ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԱՊԱՏԱՑՈՒՄ

Կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պան­ներ եւ գիտ­նա­կան­ներ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեա­կէ ի վեր ա­հա­զանգ կը հնչեց­նեն մար­դուն կող­մէ կեն­սո­լոր­տի ա­պա­կան­ման ի­րո­ղու­թեան դի­մաց, որ սկսած է երկ­րա­գուն­դը ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի ա­նա­պա­տա­ցում:

Շնոր­հիւ ա՛յն հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք կա­տա­րուե­ցան ու կը շա­րու­նա­կուին կա­տա­րուիլ կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պան շար­ժում­նե­րուն կող­մէ, եւ օ­րըս­տօ­րէ փաս­տա­ցի դար­ձող կեն­սո­լոր­տա­յին ծայ­րա­յեղ ե­րե­ւոյթ­նե­րու պատ­ճա­ռով, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ աշ­խա­տանք կը տա­րուի հաս­տա­տե­լու հարկ ե­ղած օ­րէնք­նե­րը եւ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող կա­ռոյց­նե­րը՝ յա­ռա­ջի­կայ դա­րե­րու մարդ­կու­թիւ­նը փրկե­լու հա­մար նա­խորդ եւ ներ­կայ դա­րե­րու մարդ­կու­թեան ե­սա­կեդ­րոն չա­րիք­նե­րէն:

Մինչ երկ­րա­գուն­դի ան­վե­րա­դարձ ա­նա­պա­տաց­ման դէմ պայ­քա­րը մուտք գոր­ծած է թէ­կուզ եւ խա­բու­սիկ ու տա­կա­ւին կաղ գոր­ծըն­թա­ցի մը մէջ, ան­դին՝ երկ­րա­գուն­դը կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւով ղե­կա­վա­րե­լու եւ հա­կակշ­ռե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ, ին­չո՞ւ չէ, նաեւ փառ­քը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­պա­կան­ման եւ ա­նա­պա­տաց­ման դէմ պայ­քա­րը տա­կա­ւին չի գտնուիր նոյ­նիսկ նա­խայ­ղա­ցու­մի փու­լի սե­մին:

Նա­խորդ եր­կու շա­բաթ­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը, պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րը, հա­մա­ցան­ցը եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը օգ­տա­գոր­ծուե­ցան երկր­դա­գուն­դի հա­սա­րա­կու­թեան հրամց­նե­լու հա­մար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ կա­յա­ցող Հան­րա­պե­տա­կան եւ Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­նե­րը, ո­րոնց հիմ­նա­կան նպա­տակն էր օ­րի­նա­կա­նաց­նել եւ պաշ­տօ­նա­կա­նաց­նել զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը: Յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տեան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը ան­դա­դար ռմբա­կո­ծե­ցին հան­դի­սա­տե­սը ի­րեր­յա­ջորդ հար­ցազ­րոյց­նե­րով, այս­պէս կո­չուած՝ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րով եւ առ­հա­սա­րակ լրա­տուու­թեամբ, ո­րոնք ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով առըն­չուած էին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հետ:

Հան­դի­սա­տե­սը ցա­սու­մով կը սպա­սէր, որ աշ­խար­հի մէկ այլ տա­րած­քին վրայ տե­ղի ու­նե­նայ ա­հա­բեկ­չա­կան կամ խա­փա­նա­րա­րա­կան դէպք մը, որ­պէս­զի քա­նի մը ժամ գո­նէ շունչ քա­շէ՝ գլու­խը դուրս հա­նե­լով վե­րո­յի­շեալ ռմբա­կո­ծում­նե­րէն մրո­տած մի­ջա­վայ­րէն:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քոյր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­նե­րը, ա­նոնց ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուած ֆոլք­լո­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­գու­մար­նե­րու ա­ւար­տին եր­կինք­նէն տե­ղա­տա­րափ կեր­պով տե­ղա­ցող փու­չիկ­ներն ու քոն­ֆե­թի­նե­րը նո­րու­թիւն­ներ չեն: Ո՛չ ալ նո­րու­թիւն­ներ են ցե­խար­ձա­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին օգ­տա­գոր­ծուած ո­ճը եւ հա­րուստ բա­ռամ­թերքն ու փա­ռամ­թեր­քը:

Նո­րու­թիւ­նը՝ ճա­ռե­րուն ընդ­մէ­ջէն ար­տա­ցո­լող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­նա­պա­տա­ցումն էր:

Բո­լո­րիս ծա­նօթ է, որ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յիս քիչ բան կը պա­րու­նա­կէ իր եր­բեմ­նի յու­նա­կան ար­մա­տէն, ո­րուն մտա­սե­ւեռու­մը կը կազ­մէր քա­ղա­քա­ցին: Ստի­պո­ղա­բար հա­մո­զուած ենք քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­քիա­ւել­լա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան, թէ ան ո­չինչ ու­նի բաժ­նեկ­ցե­լու բա­րո­յա­կա­նու­թեան եւ բա­րո­յա­խօ­սու­թեան հետ: Կը հաս­տա­տենք, որ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շա­րա­հիւ­սու­թիւնն է ա՛յն գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը մի­տին իշ­խա­նու­թեան հասց­նել հա­սա­րա­կա­կան անձ մը կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, եւ զա­նոնք պա­հել իշ­խա­նու­թեան վրայ: Քա՛ջ գի­տենք, որ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը չէ, թէ­կուզ եւ ան հան­դէս գայ որ­պէս մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով:

Սա­կայն չենք կրնար ըմբռ­նել ա՛յն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դա­տար­կուած է գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թե­նէ:

Սկսե­լով մի­ջին դա­րե­րու ա­ւար­տէն, երբ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սկսած էր թօ­թա­փել աշ­խար­հիկ կամ կրօ­նա­կան միա­պե­տա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը եւ վե­րա­ծուիլ հա­սա­րա­կա­կան եւ հան­րա­յին գոր­ծա­դաշ­տի, գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցած էր որ­պէս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ող­նա­սիւ­նը: Հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ շա­րու­նակ, զա­նա­զան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­ներ, շա­տեր՝ ի­րա­րու հա­կա­դիր, ու­րիշ­ներ՝ զի­րար ամ­բող­ջաց­նող եւ լրաց­նող, ծրագ­րած եւ յղկած էին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Յա­րա­բե­րա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան բա­ռամ­թեր­քը հարս­տա­ցած էր զա­նա­զան պա­րա­գա­նե­րու տակ այ­լա­զան ի­մաստ­ներ կրող բա­ռե­րով՝ «աջ, ձախ, ա­զա­տա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան, պահ­պա­նո­ղա­կան, ազ­գա­յին, ազ­գայ­նա­մոլ, հա­մայ­նա­վար եւ այլն»: Իսկ վեր­ջերս, երբ ա­ռա­ջին նշոյլ­նե­րը սկսած էին ե­րե­ւան գալ, թէ վե­րո­յի­շեալ բա­ռե­րը սկսած են կորսնց­նել ի­րենց եր­բեմ­նի նշա­նա­կու­թիւ­նը, փայլքն ու հմայ­քը, եւ տրուած ըլ­լա­լով, որ բա­ռա­րան­նե­րուն լայն է­ջե­րը սպա­ռած էին, հրա­պա­րակ սկսած էին գալ «նոր­ձախ, նո­րա­զա­տա­կան, նոր­պահ­պա­նո­ղա­կան եւ այլն» ո­րա­կում­ներ, որ­քան որ ալ ան­հասկ­նա­լի կամ ան­բո­վան­դակ ըլ­լա­յին ա­նոնք:

Իսկ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին նոյ­նիսկ այս «նոր» մակ­նիշ­ներն ու ա­ծա­կան­նե­րը ար­դէն իսկ դար­ձած էին ժա­մա­նա­կավ­րէպ՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պար­տադ­րե­լով գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան որ­բու­թիւն մը, որ զայն սկսած է ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի ա­նա­պա­տա­ցում:

Ներ­կա­յիս երկ­րա­գուն­դը բարդ է եւ ան­հասկ­նա­լի: Ար­հես­տա­գի­տա­կան, կեն­սո­լոր­տա­յին եւ ըն­կե­րա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան այն­քան ա­րագ, որ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը չի կրնար կապ պա­հել այս ան­հաս­տատ ի­րա­կա­նու­թեան հետ: Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ ա­ռօ­րեայ հար­ցեր լու­ծե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ՝ ա­ռանց են­թա­հող ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րա­կան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­կան ծրագ­րու­մի ընդ­մէ­ջէն պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէին զայն:

Հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով ստեղ­ծուած ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը հիմ­նա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան վե­րամ­շա­կու­մի են­թար­կած են ըն­կե­րա­յին հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու կա­ռոյց­նե­րը: Այս է հիմ­նա­կան ազ­դա­կը գո­յու­թիւն ու­նե­ցող գա­ղա­փա­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան շրջան­ցու­մին:

Այժ­մու դրու­թեամբ, ան­հե­թե­թու­թիւն եւ անձ­նաս­պա­նու­թիւն է վե­րա­դարձ կա­տա­րել դէ­պի հնա­մե­նի գա­ղա­փա­րա­կան սկզբունք­նե­րը: Մարդ­կու­թիւ­նը պէտք ու­նի բա­նա­կա­նու­թեան վե­րած­նուն­դի, որ գա­ղա­փա­րա­կան նոր հո­րի­զոն­ներ պի­տի ճշդէ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ա­նոր ան­յե­տա­դարձ ա­նա­պա­տա­ցու­մը:

Իսկ սպա­սուած վե­րած­նուն­դը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել միայն ա՛յն քա­ղա­քա­կան շրջա­նա­կին եւ մտա­ծո­ղու­թեան կող­մէ, որ ըմբռ­նած է ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ զայն մշա­կե­լու հա­մար զինք օ­րի­նա­կա­նաց­նող նոր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն մը:

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016