«Հայ Ըլլար՝ Չէ՞ր Ըլլար»
Բարեկամի մը տունը այցելութեան գացած էինք: Սովորութիւն դարձած իրարու որպիսութիւնները հարցնելէ ետք, բնականաբար մեր խօսակցութեան նիւթը հասաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին, Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման, Ֆրանսիսքոս Պապի Հայաստան այցելութեան, Հալէպի դաժան օրերուն, ապա վերադարձանք Լոս Անճելըսի տեղական մտահոգութիւններուն:
Հայ ենք. բնականաբար մտահոգ ենք հայրենիքով, նաեւ՝ սփիւռքով:
Կէս ժամ հազիւ անցած էր, երբ մեր բարեկամին դուստրը եւ իր ամերիկացի ամուսինը մտան ներս եւ, ինքնաբերաբար, կարճ ժամանակի մը համար, խօսակցութեան լեզուն փոխուեցաւ անգլերէնի, իսկ աւելի ուշ՝ դարձեալ շարունակուեցաւ հայերէնով:
Տանտիրուհին՝ քանի մը անգամ յուշեց, որ «անգլերէն խօսինք», որպէսզի իր ամերիկացի փեսան առանձին եւ օտար չզգայ:
«Ազդարարութենէն» անմիջապէս ետք խօսակցական լեզուն դարձեալ անգլերէն էր, սակայն մերթ ընդ մերթ, անզգալաբար, քանի մը հայերէն նախադասութիւններ «կը փախցնէինք» մեր շրթներէն:
Մեր բարեկամին դուստրը, հակառակ հայախօս ընտանիքի մէջ հասակ առած եւ հայկական երկրորդական վարժարանէ մը շրջանաւարտ ըլլալուն, «պապէն աւելի պապական», նոյնիսկ նախքան օտարի հետ ամուսնանալը, հայերէն ոչ մէկ բառ կը լսէինք իր շրթներէն:
Այդ օր, խօսակցութիւնը հայերէնի փոխուած ժամանակ, պատահեցաւ, որ քանի մը բառով ինքն ալ մասնակից դառնայ մեր խօսակցութեան… հայերէնով:
Օտար փեսան զարմացած, ընդվզած եւ դժգոհ, դառնալով իր կնոջ՝
-Honey, you’re American.
Այդ փաղաքշական Honey-ին մէջ յանդիմանութիւն կար: Հայ ծնողքէ սերած, հայկական ուսում ստացած, սակայն օտարի մը հետ ընտանիք կազմած մէկը, ըստ իրեն, իրաւասութիւն չունէր քանի մը բառ հայերէնով արտայայտուելու, նոյնիսկ՝ իր հայ ծնողքին տան մէջ:
Տակաւին ծնողք չեն դարձած: Կռահելու պէտք չկայ, որ երբ զաւակներ ունենան, ի՛նչ լեզու պիտի գործածուի իրենց տան մէջ:
Վստահաբար զաւակները հայկական դպրոց պիտի չյաճախեն: Տունը հայերէն պիտի չխօսին իրենց հայ մօր հետ, մեծ ծնողներուն հետ, որովհետեւ իրենց ամերիկացի հայրը անմիջապէս պիտի յիշեցնէ (կամ՝ յանդիմանէ). «Honey, you’re Americans»:
Արցախի նիւթը դարձեալ բացուեցաւ, այս անգամ՝ անգլերէնով, որպէսզի օտար փեսան տեղեակ ըլլայ իր հայ կնոջ հայրենիքի անցուդարձերուն մասին (իր ալ հոգը):
Չմասնակցեցաւ մեր խօսակցութեան: Հեռատեսիլի կայանները փոխելով զբաղած էր եւ նիւթը ինքնաբերաբար Արցախէն փոխադրեց Պրազիլի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերուն, նշանաւոր ամերիկացի պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընի հանգստեան կոչուելուն, Քլիվլընտի պասքեթպոլի խումբին առաջին անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»ի այս տարուան ախոյենութեան, Մոհամետ Ալի Քլէյի մահանալուն եւ…
Խօսուեցաւ ամէն նիւթի մասին, սակայն մէկ կողմ դրուեցան Արցախն ու Հայաստանը, Ֆրանսիսքոս Պապին այցելութիւնն ու Հալէպի դաժան օրերը, մանաւանդ որ մեր բարեկամները Հալէպէն են եւ տակաւին մեծ թիւով հարազատներ ունին հոն:
Նոյնիսկ յանդգնութիւնը չունեցան իրենց աղջկան ըսելու թէկուզ անգլերէնով՝ «Honey, you’re Armenian»:
***
Սխալ պիտի ըլլար ընդհանրացնել նման դէպքեր:
Ամէն օտար ամուսնութիւն կնքող իր կնոջ կամ իր ամուսնոյն չ՚ըսեր.
-Honey, you’re American:
Մօտիկ բարեկամներէս մէկը օտարի հետ ամուսնացած է:
Տակաւին նոր ընտանիք կազմած էին, երբ սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Եւրոպացի կողակիցի ծնողքին Եւրոպա հաստատուելու բազմաթիւ հրաւէրները մնացին անպատասխան: Զաւակները ստացան հայկական ուսում, եւ իր եւրոպացի կինը շատ մը հայերէ աւելի մաքուր հայերէն սորվեցաւ: Տան մէջ խօսուող միակ լեզուն հայերէն է:
Ներկայիս հաստատուած են Միացեալ Նահանգներ: Տակաւին տան մէջ խօսուող լեզուն հայերէն է, սակայն… տղուն մէկը ընտանիք կազմած է օտարի հետ եւ հայոց լեզուն փոխարինուած՝ անգլերէնով:
Բարեկամիս տղան իր ծնողներու ներկայութեան տակաւին հայերէն կը խօսի: Իր սիրելի կնոջ շրթներէն բնաւ չեմ լսած՝ «Honey, you’re American»:
***
Վերադառնալով առաջին պատահած դէպքին՝ կ՚ուզեմ շեշտել, որ բարեկամիս օտար փեսան հիանալի անձ մըն է:
Մեր բարեկամները միշտ գովասանքով կ՚արտայայտուին իրենց ամերիկացի փեսայի հասցէին, սակայն յաճախ կը կրկնեն.
-Հայ ըլլար՝ չէ՞ր ըլլար:
Տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ զաւեշտ մը ներկայացուեցաւ նոյն խորագիրով՝ «Հայ ըլլար՝ չէ՞ր ըլլար»:
Հասկնալի է: Ստիպուած չէ հայերէն սորվիլ, եւ երբ իր չհասկցած լեզուն կը խօսուի, իրեն համար ձանձրացուցիչ է եւ նեղութիւն կը պատճառէ:
Մենք ալ, մեր կարգին, որքան ալ յարգենք իր ներկայութիւնը, ստիպուած չենք մեր ազգային հարցերն ու ցաւերը անգլերէնով արտայայտելու, մանաւանդ որ հետաքրքրուած է ո՛չ հայութեամբ, ո՛չ ալ Արցախով։ (…)
Իր մտածելակերպը բոլորովին տարբեր է:
Ո՛չ մէկ հայկականութիւն, գէթ՝ իր կողակիցը ուրախացնելու միտումով:
Կազմուած է ընտանիք մը, ուր չկայ հայկական մթնոլորտ: Նոյնիսկ հայկական ճաշեր չեն պատրաստուիր այդ յարկին տակ, հակառակ անոր որ ամէն անգամ իր կնոջ ծնողքին տունը այցելութեան գալով՝ հաճոյքով կը վայելէ հայկական ճաշերը:
«It’s delicious»: Համով է… միայն այդքան: Ո՛չ մէկ հետաքրքրութիւն հայկական կենցաղի մասին:
Հայու մը հետ ամուսնանալու փոխարէն, եթէ իտալուհի մը ըլլար իր կինը, նմանապէս պիտի չհետաքրքրուէր իտալերէնով, ոչ ալ պիտի փափաքէր սորվիլ այդ լեզուն: Շատ հաւանաբար պիտի վայելէր իտալական ճաշատեսակները եւ նոյնպէս ըսէր՝ «It’s delicious»: Ո՛չ մէկ հետաքրքրութիւն պիտի ունենար իտալական կենցաղի մասին:
Ամերիկացի է. իր երկրին մէջ կ՚ապրի, եւ կարիքը չի զգար տարբեր լեզուներու կամ մշակոյթի մասին մտածելու:
Մենք՝ սփիւռքի հայերս ենք միայն, որ ստիպուած ենք գործածելու մեր ապրած երկրի լեզուն:
Կարելի՞ բան է ապրիլ Լիբանան կամ Սուրիա եւ չխօսիլ արաբերէն:
Ապրիլ Ֆրանսա եւ չխօսիլ ֆրանսերէն, կամ ապրիլ Ամերիկա ու չխօսիլ անգլերէն:
Անշո՛ւշտ ոչ, սակայն կարելի է ապրիլ Հայաստան ու խօսիլ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐԷՆ:
«Մենք երգենք միշտ հայերէն Աղօթենք միշտ հայերէն Չմոռանանք հայ լեզուն Որ մնանք միշտ հայ, հայ, հայ»: (Յարօ Բուրեան)
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս 2016