ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ 7 ՆԱՀԱՏԱԿ
Տիարպաքըրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Ճանապարհային ոստիկանութեան հակակշռման շրջանային կեդրոնը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան թիրախը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՓՔՔ-ականները ռումբով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը իրականացուցին այս յարձակումը, որ պատահեցաւ կէսօրուան ժամերուն։
Այս դէպքին հետեւանքով եօթ հոգի նահատակուեցաւ, տասնվեց հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Նահատակներուն հինգը ոստիկան է։ Միւս երկու զոհերէն մին ալ անչափահաս մըն է։
Դէպքի պատահած վայրի մօտակայքին աշխատանքներ կը կատարուէին՝ մեծ խաչմերուկի մը կառուցման ուղղութեամբ։
Ահաբեկիչներու ձերբակալման համար անվտանգութեան ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկեցին շրջանէն ներս։