ԴԱԺԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ, ԱՄՈՒՐ ԿԱՄՔ
Ծանօթութեան եւ զրոյցի համար ժամադրուած եմ ֆրանսաբնակ հայրենակիցիս՝ Սիւնիքի մարզի, Խնձորեսկ գիւղը ծնած եւ շատ հետաքրքրական հանգամանքներու մէջ Ֆրանսա հաստատուած Մուշեղ Մարտիրոսեան-Չալոյեանի հետ, որուն մասին բազմիցս լսած եմ իբրեւ բարերար եւ արուեստի գործեր հաւաքող, նաեւ՝ իր հայրենի գիւղին նուիրուած անձ մը:
Հեռուէն կը տեսնեմ, որ ան, դժուարութեամբ քալելով, ձեռնափայտին յենած, ուղեկցողի մը հետ նստաւ սրճարանի նստարանին վրայ, ուր ժամադրուած էինք: Շատ դժուար կը տեղաշարժէր, ինքզինքս շատ գէշ զգացի՝ ամրան տապին զինք տունէն հանելուս եւ քաղաքին կեդրոնը հասցնելուս համար: Ինչպէ՞ս չէի գիտեր, որ դժուար կը քալէ... կամ ալ ինչո՞ւ չտեղեկացուց ինծի հեռաձայնով խօսած պահուս: Կը մտածէի, որ եթէ ան 93 տարեկանին Ֆրանսայէն ամէն տարի Երեւան կը հասնի, ապա ամէն անգամ 365 քիլօմեթր կը կտրէ եւ կը փութայ հեռաւոր Խնձորեսկ գիւղը, ուրեմն քաղաքին կեդրոնն ալ գալու կարելիութիւնը ունի: Մօտեցայ, կը հեւար ան. ըսաւ, որ շատ դժուար հասաւ զինք բերող ինքնաշարժին կանգնած վայրէն մինչեւ հոն… ու շեշտեց նաեւ, թէ արդէն կ՚ուզէր վերադառնալ, քանի որ դժուարութեամբ կը քալէր…:
Մեղքնալու զգացումով նստայ անոր քով, վայրկեաններ ետք մոռցաւ քանի մը հարիւր մեթր քալելուն պատճառաւ քաշած դժուարութիւնը եւ պատրաստ էր պատմելու իր հետաքրքրական կեանքին պատմութիւնը, որուն մասին լսած եմ, երբ հեռատեսիլէն տեսանիւթ մը դիտած եմ իր մասին, եւ գիտնալով Հայաստան գտնուելուն հանգամանքը, շտապեցի օր առաջ ծանօթանալու այս նշանաւոր հայրենակիցիս հետ:
Զրոյցը կը սկսի արուեստի մասին խօսելով. «Եթէ պատերազմը չըլլար, ես գրականութեան մարդ կը դառնայի», ըսաւ ան: Թերեւս գրականութեան հանդէպ սէրն ու գրական հակումներն էին, որոնք զինք մղած էին 90 տարեկանէն յետոյ գրելու իր կեանքի գիրքը (կենսագրականը): Նախ ֆրանսերէնով, ապա Հենրիկ Պախչինեանի կողմէ արեւելահայերէնի թարգմանուած Մուշեղ Մարտիրոսեան-Չալոյեանի «Մաքուր ձեռքեր, թէ շախմատ. Երազանքս՝ Խնձորեսկ», գիրքին մէջ ան կը պատմէ իր կեանքը՝ հեռաւոր ձորերէն սկիզբ առած, մինչեւ Բ. աշխարհամարտի դաժան օրերը, մինչեւ Փարիզի եւ աշխարհի այլ քաղաքներու աճուրդները, որոնցմէ ձեռք բերած հարստութիւններուն մէկ մասը ան նուիրած է Հայաստանին՝ Մատենադարանին եւ Ազգային պատկերասրահին: Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 2013 թուականը գորգարուեստի տարի յայտարարուելուն առթիւ, Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ Մուշեղ եւ Միքայէլ Մարտիրոսեան-Չալոյեաններու գորգերու հաւաքածոյին ցուցահանդէսը: Ներկայացուած գորգերը բացառիկ էին թէ՛ իրենց ժամականաշրջանով, թէ՛ արժէքով: Վերջերս Մուշեղ Մարտիրոսեան-Չալոյեան «Խնձորեսկ» գորգ մը նուիրած է իր հայրենի գիւղի դպրոցին, ան այդ գորգը ձեռք բերած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն գորգը հիւսուած է Խնձորեսկի մէջ՝ 1890-ականներուն:
Միքայէլը, որուն անունը նաեւ կը կրէ գորգերու հաւաքածոն, Մուշեղ Մարտիրոսեան-Չալոյեանի միակ որդին է, որ կեանքէն հեռացած է քառասունինն տարեկանին: Այսօր անոր զաւակները իրենց սիրելի մեծհօր մօտ ու կողքին են:
-Գրականութեան, արուեստի եւ պատմութեան հանդէպ սէրը ուրկէ՞ ծագած է ձեր մէջ: Իւրաքանչիւր նախադասութեան սկիզբը բանաստեղծութիւն մը կ՚արտասանէք, պատմական դէպք մը կը մէջբերէք, եւ զարմանալիօրէն՝ ամենայն ճշգրտութեամբ:
-Իմ գիւղէս՝ Խնձորեսկէն եւ գիւղի դպրոցէս, ուր ուսանած եմ տասը տարի, ունեցած եմ լաւ ուսուցիչներ, որոնք ջանք չէին խնայեր մեզի լաւագոյնը ջամբելու: Դպրոցական տարիներուս շատ կ՚երազէի դառնալ գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ: Դպրոցը աւարտելէ ետք, հօրմէս կը խնդրէի զիս Պաքու ուղարկել՝ ուսանելու, բայց հայրս դէմ էր, քանի որ ես նիհար եւ վտիտ երախայ մըն էի, ան չէր ուզեր, որ տունէն հեռու, օտար քաղաքի մը մէջ առանձին մնամ: Ես տենդի մը տեսակով հիւանդացած էի, եւ հակառակ, որ բուժուած էի, բայց կը պատահէր, որ ջերմութիւն եւ դող կ՚ունենայի, իսկ կշիռքս հազիւ 40 քիլօկրամ էր:
-Իսկ ինչո՞ւ կ՚ուզէիք ուսանիլ Պաքուի մէջ:
-Պաքուն այն ժամանակ տարածքաշրջանի կրթական կեդրոնն էր, շատեր հոն կ՚երթային ուսանելու, միեւնոյն ատեն Պաքուն Կովկասի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան կեդրոն էր եւ համբաւ ու հռչակ կը վայելէր: Քանի որ մեր գիւղը Զանգեզուրի հարաւ-արեւելքին մէջ էր, կապը շատ դժուար էր եւ ձմրան՝ գրեթէ անկարելի, քանի ոչ մէկ փոխադրամիջոց կար դէպի Երեւանի համալսարանները: Մինչ Պաքուն արդէն իսկ նշանաւոր էր իր կրթական կեդրոններով, հայ համայնքով, հայկական կառոյցներով եւ մեր քովէն երկաթուղին կը հասնէր Պաքու: Միւս կողմէ ալ հօրեղբայրս հոն կը բնակէր եւ կնոջ հետ համաձայնած էին զիս իրենց տունը ընդունելու:
Դպրոցի աւարտական տարուան ամառը անընդհատ հայրս կը համոզէի, որ երթամ Պաքու, ան Օգոստոս ամսուն համաձայնեցաւ, որպէսզի ուսման երթամ: Արդէն ուշացած էի հիմնական քննութիւններուն եւ իմ ուզած բաժինը չընդունուեցայ, բայց խօսք տուին, որ տեղ ըլլալուն պէս կը փոխադրեն զիս:
Հազիւ քանի մը ամիս ուսանած էի, երբ Գորիսէն նամակ մը ստացայ իմ զինուորական ծառայութեան անցնելուն վերաբերեալ: Ամէն ինչ մթագնեցաւ, ստիպուած էի վերադառնալ: 1940 թուականի վերջաւորութիւնն էր: Իսկ 1941 թուականի Յունիսին, երբ հակառակ գերմանախորհրդային դաշնագրին, գերմանական զօրքերը մտան Խորհրդային Միութիւն, նոյն օրն իսկ, առաւօտ կանուխ Խնձորեսկցի երեք հարիւր տղամարդ ռազմաճակատ մեկնեցաւ: Կը տանէին ոչ միայն երիտասարդները, այլ անկախ տարիքէն, ընտանիքի հայրերը եւս... Բոլորը տարին անյայտ ուղղութեամբ, գիւղը լալահառաչ կը ճանապարհէր բոլորը, ես կը դիտէի այդ սարսափելի լացի ու կոծի տեսարանները՝ լաւ գիտնալով, որ շուտով իմ կարգն ալ պիտի գայ: 28 Դեկտեմբեր, 1941 թուականին ռազմաճակատ տարին նաեւ զիս: Մանկութեանս վայրերուն, սիրելի հարազատներուս եւ թանկագին գիւղիս հրաժեշտ տուի ու մեկնեցայ: Մեզ տարին Կովկաս՝ զինուորական պատրաստութեան համար: Մեր զինուորական կեանքը սկիզբ առաւ երդումով, երդուեցինք ծառայել մեր երկրին եւ Սթալինին եւ երդուեցինք, որ եթէ անխուսափելի ըլլայ գերի իյնալը, ապա վերջին փամփուշտը մեզի համար պէտք է գործածէինք...:
-Այնուամենայնիւ, ռազմագերի ինկած էք, սակայն յաջողած էք ողջ մնալ: Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այդ մէկը:
-Ռազմաճակատի մէջ եղած պահուս տեսած եմ պատերազմը՝ իր ամբողջ դէմքով, մահացած ու սովէն մեռնող մարդոցմով, մահուան սարսափներով, վիրաւորներով լեցուած հիւանդանոցներ՝ դիակներ, փոխադրամիջոցներ, որոնք ամիսներ շարունակ մեզի անյայտ ուղղութիւններով կը տանէին, որոնց մէջ կը վխտար սովը, ծարաւը, հիւանդութիւնը, ցուրտը...: 24 Հոկտեմբեր, 1942 թուականին, ռազմի դաշտին մէջ երեք ամիս մնալէ ետք, ընկերներուս հետ գերի ինկայ: Անշուշտ, մենք մեր կեանքին վերջ չտուինք, ինչպէս երդուած էինք ճակատ մեկնելէ առաջ, մենք երիտասարդ էինք եւ շատ դժուար էր որոշում կայացնել եւ մեր կեանքին վերջ տալ: Մեզի հանրակառքերով տարին Լեհաստան: Հոն բաւական ժամանակ մնալէ ետք՝ փոխադրեցին Սթրազպուրկ, երբ հանրակառքին պատուհանէն կարդացի Սթրազպուրկ, աչքերուս չէի հաւատար, որ իմ հայրենի գիւղէն այդքան հեռացած եմ: Ֆրանսայի՝ այդ չքնաղ երկրին մասին գիտէի միայն դպրոցական դասագիրքերէն: Ֆրանսա հասնելէն ետք միայն իմացայ Նացի Գերմանիոյ դէմ երկար ու դաժան պատերազմին բոլոր շրջադարձերուն մասին:
-Իսկ ինչպէ՞ս հասաք Փարիզ:
-Փարիզ հասայ շնորհիւ ճատրակի իմացութեանս: Անհաւատալի է, բայց այդ խաղը փրկեց իմ կեանքս եւ շրջադարձ մը տեղի ունեցաւ: Խորհրդային ռազմագերիներուն համար նախատեսուած ֆրանսական ճամբարներէն մէկուն մէջ՝ Ռենի ճամբարէն ներս օր մը յայտարարուեցաւ ճատրակի մրցոյթ: Ես, որ ճատրակը սորված էի իմ հայրենի գիւղին մէջ եւ տարուած զարմանահրաշ այդ խաղով՝ յաղթող հանդիսացայ: Իբրեւ պարգեւ, ղեկավարները արտօնեցին ինծի քաղաք երթալ ու պտըտիլ: Հաւանաբար թուղթ ու ժամանակ չվատնելու համար ինծի տուին նախորդ յաղթողին արտօնագիրը՝ Չալիեւսկիի անունով թուղթ մը, եւ ես այդ անունով քաղաք մտայ: Փողոցները պտըտելու ժամանակ հայաստանցի տղայ մը մօտեցաւ ինծի եւ խորհուրդ տուաւ փախչիլ եւ հասնիլ Փարիզ: Ես կը վարանէի, ըսի, որ թուղթ նոյնիսկ չունիմ, թուղթ մը ունիմ, որ նոյնիսկ իմ անունովս չէ: Ան երկարօրէն համոզեց զիս եւ մենք այդտեղէն հեռացանք: Որոշ ժամանակ մը Փարիզ մնալէ ետք, երբ արդէն աւարտած էր պատերազմը, զիս դատի հրաւիրեցին: Երկու ոստիկաններու ուղեկցութեամբ գացինք Փարիզի Խորհրդային Միութեան գրասենեակը, ուր թուղթ մը խծբծեցին, որ ես պէտք է վերադառնամ Ռեն, ուրկէ եկած էի: Վերադարձայ ծանօթներուս քով, անոնք խորհուրդ տուին երթալ Վերսայի ոստիկանապետին մօտ, որ պահանջեց անձս հաստատող փաստաթուղթ մը, տուի իմ քովս եղած արտօնագիրը: Ան թուղթ մը վերցուց, բարկացաւ, որ հայ ըլլալով կը կրեմ ռուսի մը արտօնագիրը եւ ինծի տուաւ Չալոյեան մականունը: Այդ ոստիկանպետը ամենայն հաւանականութեամբ հակախորհրդային էր: Այդպէս իմ փաստաթուղթերը նորոգուեցան արդէն նոր մականունով, նոյնիսկ տարբեր ծննդեան թուականով: Այդպէսով Ֆրանսան դարձաւ իմ երկրորդ հայրենիքը: Ես ամէն ինչ կ՚ընէի Խորհրդային Միութիւն չվերադառնալու համար, քանի որ գիտէի, թէ Ֆրանսայի նախագահն ու Սթալինը պատերազմէն յետոյ համաձայնութիւն կնքած էին, որ Ֆրանսայի տարածքին գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան ներկայացուցիչները պէտք է յանձնեն Խորհրդային Միութեան, ուր ռազմագերիները, Սիպերիա պիտի աքսորուէին, քանի որ գերի ինկած են:
-Ինչպէ՞ս կրցաք կապ հաստատել ձեր ծնողքին հետ:
-Շատ ուշ: Ես անոնց բարեկամի մը միջոցաւ նամակ եւ նկար ղրկած էի, որ ողջ մնացած եմ, բայց անոնք զգոյշ էին այդ մասին բարձրաձայնելու, քանի որ ընտանիքս վտանգի կ՚ենթարկուէր, եթէ տեղեկութիւն տարածուէր, որ ես ողջ մնալէ ետք կեանքիս վերջ չեմ տուած եւ յետոյ ալ չեմ վերադարձած: Իսկ հարազատներս կրցայ տեսնել 1966 թուականի Օգոստոսին, երբ ինքնաշարժով բարեկամներուս հետ գացինք Խորհրդային Միութիւն, բազմաթիւ փաստաթուղթերէ, հարցաքննութիւններէ եւ դժուարութիւններէ ետք ստացանք զիրենք տեսնելու իրաւունքը: Դժուար է նկարագրել այն բոլոր ապրումները, զորս ունեցած եմ մինչեւ Հայաստան հասնիլս, երբ տարիներու բացայակութենէ ետք ողջագուրուած եմ մօրս, հօրս, եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ: Ես արդէն ամուսնացած էի ֆրանսահայ Արաքսիին հետ, ունէինք որդի մը, ընտանիքս հետս էր այդ եւ հետագայ տարիներուն Հայաստան ճամբորդութիւններուս ընթացքին: Փարիզի մէջ հիմնեցի գորգերու գնահատման եւ վաճառքի իմ գործը, եւ բաւական մեծ յաջողութիւններ ունեցած եմ այդ բնագաւառին մէջ: Ճամբորդելով հարիւրաւոր երկիրներ, հաւաքած եմ զանազան ազգերու գորգեր եւ արուեստի նմոյշներ, որոնց մէջ փնտռած եւ գտած եմ մանաւանդ հայկականը, զորս մինչեւ այսօր մասունքի նման կը պահեմ, իսկ բաւական մեծ թիւով արուեստի գործեր ալ նուիրաբերած եմ Հայաստանին:
Ուր որ ալ գացած եմ հայրենիքս, գիւղս, ոչ մէկ վայրկեան լքած ենզիս, հետս եղած են կեանքիս բոլոր պահերուն եւ Աստուծոյ ինծի պարգեւած ողջ կեանքին տեւողութեամբ պիտի ծառայեմ իմ գիւղին եւ հայրենիքին:
Ցաւօք, տարիքս եւ ապրած վիշտս, կնոջս եւ որդիիս կորուստը անվերադարձ թախիծին գիրկը նետած են զիս, բայց ես հպարտ եմ, քանի ինչ որ ստացած եմ հայրենի հողէն, այսօր վերադարձնելու եւ կրկին հայրենիքը զգալու հնարաւորութիւնը ունիմ:
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
2015 թուականին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ Զինեալ ուժերու կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առթիւ Բ Աշխարհամարտի մասնակից, ֆրանսաբնակ Մուշեղ Մելիքի Չալոյեան-Մարտիրոսեանը պարգեւատրած է «Դրաստամատ Կանայեանե» մետալով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ