ՈՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յաղթահարուած ճգնաժամէն վերջ այս ժամադրութիւնը կու գայ վերահաստատել սառցահալը։ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ սա նոր սկիզբ մըն է։
Էրտողան-Փութին ժամադրութիւնը մագնիսացուցած է ամբողջ միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։ Արդարեւ, ոչ միայն երկկողմանի կամ տարածքաշրջանային, այլ նաեւ ընդհանրապէս համաշխարհային հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու նախագահներուն տեսակցութիւնը։
15 Յուլիսի պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ առաջին անգամ Էրտողան կ՚իրականացնէ արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ որեւէ փաստաթուղթ կամ համաձայնագիր պիտի չստորագրուի։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները պիտի խօսին յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ ու պիտի ճշդեն ճանապարհային քարտէս մը։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած է Էրտողանի եւ Փութինի համատեղ մամլոյ ասուլիսը, որմէ վերջ անոնք պիտի մէկտեղուին նաեւ երկու երկիրներու գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը վերակենդանացնելու առընթեր Էրտողան եւ Փութին կարծիքներ պիտի փոխանակեն միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթօրէն ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացուի Սուրիոյ իրադրութեան վրայ։ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն ռուսական մամուլին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշեց, թէ բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան աշխարհին միջեւ ներկայիս լուրջ վերիվայրումներ կ՚ապրուին՝ միջազգային մամուլը առանձնայատուկ վերաբերմունք ցոյց կու տայ Էրտողան-Փութին տեսակցութեան նկատմամբ։ Այսօրուան հանդիպման արդիւնքներուն լոյսին տակ Արեւմուտքը պիտի փորձէ ըմբռնել, թէ սա մարտավարակա՞ն տեսակցութիւն մըն է կամ աւելի խոր ռազմավարական համագործակցութեան մը սկիզբը։
Սեն Փեթերսպուրկ մեկնելէ առաջ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան։ Ան ըսաւ, թէ նոր էջ մը պիտի բացուի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Պատմական այցը նոր սկիզբի մը առիթը պիտի հանդիսանայ։ Հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ առանց Ռուսաստանի անկարելի է կարգաւորել Սուրիոյ ճգնաժամը։ Միեւնոյն ժամանակ նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց, որ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին ժամանակ Փութին ամենաարագ ձեւով արտայայտած է իր զօրակցութիւնը։
Երկու ղեկավարներուն դէմ առ դէմ հանդիպումը վճռորոշ ազդակ մը պիտի հաղորդէ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու վերականգնման գործընթացին՝ շուրջ ութ ամսուան ճգնաժամէ մը վերջ։ Մեծ ակնկալութիւններ կան այս հանդիպման արդիւնքներէն։ Էրտողան-Փութին հանդիպման վրայ դրուած յոյսերը դժուար թէ ձախողին, որովհետեւ արդէն նոր յուսախաբութիւն մը անհանդուրժելի է կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, արդիւնքներուն շուրջ յոռետեսութեան հիմքեր չկան, սակայն բոլորը կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ թափով յառաջ պիտի տարուին ապագայ գործընթացները։
Սեն Փեթերսպուրկի ժամադրութեան ընդառաջ թրքական կողմը, ներառեալ Էրտողան, կարեւորութեամբ կանգ առին նաեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն վրայ։ Արդարեւ, «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագրի վերակենդանացումը այս շրջանին կը ներկայացնէ ճակատագրային նշանակութիւն։