ՓԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունենայ այս ուղեւորութիւնը։
Սպիտակ տան աղբիւրներու հաղորդումներով, 22-25 Օգոստոս թուականներուն Ճօ Պայտըն ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Լեթոնիա, Թուրքիա եւ Շուէտ։ Այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան իր շփումները Անգարայի մէջ, ուր ան պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, ծրագրուած են Ճօ Պայտընի հանդիպումները Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքին ու երկու երկիրներու համատեղ օրակարգին տեսակէտէ կարեւոր զանազան նիւթեր։
Ծանօթ է, որ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս առկայ են շարք մը բարդութիւններ։ Յուլիսի 15-ին պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը եկած է անորոշութեան մթնոլորտ մը ստեղծել Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Ձախող պետական հարուածը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին ՖԵԹԷՕ-ի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլէն տարիներէ ի վեր կը բնակի Փենսիլվանիոյ մէջ, ԱՄՆ։ Այս հանգամանքը Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ ամրապնդած է այն համոզումը, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Ուաշինկթընի կողմէ կը հովանա-ւորուի ու նոյնիսկ ամերիկեան կողմը կրնայ բաժին մը ունեցած ըլլալ՝ ձախող պետական հարուածի փորձին մէջ։
Անգարայի ղեկավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս պահանջ ներկայացուցած է՝ որպէսզի ամերիկեան կողմը Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը արտայանձնէ իրեն։ Թուրքիա յամառօրէն կը հետապնդէ այս պնդումը բոլոր մակարդակներու վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ՝ պետական աւագանիի յառաջատար բոլոր դէմքերը կը կրկնեն, թէ անհրաժեշտ է այդ պահանջին ընթացք տրուիլը։ Անգարայի կողմէ այս նիւթին վերաբերեալ մեծ քանակութեամբ ապացոյցներ տրամադրուած են ամերիկեան կողմին։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այդ դիմումը ստանալէ վերջ տեղեկացուցած էր, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց եւ Արդարադատութեան նախարարութիւններուն կողմէ համատեղ պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկուի Թուրքիա՝ տեղւոյն վրայ խորհրդակցութիւններ կատարելու եւ քննարկումներ իրականացնելու առաջադրութեամբ։ Նախարարութիւններու մակարդակով փոխադարձ այցելութիւններու սպասման մթնոլորտին մէջ ներկայիս արդէն յայտարարուեցաւ, որ Ճօ Պայտըն շփումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Սպիտակ տունը այս քայլով ակնյայտօրէն կը փորձէ ըլլալ համոզիչ՝ այն ուղղութեամբ, թէ լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այս նիւթին հանդէպ։
Ճօ Պայտընի մօտալուտ այցելութեան վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ շաբաթավերջին։ Նոյնաժամանակ թրքական կողմն ալ հերթական անգամ կրկնեց այս նիւթին վերաբերեալ իր յամառ սպասումը։ Չանքայայի ապարանքին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ երկրի յառաջատար զան-գըւածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ շօշափելով նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդիրը։ Պայտընի այցելութեան նախօրեակին՝ վարչապետը մատնանշեց, որ Կիւլէնի արտայանձնումէն զատ որեւէ վարկածով պիտի չբաւարարուի Անգարա։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտած էին նաեւ զանազան լուրեր, ըստ որոնց Թուրքիա պիտի այցելէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, ամերիկեան կողմը յարմար նկատած է աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ քննարկել խնդիրը եւ պետական քարտուղարին փոխարէն արդէն Թուրքիա պիտի ժամանէ Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ շաբաթավերջին տեղեկացուց, թէ Պայտընի հետ նոյն օրը՝ Օգոստոսի 22-ին Թուրքիա պիտի ժամանեն նաեւ ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան չորս մասնագէտները։ Այս առթիւ Պոզտաղ աւելցուց, թէ երկու երկիրներու Արդարադատութեան նախարարութիւններուն միջեւ շփումները կը շարունակուին Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդրին շուրջ։ Թրքական կողմը աւելի առաջ չորս տարբեր թղթածրար ուղարկած էր ամերիկեան կողմին։ Նախագահը յիշեցուց, որ Անգարա պահանջած է նաեւ ենթակային առժամեայ ձեւով ձերբակալուիլն ու կալանաւորուիլը։ Վերոյիշեալ չորս մասնագէտներէն մին պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։ Ամերիկացի այդ պաշտօնատարները 23-24 Օգոստոսին պիտի տեսակցին իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ։