ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Աս­տուա­ծա­մօր, Իր Միա­ծին Որ­դիին մօտ վե­րա­փոխ­ման տօ­նին՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ կը կա­տա­րուի խա­ղո­ղօրհ­նու­թեան կարգ եւ ա­պա օրհ­նուած ող­կոյզ­նե­րը կը բաժ­նուի ժո­ղո­վուր­դին։ Ար­դա­րեւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւնն ալ ու­նի իր ի­մաս­տը, պատ­ճա­ռը՝ զոր կ՚ա­նուա­նենք իր լայն ու սո­վո­րա­կան ա­ռու­մով՝ «խոր­հուրդ»։­

Ա­րար­չու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը Աս­տուած ստեղ­ծեց եր­կին­քը եւ եր­կի­րը, բնա­կե­ցուց եւ լե­ցուց բա­նա­ւոր բնա­կիչ­նե­րով եւ հրեշ­տակ­նե­րու դա­սե­րով։ Իսկ ա­րար­չու­թեան միւս օ­րե­րուն, Իր խօս­քով, զար­դա­րեց եր­կի­րը ծաղ­կա­զարդ բոյ­սե­րով, տուն­կե­րով, ա­նու­շա­հոտ ու գե­ղե­ցիկ բու­րաս­տան­նե­րով եւ բնա­կե­ցուց եւ լե­ցուց զգա­լի ա­րա­րած­նե­րով։ Այդ օ­րե­րուն Աս­տուած ստեղ­ծեց նաեւ Դրախ­տը՝ մար­դուն վա­յելք­նե­րուն հա­մար՝ այն­տեղ ծա­ռեր տնկե­լով, բա­րու­թեամբ լեց­նե­լով եւ Իր խօս­քով օրհ­նե­լով, որ­պէս­զի աղ­քատ չըլ­լայ մար­դը, այլ ըլ­լայ լի ու ա­ռատ ա­մե­նայն բա­րու­թեամբ։ Իսկ երբ մար­դը չպա­հեց Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րան­նե­րը, աս­տուա­ծա­յին օրհ­նու­թիւ­նը փո­խուե­ցաւ ա­նէծ­քի, նզով­քի։

Սա­կայն Աս­տուած մար­դը չ՚ան­տե­սեր, այլ երբ կու գայ ժա­մա­նա­կը, կը յայտ­նէ Իր ծած­կուած սէ­րը մարդ­կա­յին ցե­ղին՝ ա­ռա­քե­լով Իր Միա­ծին Որ­դին, որ կը բխի Հես­սէի ար­մա­տէն բխած Գա­ւա­զա­նի նման, եւ կ՚ել­լէ ա­նա­րատ Կոյս Մա­րիա­մէն ել­լող ա­նու­շա­հոտ եւ վա­յե­լուչ Ծա­ղի­կի պէս՝ ըլ­լա­լով կեան­քի եւ ան­մա­հու­թեան Պտուղ մեր մահ­կա­նա­ցու Բնու­թեան հա­մար, որ­պէս­զի Ա­նով օրհ­նուին մարդ­կա­յին ցե­ղը եւ ամ­բողջ տիե­զեր­քը։

Քա­նի որ մար­դը իշ­խան էր կար­գուած ամ­բողջ երկ­րի վրայ, ուս­տի ա­նոր վրայ տրուած ա­նէծ­քով՝ զայն ա­նի­ծե­լով՝ կ՚ա­նի­ծուի նաեւ ա­նոր ամ­բողջ իշ­խա­նու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ ամ­բողջ եր­կի­րը՝ իր կեն­դա­նի­նե­րով եւ բոյ­սե­րով միա­սին։ Իսկ երբ Միա­ծին Որդ­ւոյն գալս­տեամբ, կրկին օրհ­նուե­ցաւ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը, ա­պա վերս­տին օրհ­նուե­ցաւ նաեւ բո­լոր զգա­լի ա­րա­րած­նե­րը։ Սա­կայն բո­լոր պտուղ­նե­րէն ա­ռա­ւել կ՚օրհ­նէ խա­ղո­ղի ող­կոյ­զը, քա­նի որ Տէ­րը, խա­ղո­ղի որ­թը ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր ծա­ռե­րէն ա­ւե­լի վեր բարձ­րա­ցուց եւ ա­ւե­լի եւս պա­տուեց, քան միւս տուն­կե­րը՝ զԻնք Խա­ղո­ղի որթ ա­նուա­նե­լով՝ ըստ այս խօս­քին. «Ես եմ ճշմա­րիտ որ­թա­տուն­կը» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1)։ Իսկ Տի­րոջ սի­րով կա­պուած­նե­րը ճիւ­ղեր ա­նուա­նեց, եւ Հայ­րը՝ Մշակ, որ­պէս­զի Հայ­րը կտրա­տե­լով՝ է­տե­լով որ­թա­տուն­կը՝ զայն պտղա­բեր ը­նէ ար­դա­րու­թեան գոր­ծին մէջ, իսկ կտրա­տուած, հատ հատ կտրուած ճիւ­ղե­րը յա­ւի­տե­նա­կան կրա­կի նիւթ դարձ­նէ։

Այ­նու­հե­տեւ գի­նին՝ խա­ղո­ղի ա­րիւ­նը, Միա­ծին Որ­դին Իր փրկա­կան Ա­րեան նիւ­թը ը­րաւ եւ Վեր­նա­տան մէջ իր ձեռ­քե­րուն մէջ բարձ­րաց­նե­լով օրհ­նեց ը­սե­լով. «Սա՜ է Նոր Ուխ­տի Իմ Ա­րիւ­նը» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28), ո­րով մենք գնուե­ցանք եւ ա­զա­տուե­ցանք մեղ­քե­րու ծա­ռա­յու­թե­նէն եւ մա­հէ՛ն։

Տէ­րը, նա­խա­պէս մար­գա­րէու­թեամբ յայտ­նած էր, որ գի­նին կ՚ու­րա­խաց­նէ մար­դը եւ կը լու­ծէ ա­նոր տրտմու­թիւ­նը ըստ Սաղ­մո­սեր­գուին խօս­քե­րուն. «Ու գի­նի՝ որ կ՚ու­րա­խաց­նէ մար­դուն սիր­տը» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 15)։ Այդ մա­սին նաեւ Նո­յի պատ­մու­թե­նէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ երբ ան տրտմե­ցաւ՝ աշ­խար­հի ա­պա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, Տէ­րը ա­նոր գի­նին տուաւ մխի­թա­րե­լու հա­մար, որ զմայ­լե­ցուց Նո­յը. «Նոյ ա­ռա­ջին երկ­րա­գործն էր։ Այ­գի տնկեց։ Գի­նիէն խմեց ու գի­նով­ցաւ…» (ԾՆՆԴ. Թ 20-21)։­

Իսկ Մել­քի­սե­դէ­կը՝ ինչ­պէս օ­րի­նակ, Տի­րոջ Վեր­նա­տան մէջ մա­տու­ցած պա­տա­րա­գին, հացն ու գի­նին պա­տա­րա­գեց, զայն մա­տու­ցա­նե­լով Աբ­րա­համ Նա­հա­պե­տին։ Եւ երբ կը լրա­նան ժա­մա­նակ­նե­րը, Տէ­րը կու գայ Վեր­նա­տուն եւ կու տայ Իր կե­նա­րար Ա­րիւ­նը, որ­պէս կրկնա­կի ու­րա­խու­թեան բա­ժակ, մեղ­քե­րու քա­ւու­թեան եւ հո­գիի ի­մաս­տու­թեան հա­մար։

Գի­նին թէ­պէ­տեւ Տի­րոջ­մէ տրուե­ցաւ որ­պէս «բա­րի պար­գեւ», սա­կայն այն ա­նի­մաս­տա­բար եւ նպա­տա­կէ դուրս գոր­ծա­ծող­նե­րու հա­մար դար­ձաւ «չա­րու­թեան ա­ռիթ», ինչ­պէս եւ շատ բա­րիք­ներ դար­ձան չա­րու­թեան ա­ռիթ։ Ուս­տի գոր­ծի­քը չէ՛ մե­ղա­ւոր, այլ գոր­ծի­քը գոր­ծա­ծո՛­ղը։

Այդ­պէ­սով խա­ղո­ղը կրկնա­կի օրհ­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ՝ օրհ­նուե­լով ե՛ւ ա­ռա­ջին ա­րար­չու­թեան ժա­մա­նակ, ե՛ւ երկ­րորդ, որ եւ ա­մէն տա­րի որ­պէս մեր ար­տե­րու եւ դաշ­տե­րու եւ այ­գի­նե­րու ե­րա­խայ­րիք կը նուի­րենք Աս­տու­ծոյ, ինչ­պէս հի­նէն ըն­դու­նուած էր, որ­պէս­զի այդ մաս­նա­ւոր ըն­ծա­յով բո­լոր պտուղ­նե­րը օրհ­նու­թիւն ըն­դու­նին։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին, պա­տա­րա­գէն յե­տոյ, կը կա­տա­րուի խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րու ժա­մա­նակ, սար­կա­ւա­գի քա­րո­զով կը գո­հա­նանք բա­րե­րար Աս­տուծ­մէ, մեզ ա­ռա­տա­պէս պար­գե­ւած՝ հան­դե­րու, այ­սինքն՝ ար­տե­րու եւ դաշ­տե­րու եւ այ­գի­նե­րու բեր­քին հա­մար եւ կը խնդրենք, որ­պէս­զի Ան օրհ­նէ տա­ճա­րին ըն­ծա­յուած խա­ղո­ղի այս պտուղ­նե­րը, ող­կոյզ­նե­րը Իր սկզբնա­կան օրհ­նու­թեամբ եւ շնոր­հէ մեզ, որ­պէս ու­րա­խու­թեան գի­նի եւ ա­ռող­ջու­թեան կե­րա­կուր՝ հո­գիի եւ մարմ­նի։

Միա­ժա­մա­նակ կը դի­մենք Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի բա­րե­խօ­սու­թեա­նը, ո­րուն մի­ջո­ցով մե­զի տրուե­ցաւ կեան­քի եւ ան­մա­հու­թեան Պտու­ղը՝ Յի­սուս Քրի­սոտս։

Ա­պա քա­հա­նայ հայ­րը կ՚օրհ­նէ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ ըն­ծա­յուած խա­ղո­ղի ող­կոյզ­նե­րը, պտու­ղին միաց­նե­լով Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի այդ պտուղ­նե­րը օրհ­նուին եւ ա­նոնք օրհ­նու­թեամբ լե­ցուե­լէ ետք, այդ պտուղ­նե­րու նիւ­թա­կան ճա­շակ­մամբ մեր հո­գիին մէջ ըն­դու­նինք Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը եւ ի­մա­նա­լի շնորհ­նե­րը՝ ստա­նա­լով սրբու­թիւն՝ մաք­րու­թիւն, մեղ­քե­րու թո­ղու­թիւն եւ ըլ­լանք ար­ժա­նի՝ ճա­շա­կե­լու Կե­նաց ծա­ռէն, որ հրա­մա­յուած է պահ­պա­նել քե­րով­բէա­կան դա­սին, եւ ան­մա­հա­նա­լով ան­մահ դա­սե­րու հետ մշտա­պէս փա­ռա­ւո­րենք Հայ­րը, Որ­դին եւ Սուրբ Հո­գին։

Քա­հա­նայ հայ­րը կը խնդրէ Տի­րոջ­մէ նաեւ օրհ­նել նուի­րա­տու­նե­րը եւ փո­խա­րէ­նը այդ ան­ցա­ւոր եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր պտու­ղին, ա­նոնց հա­տու­ցա­նել ան­մահ կեան­քի վա­յել­չու­թեամբ։

Ան կը խնդրէ նաեւ, որ Տէ­րը օրհ­նէ այն բո­լոր որ­թա­տուն­կե­րը՝ ո­րոնց­մէ հա­տուել են, ա­յսինքն քա­ղուած են այդ պտուղ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք պտղա­տու ըլ­լան, պա­րարտ ու բեր­րի եւ պտղա­շատ, իսկ հան­դե­րը՝ դաշ­տե­րը եւ ար­տե­րը ու ան­դաս­տան­նե­րը ա­ռանց փոր­ձան­քի, անվ­տանգ մնան բո­լոր պա­տու­հաս­նե­րէ, խոր­շակ­նե­րէ՝ ա­նա­պա­տա­յին տաք քա­մի­նե­րէ, ո­րոնք կը պա­տա­հին մեր մեղ­քե­րու պատ­ճա­ռով, նաեւ՝ կար­կուտ­նե­րէ, ցրտա­հա­րու­թե­նէ, այ­սինքն՝ պա­ղի եւ ցուր­տի հա­րուած­նե­րէ, վնա­սա­տու­նե­րէ եւ այլն։

Քա­հա­նայ հայ­րը իր ա­ղօթք­նե­րով կը խնդրէ նաեւ, որ այս աշ­խար­հի մէջ, Տի­րոջ փառ­քին հա­մար վա­յե­լենք եւ օգ­տուինք այն բո­լոր նիւ­թա­կան, բնա­կան բա­րիք­նե­րէն, զորս Ինք շնոր­հեց. իսկ հան­դեր­ձեա­լի մէջ ար­ժա­նա­նանք ու­տել եւ ըմ­պել Տի­րոջ հետ այն բեր­քե­րէն, որ կը գտնուին ար­քա­յու­թեան սե­ղա­նին վրայ, ըստ Տի­րոջ ան­սուտ եւ ստոյգ խոստ­ման։

Ար­դա­րեւ, «Խա­ղո­ղօրհ­նէք»ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­ւան­դա­բար միա­ցած եւ գրե­թէ նոյ­նա­ցած է Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին հետ։ Ուս­տի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի ննջման եւ եր­կինք փո­խադ­րուե­լու յի­շա­տա­կը կը տօ­նէ «Վե­րա­փո­խումն կամ Ննջումն Սուրբ Կոյ­սի» ա­նուան տակ։ Այս տօ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հինգ գլխա­ւոր՝ «տա­ղա­ւար» տօ­նե­րէն չոր­րորդն է եւ կը կա­տա­րուի Օ­գոս­տոս 15-ի մեր­ձա­կայ Կի­րա­կի օ­րը։

Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի երկ­րա­ւոր կեան­քի վախ­ճա­նը կ՚ա­նուա­նուի «ննջում» եւ ո՛չ թէ «մահ», որ­պէս­զի հասկ­նա­լի դառ­նայ ա­նոր եր­կինք վե­րա­փո­խուե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Վեր­ջա­պէս, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ՝ բա­ցա­յայտ է մեր օ­րե­րուն ար­ժէ­քազր­կու­մի են­թար­կուած է կարգ մը ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ո­րուն կար­գին է նաեւ «մօր» մտա­տի­պա­րը, հա­կա­ռակ որ մայ­րու­թիւ­նը, մայ­րա­կան զգա­ցու­մը ըն­դո­ծին է եւ կո­չո՛ւմ…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Ա­րամ Դի­լան­յա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 4, 2016, Գնա­լը կղզի

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016