ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Օգոստոս ամսուն հայրենիքը կը վխտայ զբօսաշրջիկներով: Աշխարհի տարբեր երկիրներէն կը ժամանեն հայրենիք՝ անոր տեսարժան վայրերը ըմբոշխնելու: Զբօսաշրջիկները միայն հայեր չեն հարկաւ. բաւարար է երեկոյեան քալել Երեւանեան հրապարակներուն մէջ ու լսել հասկնալի ու անհասկնալի լեզուներ՝ անգլերէն, գերմաներէն, պարսկերէն, յունարէն, արաբերէն, հնդկերէն...: Թխադէմ արաբներ ու հնդիկներ, կարմրահեր ու շիկահեր սպիտակամորթ եւրոպացիք, չինացիք եւ այլ երկրացիներ կը շրջին՝ լեզուներու խառնարան մը գոյացնելով:
Կասկատի գեղատեսք աստիճաններուն վրայ կը հանդիպիմ ամերիկահայ զբօսաշրջիկ՝ վաթսունի մօտ կնկայ մը: Հարազատները զինք շրջապատած կ՚ուղեկցին, որպէսզի չսոսկայ ան աստիճաններէն իջնելու ժամանակ: Բարձրութենէն վախցող այս կինը դողալով կ՚իջնէ 600 աստիճան կազմող այս տեղէն. հոսկէ եկած են, ըստ երեւոյթին, ապաւինելով վերելակներու գոյութեան. սակայն անոնք անտեղեակ են, որ այս մուտքը կը փակուի երեկոյեան ժամը ութին: Ինծի համար ալ անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ կը փակուին վերելակին դռները: Եթէ պետութիւնը չ՚ըներ հաշիւը սովորական քաղաքացիին, որ կրնայ տարուան բոլոր եղանակներուն մերթ ընդ մերթ փոխադրամիջոցի փոխարէն օգտագործել այս վերելակը եւ այսպիսով կոպեկներ խնայել յօգուտ իր ընտանիքին, գոնէ հոգայ զբօսաշրջիկները, որոնցմէ լաւապէս կը շահի... անդին մոլերն ու հանրայայտ վաճառատուները չեն փակուիր:
Հրաշագեղ բնութիւնն ու անզուգական կլիման իրենց զգլխիչ զօրութիւնը կը սփռեն, կը կախարդեն: Զբօսաշրջիկներուն համրուած օրերն ու ժամերը կը գլորին, կը սահին: Կազմուած են ծրագիրներ տարբեր ուղիներով. Սեւանի ուղղութեամբ անոնք կարելիութիւնն ունին այցելելու նաեւ Գառնին ու Գեղարդը, Ծաղկաձորը, Դիլիջանն ու յարակից վանքերն ու եկեղեցիները, իսկ Ջերմուկի ուղղութեամբ անկարելի է կանգ չառնել Խոր Վիրապի ու Նորավանքի մէջ եւ Ջերմուկը անցնելով ալ Տաթեւի երկարագնաց ճոպանուղիով հասնիլ հրաշագեղ Տաթեւի վանքը, հոգ չէ թէ ճանապարհները խորտ ու բորտ են ու յոգնեցուցիչ: Շատ են տեսարժան վայրերը, գանձերը հայրենի: Աճապարանօք զբօսնելը, հանգիստի պահերն իսկ կը խլէ: Ի՞նչ հանգիստ, վայրկեան մ՚իսկ կորսնցնելը անհնար է. միւս կողմէն կազդուրիչ կլիման կ՚ոչնչացնէ յոգնածութիւնն ու կը նախապատրաստէ նորանոր այցելութիւններու:
Ութ տարի առաջ այցելած եմ Խոր Վիրապն ու Նորավանքը, ինչպէս նաեւ Ջերմուկը, սակայն իւրաքանչիւր այցելութիւն իր դրոշմը ունի: Առաջին այցեութիւնը միշտ ալ տարբեր կը թուի: Ինչո՞ւ արդեօք: Թերեւս երկու տարուան կեցութիւնս է պատճառը, որ առիթ մըն էր մօտէն հաղորդակցելու ու զգալու հայաստանցիին մտահոգութիւնն ու մաքառումի կսկիծը: Վարորդը կը շեշտէ զգացումներս մտատանջ արտայայտութեամբ մը. «Եօթ զաւակներու հայր եմ, երկու տղերքս բանակ են գնացել՝ մեծը առաջնագծում էր կռւում Ապրիլեան դէպքերին, միւսին նոր եմ տարել ու յանձնել ծառայութեան: Էսպէս չի լինի, թող ծառայութիւնն աւարտեն ու գան, ես էլ եմ ընտանիքս տանելու մի այլ բարւօք երկիր: Էստեղ ապագայ չկայ»:
Կը հասնինք Ջերմուկ, խումբ-խումբ զբօսաշրջիկներ կը թափառին փողոցներու մայթերուն վրայ, կը զմայլին Արարիչին ստեղծագործութեամբ, դրախտի պատառիկ մըն է կարծես աշխարհի այս հատուածը, ամէն կողմ ջուր՝ հանքայինը, ջրվէժը, ակերը, լիճը, բնութեան վայրին ու ընտանին առկայ են: Կը նստիմ լճափի նստարաններէն մէկուն վրայ, առանց իսկ նկատելու կողքիս նստած տատիկը, զմայլանքը կուրցուցած է զիս եւս, չեմ ուզեր աչքս թարթել, բայց տատիկը համեստօրէն կը բարեւէ ու.
-Աղջիկ ճան, ո՞նց ես, արտասահմանի՞ց ես, նո՞ր ես եկել...:
Գլխով այոս կը նշմարէ ու կը շարունակէ.
-Դուք էլ չլինէ՛ք, մենք լաւ չենք լինի, էս տարի էնքան էլ լաւ չի ամառը: Պատերազմի հոտերը ձեզ նմաններին սարսափեցրել են երեւի էստեղ գալուց:
Տատիկը կարծես մտիկ ընող մը կ՚որոնէ կիսելու համար իր մտահոգութիւնները, ու կը յաջողի զիս խլել բնութեան հեքիաթային գիրկէն եւ ուշադրութիւնս կեդրոնացնել իր վրայ.
-Ինչո՞ւ տատիկ, ի՞նչ կայ որ,- հետաքրքրութեամբ կը հարցնեմ:
-Մեզ նմանների տարեկան հասոյթը ձեզանից է կախուած,- կը շարունակէ,- Ես ունեմ մի լաւ սարքած բնակարան, որի ծախքը հոգացել են իմ տղերքը, ովքեր Ռուսաստանում են ապրում ու աշխատում, իրանց էստեղի ընտանիքներին փող են ուղարկում, ես էլ իմ աղջկայ հետ ամրան էն ափում մի էժան բնակարան եմ վարձում, որ սարքած չի, կազ իսկի չկայ, ու իմ բնակարանը վարձով եմ տալիս արտասահմանցիներին, ու էսպէս սպասում ենք մինչեւ տունը դատարկուի, որ կարանք լողանանք... մեր ամառը էս ա, աղջիկ ճան, պա՛, իսկ ձմրան դատարկւում է քաղաքը բնակիչներից, ծերանոցի է վերածւում, դպրոցներում անգամ երեխաների թիւը նուազել է, բոլորը գնում են արտասահման կամ էլ իջնում Երեւան՝ ուսման համար...:
Հայեացքս կ՚իյնայ հինգ աստղանի պանդոկներուն, զբօսաշրջիկներուն, որոնք շռայլութեամբ յուշանուէրներու կրպակներուն դէմ կանգնած հիացմունքով կը դիտեն հայակերտ մանեակներ, հայադրոշմ իրեր, հայերէն տառերով ու Մասիսներու գագաթներով գեղեցիկ գծանկարներ եւ կը շուարին, թէ ո՞ր մէկը գնեն, որ յիշատակ մը ունենալով յաւերժացնեն այս այցելութիւնը, իրենց բնակարաններուն մէկ անկիւնը զարդարեն խորհրդանիշով մը՝ «այս տեղերն ալ այցելած ենք»ի մտայնութեամբ այլ վայրերու լուսանկարներու հաւաքածոյին վրայ այս յուշերը եւս աւելցնեն:
Հեռուէն կը մօտենայ բարեկամ մը, արագ մը կը բարեւէ, նոյնիսկ խօսելով ժամանակ կորսնցնել չ՚ուզեր, տեսախցիկը ձեռքին կը նկարէ հա կը նկարէ, ան ալ աս ձեւով կը յաւերժացնէ վայրկեաններ ու ժամեր: Աչքերը կը փայլին, երջանկութիւնը անսահման է, կը լուսանկարէ ամէն ինչ, ու ահա կը մօտենայ, առձեռն հեռաձայնը կը պատրաստէ ինքնիկ մը առնելու, կը նստի կողքս ու.
-Աս նկարին մէջ ես ալ կ՚ուզեմ ելլել քեզի հետ, որ յիշեմ հոս քեզ ալ տեսած ըլլալս:
-Իսկ ես կ՚ուզեմ աս տատիկն ալ ելլէ պատկերին մէջ ու անպայման ինծի ալ օրինակ մը կը ղրկես,- կ՚ըսեմ, բայց արդեօք լուսանկարը կը թափանցէ՞ տատիկին տառապեալ պատմութիւնը եւս...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ