ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ…

12 Օ­գոս­տո­սը Ե­րի­տա­սա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին օրն է: Այս տա­րի ՄԱԿ-ը այս օ­րը օգ­տա­գոր­ծած էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը ամ­րագ­րե­լու ՄԱԿ-ի Կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման մէջ: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ բազ­մա­թիւ ու զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պուե­ցան, հա­մա­ցան­ցի եւ ըն­կե­րա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ցան­ցե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծուե­ցան, հան­դի­պում­ներ, ար­շաւ­ներ, հա­ւաք­ներ ու զա­նա­զան ծրա­գիր­ներ գոր­ծադ­րուե­ցան:

Ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու­նե­ցած դե­րին ու տե­ղին մա­սին քննար­կում­նե­րը ժա­մա­նա­կավ­րէպ դար­ձած են: Աշ­խար­հը կը խօ­սի ո՛չ թէ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, այլ՝ ե­րի­տա­սար­դին ու­նե­ցած կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու ձե­ւե­րուն եւ մի­ջոց­նե­րուն: Ա­ւե­լի՛ն. շու­կա­յի տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը այն­քան սկսած է մրցու­նակ դառ­նալ, որ գոր­ծի աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ տա­րի­քա­յին խտրա­կա­նու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց խախ­տում­նե­րու հար­ցեր սկսած են բարձ­րա­նալ:

Ե­րի­տա­սա­րու­թեան հետ կա­պուած ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի մի­ջեւ մաս­նա­տում­ներ կա­տա­րե­լը այդ­քան ալ գործ­նա­կան չէ: Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր այ­սօ­րուան ու­նե­ցած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով շրջած է զա­նա­զան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ: Իսկ մենք տա­կա­ւին ե­րի­տա­սար­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը գո­վեր­գե­լով զբա­ղած ենք: Կը հաս­տա­տենք, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ներ­կան ու ա­պա­գան է, բայց այս հաս­տա­տում­նե­րը կը մնան բե­մե­րու վրայ, եւ մենք մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ քիչ կը հան­դի­պինք խոր­քով ու ո­գիով, ո­րա­կեալ ու նպա­տա­կաս­լաց ե­րի­տա­սար­դա­կա­նա­ցած եւ ժա­մա­նա­կա­կից ծրա­գիր­նե­րու: Ինչ­պէս՝ շարք մը ե­րե­ւոյթ­նե­րու մէջ, կե­ղե­ւով կը հե­տաքրք­րուինք ու կո­րի­զը կ՚ան­տե­սենք:

Մեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ե­րի­տա­սարդ ներգ­րա­ւե­լը ՄՈ­ՏԱ­ՅԻՔ ե­րե­ւոյ­թի վե­րա­ծե­լէ ա­ւե­լի՝ խոր­քա­յին հա­մո­զում պէտք է դառ­նայ, եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տեղ ու ա­ռիթ տա­լը ո՛չ թէ լոկ ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար կա­տա­րուի, այլ նաեւ ե­րի­տա­սար­դա­կան մտքի ու ո­գիի վե­րա­կեն­դա­նու­թեան ծա­ռա­յէ: Քիչ չէ  թի­ւը այն կա­ռոյց­նե­րուն, ո­րոնք ե­րի­տա­սարդ տար­րեր, գե­ղե­ցիկ գրա­սե­նակ­ներ ու այլ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լէ ետք կը շա­րու­նա­կեն հին ու մա­շած, ժա­մա­նա­կավ­րէպ աշ­խա­տե­լաո­ճե­րով գոր­ծել: Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նա­նալ` չի նշա­նա­կեր միայն ար­դիա­կան գոր­ծիք­ներ, հա­մա­ցան­ցա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու տա­րի­քով ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տա­կից­ներ ու­նե­նալ, այլ կ՚են­թադ­րէ` կարծ­րա­տի­պե­րը յաղ­թա­հա­րել, մտա­ծե­լա­կեր­պե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել, յստակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ ճշդել, ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րել, տե­ղայ­նա­կան ու նեղ հո­րի­զոն­նե­րէ խու­սա­փիլ եւ լայն ու հա­մա­մարդ­կա­յին-հա­մաշ­խար­հա­յին մտա­սե­ւե­ռում­ներ ու­նե­նալ:

Շարք մը կա­ռոյց­նե­րու մէջ, ըլ­լան ա­նոնք կա­մա­ւոր թէ վճա­րո­վի, ե­րի­տա­սարդ տարր ու­նե­նա­լու պատ­րուա­կին տակ պաշ­տօն­ներ կը տրա­մադ­րուին ան­բան, եր­բեմն ա­նուս կամ ոչ մաս­նա­գէտ, չա­րա­միտ ու խո­րա­մանկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք կը ժա­ռան­գեն ու կը կրեն հի­նէն ար­մա­տա­ւո­րուած ձրիա­կե­րու­թեան, ա­թո­ռա­պաշ­տու­թեան, պնակ­լէ­զու­թեան, կոյր կա­մա­կա­տա­րու­թեան ու շա­հա­մո­լու­թեան զզուե­լի ախ­տե­րը: Միւս կող­մէ` ըն­դու­նե­լու ենք նաեւ, որ սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րուն կա­մա­ւոր եւ կամ վճա­րո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը օ­րէ օր կը կորսնց­նեն ի­րենց հմայ­քը եւ չեն բա­ւա­րա­րեր այ­սօ­րուան ժա­մա­նա­կա­կից ու պա­հան­ջուած տուեալ­նե­րով օժ­տուած ե­րի­տա­սար­դին բազ­մա­պի­սի (նե­րա­ռեալ նիւ­թա­կան) պա­հանջ­նե­րը: Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը բազ­մա­թիւ են, սա­կայն կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել զա­նոնք, երբ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցում կը ցու­ցա­բե­րուի, նշեալ կա­ռոյց­նե­րուն մէջ հաս­տա­տու­թե­նա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը կ՚ամ­րապն­դուին, եւ բո­լո­րին ար­դար, հա­ւա­սար ու ար­ժա­նա­վա­յել հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը տրա­մադ­րուին:

Այս ծի­րին մէջ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ սփիւռ­քեան ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, բաղ­դա­տած հա­յաս­տա­նաբ­նակ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու կա­ռոյց­նե­րուն, նուազ ներգ­րա­ւուած են մի­ջազ­գա­յին ծրա­գիր­նե­րու եւ աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ: Միայն ՄԱԿ-ի մէջ տաս­նեակ ծրա­գիր­ներ կան, ո­րոնք մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ կը բա­նան, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու, նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րու ծա­նօ­թա­նա­լու եւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մե­րու վրայ մեր ազ­գա­յին խնդիր­նե­րը ար­ծար­ծե­լու ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծեն: Կ՚ար­ժէ լուրջ աշ­խա­տանք տա­նիլ՝ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­մա­կար­գուած ձե­ւով մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան ան­ցու­դար­ձե­րուն մէջ ներգ­րա­ւե­լու:  Լաւ է ուշ, քան եր­բեք:

Ի­րենք զի­րենք ե­րի­տա­սարդ նկա­տող եւ 21-րդ դա­րու ե­րի­տա­սար­դին պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն­նե­րուն տէր բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն օ­րը շնոր­հա­ւոր:

ԳԷՈՐԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ՃԵԱՆ

Վիեն­նա, 12 Օ­գոս­տոս 2016
«Ազ­դակ», Լի­բա­նան 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016