ՍԱԳՕ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԾԱՆՐՕՐԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հալէպի մէջ սաստկացած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուեցաւ հայ համայնքի անդամներէն Սագօ Գույումճեան։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, քաղաքի հայաբնակ թաղամասերէն Նոր Գիւղէն անցնելու ժամանակ իրեն զուգադիպած է փամփուշտ մը։ Սագօ Գույուճեան, որու վիճակը ծանր է, ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի «Ալ Ռազի» հիւանդանոցին մէջ։ Հարկ է նշել, որ փամփուշտը զուգադիպած է իր գլխուն։
47-ամեայ Սագօ Գույումճեան կ՚անդամակցի Հալէպի Հայ մարմնակրթական միութեան։ Ան որպէս երաժիշտ ու վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած է տեղւոյն հայ համայնքէն ներս։
ՔԱՂԱՔԻՆ ՎԻՃԱԿԸ
Միւս կողմէ, Շատ հաւանական է, որ Հալէպի մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խախտուի եւ կողմերը վերադառնան զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու: Այս մասին կը փոխանցէ արաբատառ «Ալ Սաֆիր» պարբերականը յղում ընելով՝ ռուս բարձրաստիճան զինուորականներու: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ անցնող օրերուն հակառակ անոր, որ ընդդիմադիր խմբաւորումներ ծանր կորուստներ կրած են, կան տեղեկութիւններ, թէ 7000 զինեալներ կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու թէժ թատերաբեմ դարձած քաղաքի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ: Աղբիւրը կը փոխանցէ նաեւ, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր ռուսական կողմը մտադիր չէ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները։ Այդ իսկ պատճառով ներկայիս կը գործեն մարդասիրական օժանդակութեան եօթ անցքեր, որոնց միջոցաւ հեռանալ ուզող զինեալները կրնան հեռանալ եւ շրջանին մէջ ծանր վիճակներու մատնուած քաղաքացիներուն համար կ՚ապահովուի անվտանգ ելքի ճանապարհ մը: Իր կարգին, Սուրիոյ ազգային բանակը յաւելեալ կուտակումներ կը կատարէ եւ կը պատրաստուի շատ հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն ծաւալելիք պատերազմական մարտերուն: Ըստ ռուսական բանակի մէկ բանբերին, իրենց տնօրինումով Հալէպի մէջ օրական երեք ժամով հրադադարի դրութիւն պիտի հաստատուի: