ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց երեք նոր գիրքեր՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Այդ գիրքերէն մին կը կոչուի «Հայոց նոր վկաները (1155-1843)»։ Այս ժողովածոյին գրաբար բնագիրը կազմուած է աշխատասիրութեամբ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ անցեալին դասախօսած երկու հեղինակաւոր հայագէտներու՝ Յակոբ Մանանդեանի եւ Հրաչեայ Աճառեանի։ Անոնք սուրբ նահատակներու վկայաբանութիւնները քաղած են ձեռագրերէ, պատմիչներու աշխատութիւններէ եւ «Յայսմաւուրք»ներէ։ Այդ բոլորը 1903 թուականին հրատարակուած են Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ժողովածոն աշխարհաբարի վերածած է Գէորգ Թոսունեան։
Գիրքին մէջ ամփոփուած են 1155-1843 թուականներուն քրիստոնէութեան համար աւելի քան 140 նահատակուածներու վկայաբանութիւնները։ Ներկայացուած նահատակները, ենթարկուելով սարսափելի տանջանքներու, վախճանած են բարի խոստովանութեամբ ի Քրիստոս։ Այս արժէքաւոր ժողովածոն տպուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։
Միւս գիրքը կը կոչուի «Թիֆլիզի հայկական Մողմու Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Նշան եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)»։ Արմէն Ասատրեանի կողմէ լոյս ընծայուած այս ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է նոյնպէս «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։ «Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները» շարքի հերթական գիրքն է այս մէկը, որ ամփոփ աշխատութիւն մըն է նուիրուած՝ Թիֆլիզի երկու յայտնի հայկական եկեղեցիներու տարեգրութեան ու պատմութեան։ Առաջին անգամ մանրամասն ներկայացուած է Ս. Գէորգ եւ Ս. Նշան եկեղեցիներու պատմութիւնը՝ հիմնադրումէն մինչեւ մեր օրերը։ Արխիւային վաւերագրերու հիման վրայ հեղինակը ներկայացուցած է միաբաններու եւ երեսփոխաններու գործունէութեան վերաբերեալ փաստեր, ինչպէս նաեւ անոնց ծառայական ցուցակները եւ տեղեկութիւններ ընտանեկան դրութենէն։ Առաջին անգամ տպագրուած է Թիֆլիզի ամենանշանաւոր հայկական այս երկու եկեղեցիներու 1841 թուակիր ծխականներու ցուցակը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ տեղեկութիւններ եկեղեցապատկան կալուածներու եւ եկեղեցական ծխական դպրոցներու գործունէութեան մասին։
Այս աշխատութիւնը հարուստ է ինչպէս Երեւանի Մատենադարանի, այնպէս ալ Հայաստանի Ազգային արխիւի մօտ ի պահ դրուած բազմաթիւ անտիպ վաւերագրերով, նախախորհրդային մամուլի նիւթերով եւ հին լուսանկարներով։
Երրորդ գիրքն է «Վարդապետք հայոց հիւսիսային կողմանց եւ անոնց ինքնութիւնը» աշխատութիւնը։ 20-րդ դարու երեւելի կովկասագէտ Լեւոն Մելիքսեթ-Բեկի կողմէ վրացերէնով գրի առնուած է այս գործը։ Թարգմանութիւնը կատարած է Հրաչ Պայրամեան։ Անուանի կովկասագէտի այս երկը առաջին անգամ Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած էր 1928 թուականին։ Հեղինակը հետազօտած է 11-13-րդ դարերու հայ-վրացական գիտական, գրական եւ պատմամշակութային յարաբերութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերոյիշեալ դարերու մէջ գիտական ասպարէզ իջած հայ վարդապետներու գործունէութեան։ Այս հետազօտութիւնը անհասանելի էր այն հայագէտներուն համար, որոնք վրաց լեզուն չեն գիտեր։ Մինչդեռ այս գործին թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը թոյլ կու տան արժեւորելու հայ-վրացական պատմագրական նուաճումներէն մին։ Այս գիրքն ալ հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամին մեկենասութեամբ։