ԸՆԿԵՐՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ամենաբարին Աստուած մեր երանութեան պատճառ եղող Աստուածսիրութեան պատուիրանէն անմիջապէս ետքը «ընկերսիրութիւն» կը պատուիրէ.
«Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 31)։
Որով մեզ կը զգուշացնէ մարդկային ընկերական կենցաղակցութեան մէջ պատահելիք շատ մը չարիքներէ, քանի որ անգամ մը «ընկերը իր անձին պէս սիրել» կ՚ուխտէ, եւ կը սկսի սիրել մարդ՝ այլեւս անկէ ետքը բնաւ գէշութիւն չի կրնար ո՛չ խորհիլ, ո՛չ ընել անոր. այսինքն ո՛չ կ՚ատէ, ո՛չ կը նախանձի, ո՛չ կը բամբասէ, ո՛չ կ՚անիծէ, ո՛չ կը զրպարտէ, ո՛չ կը թշնամանայ, ո՛չ կը կռուի, ո՛չ կը գողնայ, առանց անոր տեղեկութեան չ՚առներ որեւէ մէկ բանը, ո՛չ կը վիրաւորէ եւ ոչ ամենափոքր վնաս մը իսկ կը հասցնէ անոր, եւ ո՛չ իսկ կը վշտանայ, այլ ընդհակառակը՝ կը սիրէ զայն եւ կը պաշտպանէ անոր անձը, պատիւը, ինչքը եւ անոր ամէն ունեցածը՝ որպէս իր անձը, իր պատիւը, իր ինչքը եւ իր ամէն ունեցածը։
Ուրեմն եթէ մեր ընկերները սիրելու համար առաջուընէ պատրաստ սիրտ մը չունենանք, շատ հաւանական է՝ որ զանազան առիթներով մեր միջեւ պատահին ատելութիւններ, բամբասանքներ, զրպարտութիւն, իրարու հոր փորել, մէկզմէկ ատեաններու քաշել, դատաւորներու մատնել, բանտերու դատապարտել, եւ ուրիշ չարիք, անթիւ վատութիւններ, ինչպէս կեանքի ընդհանուր փորձառութիւններ կը վկայեն աշխարհի զանազան ժողովուրդներու մէջ։ Եւ ամօթ կը զգանք եւ կը պատկառինք ըսելու, թէ՝ նաեւ եղբայրներու կամ մերձաւորներու մէջ ալ շատ անգամ պակաս չեն այս տեսակ խռովութիւններ եւ գժտութիւններ՝ որոնց առաջքը առնելու համար մէկ հատիկ հնարքն է՝ ՍԻՐԵԼ ԸՆԿԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ԱՆՁԸ…։ Եթէ եղբայրը՝ եղբայրը սիրէ, եթէ ոեւէ մէկը սիրէ իր մերձաւորը, իր ընկերը, այդ խռովութիւններէն եւ գժտութիւններէն ո՛չ մէկը կը պատահի։
Հոս փոքրիկ շեղում մը ընենք, եւ հարցնենք, թէ՝ ո՞վ է ընկերը։ Մեր խորհրդածութեան խորագիրը եւ նիւթն է «ընկերսիրութիւն»ը, ապա ուրեմն բոլոր մարդիկ «ընկեր» չեն, այլապէս մենք պիտի խորհրդածէինք «մարդասիրութեան» վրայ, այս կը նշանկէ, թէ «ընկեր»ը ամբողջ մարդկութեան մէջ յատուկ անձերու խումբ մըն է եւ ամէն «մարդ» ընկեր կարելի չէ անուանել։
Արդարեւ մարդասիրութիւնը աւելի լայն ըմբռնում մըն է քան ընկերսիրութիւնը։
Եւ քանի որ մարդկութիւնը կազմող մարդը եւ ընկերը տարբեր են, լա՛ւ, ապա ուրեմն կարեւոր հարց մըն է, թէ՝ ո՞վ է «ընկեր»ը, զո՞վ կարելի է կոչել «ընկեր»։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ ամէն «ծանօթ», ընկեր չէ, այլ պարզապէս ժամանակաւոր յարաբերութեան մը վրայ հաստատուած միասնականութիւն մը միայն։ Արդարեւ, «ծանօթ» մէկը կարելի է դիւրութեամբ զանազանել «ընկեր»էն։ Բայց ընկերը «ընկեր»էն ինչպէ՞ս զանազանել. աւելի բացայայտ կերպով՝ կարծեցեալ ընկերը եւ իսկական ընկերը որոշել, կեղծ ընկերը եւ իրաւ ընկերը զանազանել։
Կեանքի մէջ շատ մը հարցեր, անհամաձայնութիւններ, խռովութիւններ, կարելի է կարծել որ այս զանազանութիւնը չկարենալ ընելէ, ընկերը եւ իրաւ, անկեղծ ընկերը շփոթելէ կը ծագին։
Այս մասին Յիսուս, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, կու տայ յստակ ստուգանիշ մը, որ է՝ անկեղծ օգնութիւն, նուիրում եւ զոհողութիւն։ Արդարեւ, այն որ նեղութեան մէջ կը հասնի, այն որ առանց որեւէ ակնկալութեան ձեռք կ՚երկարէ՝ զայն «ընկեր» կը կոչէ Յիսուս։
Ասկէ կը հետեւի, որ «ընկեր» կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկը երբ ընկերսիրութեան անկեղծ զգացումով կը մօտենայ եւ ձեռք կ՚երկարէ նեղութեան կամ վտանգի մէջ գտնուող մէկուն։ Ուրեմն, այս իմաստով, «ընկեր» ըլլալու համար ծանօթ ըլլալ պայման չէ, այլ «մա՛րդ» ըլլալ եւ սիրով լեցուն սիրտ մը ունենալ կը բաւէ։
Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ներ, ծանօթ ըլլալ եւ հեռու մնալ, անծանօթ ըլլալ բայց մօտենալ. այս երկու վիճակներու մէջ ո՞վ է ընկերը՝ ծանօ՞թը որ հեռու է եւ անտարբեր, թէ՝ մօտեցող եւ օգնող անծանօթը։
Ուստի «Բարի Սամարացի»ին առակին մէջ Յիսուսի «ո՞վ է ընկերը» հարցումին, օրէնքի ուսուցիչը կը պատասխանէ. «Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր», եւ Յիսուս կը պատուիրէ նոյնը ընել՝ ընկեր կոչուելու համար. (ՂՈՒԿ. Ժ 25-37)։
«Ընկեր» բառի ստուգաբանութեան մէջ ալ «օգնել», «բաժնել», «միատեղ ու միախորհուրդ շարժիլ» կարելի է նկատել, քանի որ «ընկեր» բառը կազմուած է «ընդ» նախդիրով «կեր» արմատէն, եւ կը նշանակէ՝ բուն «միասին ուտող», «հացակից» «ճաշակից». ճիշդ միեւնոյն կազմութիւնը ունի լատիներէն «companio» եւ ֆրանսերէն «compain», «compognon» այսինքն «ընկեր» բառերը, «հացակից» նշանակութեամբ։
Սակայն, ինչպէս աւելի առաջ մատնանշեցինք, ամէն մարդ կարելի չէ «ընկեր» կոչել, ուրեմն ամէն միասին հաց ուտող, սեղան բաժնող կարելի՞ է «ընկեր» կոչել։ Կարծեմ այս կէտին ալ, նախ նպատակը, յետոյ անկեղծութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Եթէ անկեղծօրէն հացը, կերակուրը բաժնելու նպատակով կազմուած է այդ միութիւնը, միասնականութիւնը՝ այդ «ընկերութիւն» է եւ անձեր՝ ընկեր են իրարու նկատմամբ։
Հոս կ՚արժէ յիշել նաեւ «ընտանիք» բառին կազմութիւնը, որ կը նմանի «ընկեր» բառին ստուգաբանական տեսակէտէ։
«Ընտանիք» բառը, նոյնպէս կազմուած է «ընդ» նախդիրով եւ «տուն» բառէն։ Իմաստով՝ նոյն տան մէջ, միասին գտնուիլ, նոյն տունը բնակարան գործածել։ Եւ անկեղծութեամբ կը հարցնենք եւ դարձեալ, թէ՝ նոյն տան մէջ ըլլալ՝ «ընտանիք» կարելի է համարել, ուրիշ խօսքով, ամէն նոյն տան մէջի բնակութիւն «ընտանի՞ք»ի հանգամանք կրնայ ստանալ։ Եւ «տանիք» ալ երբ նոյն իմաստը ունի, ամէն անոնք որ նոյն տանիքին տակ կ՚ապրին «ընտանիք» կը կազմե՞ն։
Այս հարցը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կը թողում բոլորովին ձեր խորհրդածութեան…։
Թէ՛ «ընկեր», թէ՛ «ընտանիք», կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ թէ արտաքին երեւոյթով, այլ բոլորովին ներքին էութեամբ կարելի է ստոյգ կերպով որոշել, եւ մանաւանդ ներկայ ժամանակներուս, երբ ամէն արժէք, ամէն իմաստ նոր հանգամանք է ստացեր, ամէն ինչ, ամէն ըմբռնում յեղադարձութեան, փոփոխումի է ենթարկուած, այս երկուքը, որոնք կեանքի արժէքներն են, իրականը եւ կեղծը, իսկականը եւ նմանը միայն ներքին էութեամբ կարելի է զանազանել, որոշել եւ հասկնալ…։
Ուստի, ընկերը այն է, զոր կը սիրենք մեր անձին սիրոյ չափովը եւ փոխադարձաբար ան ալ մեզ կը սիրէ իր անձին սիրոյ չափովը՝ ո՛չ պակաս, ո՛չ աւելի, քանի որ մեր անձէն պակաս սիրել ընկերը «անձնասիրութիւն» է եւ ո՛չ ընկերասիրութիւն։
Վերջացնելէ առաջ մեր խորհրդածութիւնը, փորձենք պատասխանել՝ թէ ընկերը անկեղծութեամբ սիրել ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, ի՞նչ կը նշանակէ։
Միայն խօսքով եւ լեզուով, արտաքնապէս սիրել՝ կեղծաւոր սէր է, իսկ ճշմարիտ ու անկեղծ սէրը գործքով կը յայտնուի եւ սրտաբո՛ւխ է։
Եւ իրական սէրը ո՛չ նախանձ, ո՛չ կեղծիք եւ ո՛չ իսկ ատելութիւն կը ճանչնայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2016, Գնալը կղզի