ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓ
Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ «Հայտար Ալիեւ» կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած այս եռակողմանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական համագործակցութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ հարցեր։ Առաջին անգամ այս ձեւաչափով կազմակերպուեցաւ գագաթաժողով մը, որու արդիւնքին ընդունուեցաւ համատեղ հռչակագիր մը։ Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ կանգ առին նաեւ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներու ծրագրերուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ։
Գագաթաժողովի տանտէրը՝ Ալիեւ ելոյթին մէջ մատնանշեց միջազգային ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ աւելցուց, թէ այդ մէկը կարելի է յաղթահարել համագործակցութեամբ։ Ան համագործակցութեան համար կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ու միեւնոյն ժամանակ Փութինին եւ Ռուհանիին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իր հրաւէրին ընդառաջած ըլլալու բերումով։ «Այսօր պատմական օր մըն է։ Մեր երկիրները յառաջ կը տանին յաջող համագործակցութիւն մը եւ զիրար կը պաշտպանեն։ Մեր տեսակցութիւնը պիտի նպաստէ մեր երկիրներու տնտեսական զարգացման։ Կրնանք կեանքի կոչել հասարակաց նախագծեր», ըսաւ Ալիեւ, որ խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնահարուած է երկար տարիներէ ի վեր։ ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած՝ բռնագրաւումը դադրեցնելու վերաբերեալ չորս որոշումները ի զուր կը համարուին։ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ առկայ վիճակը անընդունելի է։ Խնդիրը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի կանոններուն շրջագծով եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ», ըսաւ Ալիեւ։
Հասան Ռուհանի Պաքուի մէջ նշեց, որ հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն զարգացումը առաջնահերթութիւն մըն է Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Հետեւաբար, Թեհրան կը խրախուսէ այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք հետամուտ են հարեւաններու հետ համագործակցութեան ամրապնդման։ Ռուհանի առաջարկեց եռակողմանի յաջորդ գագաթաժողովի Իրանի մէջ կազմակերպումը։
Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ կարեւորեց այս եռակողմանի տեսակցութիւնը։ Ըստ իրեն, հանդիպումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ որպէսզի այս երեք երկիրները համակարգեն լայն նշանակութեամբ նիւթեր։ Ռուս ղեկավարի խօսքերով, Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ մեկնարկը կու տան եռակողմանի համագործակցութեան մը ձեւաչափին։ «Անտարակոյս այսօր նոր էջ մը կը բանանք մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Նման ձեւաչափի մը կարիքը կար։ Երեք երկիրներն ալ պատրաստակամ են՝ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներու շուրջ համագործակցութիւն հաստատելու, նաեւ բազմակողմանի առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւններ ամրապնդելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան։
Մինչեւ տարեվերջ Աստանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կասպից ծովու ափակից հինգ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Եզերակից պետութիւններու ղեկավարները պիտի փորձեն լուծում մը գտնել Կասպից ծովու վերջնական կարգավիճակի որդեգրումը խոչընդոտող խնդիրներուն համար։ Հետեւաբար, Պաքուի երէկուան հանդիպումը Աստանայի հնգակողմ հանդիպումէն առաջ կը ներկայացնէր կարեւորութիւն։ Ռուսաստան որդեգրած է այն քաղաքականութիւնը, թէ Կասպից ծովէն անցնելիք բոլոր խողովակաշարներու պարագային պէտք է անհրաժեշտ ըլլայ հաւանութիւնը ափամերձ բոլոր երկիրներուն։ Ատրպէյճան եւ Իրան ունին կարգ մը տարաձայնութիւններ այս նիւթին շուրջ։
Պաքուի երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին օրակարգի կարեւոր նիւթերէն մին էր Հիւսիս-հարաւ երկաթուղիի կառուցման ծրագիրը։ Երեք ղեկավարները մանրամասնօրէն քննարկեցին այս նիւթը։ Ռուսաստան, Իրան եւ Հնդկաստան 2000 թուականին համաձայնութեան հասած էին այս նախագծին շուրջ։ Աւելի վերջ աստիճանաբար այդ ծրագրին ներգրաւուած էին նաեւ Սպիտակ Ռուսիա, Ղազախիստան, Տաճիկիստան, Խրղըզիստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Երեք ուղղութիւններէ բաղկացեալ, ընդհանուր առմամբ 7 հազար 200 քիլօմեթր երկարութեամբ ցանցի մը կը վերաբերի խօսքը։ Արեւմտեան ուղղութիւնը կ՚ենթադրէ Աստրախանի եւ Մահաչքալէի վրայով երկաթուղիի մը կառուցումը դէպի Ատրպէյճան-Իրան սահմանը։ Ռուսաստան եւ Իրան քննարկումներ կը ծաւալեն Ատրպէյճանի տարածքով անցնելիք այս նոր երկաթուղիի գծին շուրջ։
Պաքուի երէկուան գագաթաժողովի օրակարգի կարեւորագոյն նիւթերէն մին ալ կը վերաբերէր Հիւսիս-հարաւ ուժանիւթի միջանցքի ձեւաւորման։ Արդարեւ, կը նախատեսուի այս երեք երկիրներու ելեկտրական ցանցերու համաժամանակեցումը։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ «Թրենտ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, թէ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան մաս կը կազմեն այն կարեւորագոյն երկիրներու շարքին, որոնք կը զարգացնեն իրենց յարաբերութիւնները Իրանի հետ։ Զարիֆի խօսքերով, Հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջանցքը կը համարուէր Պաքուի գագաթաժողովի օրակարգի հիմնական նիւթերէն մին։ հիւսիսային Եւրոպայի եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն միջեւ երկաթուղային անխափան կապ պիտի ապահովէ այս ծրագիրը, որուն շնորհիւ պիտի միանան Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի երկաթուղիները։ Ծրագրի առաջին հանգրուանին կը նախատեսուի տարեկան 5 միլիոն թոն բեռն փոխադրելու տարողութիւնը։
ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Գագաթաժողովի աւարտին հրապարակուած հռչակագրին մէջ երեք ղեկավարները կարեւորեցին Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի կարճ ժամանակի ընթացքին յստակեցումը։
Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ մատնանշեցին, որ չկարգաւորուած հակամարտութիւնները կը խոչընդոտեն տարածքաշրջանի զարգացումը։ Հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին փութով, բանակցութիւններու միջոցաւ եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն շրջագծով։
Ռուսաստան, Իրան եւ Ատրպէյճան որոշած են գործարար, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս զարգացնել եռակողմանի համագործակցութիւնը։ Երեք երկիրներու քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնութիւններու դրութեան պարզեցման գործընթացին տեւականացումն ալ կարեւորուեցաւ նախագահներուն կողմէ։
Կողմերը հաւասար ու փոխադարձ շահերու հիման վրայ պատրաստակամ են ամրապնդել իրենց համագործակցութիւնը տնտեսութեան զանազան ճիւղերուն մէջ, ներառեալ ուժանիւթն ու փոխադրութեան միջանցքները։
Հռչակագրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ, որ տարածքաշրջանային եւ միջազգային հարթութեան վրայ այս երեք երկիրները նպաստ կ՚ապահովեն բնական կազի շուկայի կայունութեան համար։ Կողմերը նոր փորձագիտութիւններու օգտագործումը կը խրախուսեն՝ բնական կազի փոխադրութեան եւ արտադրութեան պարագային։
Տնտեսութեան եւ բնապահպանութեան տեսակէտէ ձեռնտու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ստեղծման ուղղութեամբ կողմերը կը խրախուսեն տարածքաշրջանային փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու համարկումը։ Մոսկուա, Թեհրան եւ Պաքու մտադիր են ազդու քայլեր առնելու՝ Հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջանցքին վրայ ուղեւորներու եւ բեռներու փոխադրութեան կարելիութիւնները բարելաւելու համար։ Բաց աստի, Հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջազգային նրբանցքի նշանակութեան բարձրացման համար կողմերը կը փափաքին կեանքի կոչել նոր ծրագրեր՝ երկաթուղիներու միացման առընչութեամբ։