այսպէս, ըստ «Արեւելք» կայքէջի Հալէպի աղբիւրին՝ բանակին մէջ ծառայող երկու հայ զինուորներ վիրաւորուած են: Դէպքը տեղի ունեցած էր «Ալ Հըքմէ» վարժարանին մօտ եւ մինչեւ այս պահը այդ տղոց մասին յստակ տուեալներ չկան: Մինչ Հալէպի «Գանձասար» պարբերականը հայկական լրատուական ծառայութիւններէն կը խնդրէր լռութիւն պահել նման «անստոյգ» լուրի մը վերաբերեալ, անդին «Արեւելք» կայքէջը միշտ իր աղբիւրներուն յղում ընելով կը յայտնէր, որ զինուորներէն մին վիրաւորուած է, իսկ երկրորդ զինուորին մասին տեղեկութիւններ չկան: Նշեալ կայքէջը նաեւ կը գրէր, որ մղուելով խորհրդապահական մօտեցումէ մը, իրենք որոշած են այս հանգրուանին զինուորներուն անունները չտալ: Տարբեր մօտեցումներ կան այս խնդրին վերաբերեալ, սակայն յստակ է նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանակները այս փուլին որոշած են այս նիւթին մասին չարտայայտուիլ:
Ամէն պարագայի ինչ որ ալ ըլլան վարկածները, հայ անհատներու կամ զինուորներու մասին նման ծանր լուրեր լսելը ցնցիչ է բոլորիս համար: Սուրիան ու մասնաւորապէս Հալէպը կը գտնուին պատերազմական ամենէն ծանր փուլի մը մէջ: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ Հալէպի այս ճակատամարտը կը համարեն «մայր ճակատամարտաց» ու յստակ է նաեւ, որ Հալէպի մէջ կարեւոր յաղթանակ տանող կողմը (յաղթանակը պէտք է դնել չակերտի մէջ) վստահաբար Սուրիոյ յառաջիկայ լուծումներու հանգրուանին կարեւոր խօսք եւ ըսելիք պիտի ունենայ:
Գալով քաղաքական թատերաբեմին, պէտք է դիտարկել, որ այսօր Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ սպասուած հանդիպման կարեւոր օրակարգերէն մին պիտի ըլլայ Սուրիան: Թուրքիոյ նախագահը երկրին մէջ եղած ձախող յեղաշրջման փորձէն ետք առաջին անգամն է, որ նման գագաթնային հանդիպման մը պիտի երթայ։ Էրտողան լաւ գիտէ, թէ մանաւանդ այս փուլին, Մոսկուայի հետ խօսակցութիւնն ու բանակցութիւնները իրենց դրական անդրադարձը կրնան ունենալ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանին համար: Այստեղ չմոռնանք յիշել, որ Մոսկուա-Անգարա լարուածութեան գագաթնակէտին հասնելուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ Սուրիոյ հարցին հանդէպ երկու ղեավարներուն տարբեր տեսակէտները:
Ու ներկայիս երկու նախագահները լաւ կ՚ըմբռնեն, որ Սուրիոյ տագնապին նման բարդ հարցի մը առջեւ իրենց կեցուածքներուն նոյնութիւնը կամ առնուազն կարծիքներու համատեղումը դրական մեծ ալիք մը պիտի դառնայ երկու հիմնական դերակատարներուն համար: Հանգրուանի մը, ուր Միացեալ Նահանգներ ամէն օր աւելիով կը խրի իր նախագահական ընտրութեանց «տիղմին» մէջ, շատ հաւանական է, որ Անգարա եւ Մոսկուա մտածեն միասին նոր մօտեցումներով խօսիլ Սուրիոյ արիւնոտած վէրքին մասին:
Թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ Սուրիոյ նախագահին ճակատագիրը, յստակ չէ: Թէ ի՛նչ հիմունքներով կը վերսկսին Ժընեւի բանակցութիւնները, դարձեալ յստակ չէ… Միայն մէկ բան պարզ է, որ գետնի վրայ շատ բան կրնայ փոխուիլ Էրտողան-Փութին հանդիպումէն ետք:
Այս առումով է նաեւ, որ Մոսկուա նախաձեռնութիւնը վերցնողի իր հին-նոր դերը ստանձնելով պիտի հասնի իր հին մուրազին, որն է՝ խօսիլ սիւննիներուն հետ: Թուրքիոյ նախագահը եւս կարեւոր առիթ ունի բոլոր սիւննիներուն համակարգող առաջնորդը դառնալու:
Ասկէ անդին այսօր նաեւ յստակ է, որ Հալէպի մէջ ընթացող մարտերուն բոլոր կողմերը անխտիր կը փորձեն դրական միաւորներ կուտակել:
Այդ միաւորները շուտով կրնան քաղաքական խաղաքարտի վերածուիլ, պայմանաւ, որ Էրտողան-Փութին հանդիման աւարտին սպիտակ ծուխ բարձրանայ եւ դրական նոր նշաններ երեւին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան