ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՅՈՅՍԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Քոնս­տան­դի­նեան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­մադ­րու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քը կը հա­մա­րուի գե­րա­զանց։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ բա­ցուե­ցաւ նոր էջ մը։ Հե­ռան­կա­րա­յին յոյ­սեր կան եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թե­ւա­կո­խե­ցին դրա­կան գոր­ծըն­թաց մը, ուր մեծ նպա­տակ­ներ կ՚որ­դեգ­րուին։ Նա­խա­գա­հը շեշ­տեց, որ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քը դար­ձեալ պի­տի բնո­րո­շուի վստա­հու­թեամբ ու բա­րե­կա­մու­թեամբ։

Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նուե­ցան թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Վեր­ջին ութ ա­միս­նե­րուն ապ­րուած ճգնա­ժա­մին յաղ­թա­հա­րուած ըլ­լա­լը պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ Էր­տո­ղան-Փու­թին ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման շնոր­հիւ։ Ռուս ղե­կա­վա­րը խօ­սե­ցաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այդ ճգնա­ժա­մին նա­խոր­դած շրջա­նի մա­կար­դա­կին վե­րա­դարձ­նե­լու շուրջ։ Իսկ Էր­տո­ղան փա­փաք յայտ­նեց ան­կէ ա՛լ ա­ւե­լիին հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Երկ­կող­մա­նի հար­թու­թեան վրայ ա­պա­հո­վուած այս մթնո­լոր­տին մէջ շեշ­տուե­ցաւ նաեւ, որ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ բազ­մա­թիւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման։

Էր­տո­ղան Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կրկնեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը՝ յի­շեց­նե­լով Փու­թի­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Յու­լի­սի 15-ի պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ։ Ռուս ղե­կա­վարն ալ կրկնեց, որ դէմ է պե­տա­կան հա­րուած­նե­րուն։ Էր­տո­ղան ա­ւել­ցուց, որ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցը՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ն եւ իր հո­վա­նա­ւոր­նե­րը փոր­ձած են խան­գա­րել թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան յի­շե­ցուց, որ պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձէն վերջ սկսած հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով կը հար­ցաքն­նուին այն եր­կու օ­դա­չու­նե­րը, ո­րոնք Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ վար ա­ռած էին ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւը։ Այ­սինքն Էր­տո­ղան յստա­կօ­րէն շեշ­տեց, որ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը վար առ­նուած էր ՖԵ­ԹԷՕ-ի կող­մէ։

Էր­տո­ղան, որ եօթ նա­խա­րար­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Սեն Փե­թերս­պուրկ, ե­րէկ ա­ռա­ջին հեր­թին 1 ժամ 45 վայր­կեան տե­սակ­ցե­ցաւ Փու­թի­նի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ աշ­խա­տան­քա­յին ճաշ­կե­րոյ­թի ձե­ւա­չա­փին մէջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Յա­ջոր­դեց ա­նոնց մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։ Ա­պա Էր­տո­ղան եւ Փու­թին դար­ձեալ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցան՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս կեդ­րո­նա­նա­լով Սու­րիոյ հար­ցին վրայ։ Այս փու­լը տե­ւեց շուրջ 2.5 ժամ։ Հուսկ, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան կող­մե­րու գոր­ծա­րար աշ­խարհ­նե­րու յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Պաշտ­պա­նու­թե­նէն եւ ու­ժա­նիւ­թէն սկսեալ մին­չեւ զբօ­սաշր­ջու­թիւն եւ ար­տա­ծում՝ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ապ­րի վե­րելք։ Էր­տո­ղան ե­րէկ ընդգ­ծեց, որ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հի­մա ա­ւե­լի տո­կուն դար­ձած են ճգնա­ժա­մե­րու դէմ։ Կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած քայ­լե­րուն շուրջ ծրագ­րի մը վրայ։ Այս­պէս, Աք­քու­յուի մէջ կա­ռու­ցուե­լիք հիւ­լէա­կա­յա­նին հա­մար սահ­մա­նուե­ցաւ ռազ­մա­վա­րա­կան ներդ­րու­մի կար­գա­վի­ճա­կը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­ցուի Բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ 2019 թուա­կա­նին պի­տի սկսի «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը։ Չար­թըր թռիչք­նե­րուն հա­մար փու­թով կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սուին։ Ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը պի­տի հաս­նի 100 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կին։ Թուրք ձեռ­նե­րէց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան առ­ջեւ ճա­նա­պարհ պի­տի հար­թուի։ Փուլ առ փուլ պի­տի ջնջուին ար­տած­ման սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը։

Այս բո­լոր ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ զար­գա­ցում­ներ կը նա­խա­տե­սուին մօ­տա­լուտ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին։ Էր­տո­ղան յստա­կօ­րէն ընդգ­ծեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րը ա­ռար­կայ են թուրք ձեռ­նե­րէց­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան։

Իր կար­գին, Վլա­տի­միր Փու­թին յայտ­նեց, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դուրս ե­կած են դժուա­րին շրջա­նէ մը։ Ըստ ի­րեն, սա կը բխի եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հե­րէն։

Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ Էր­տո­ղան եւ Փու­թին ո­րո­շե­ցին նաեւ շփման մէջ մնալ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016