ԿԱՅՈՒՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը նա­խըն­թաց օր ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս նա­խա­րա­րաց հա­ւա­քը։ ՀԱՊԿ-ի ան­դամ վեց եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ներ­կայ էին Ե­րե­ւա­նի քննար­կում­նե­րուն։ Այս շար­քին Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւնն ալ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ ՀԱՊԿ-ի ժո­ղով­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր ռուս նա­խա­րա­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի կող­մէ։ Նա­խա­րա­րաց հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա։

Սէր­կէյ Շոյ­կու Ե­րե­ւա­նէն ա­ռաջ այ­ցե­լեց նաեւ Պա­քու, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած են նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Շոյ­կու եւ Հա­սա­նով կանգ ա­ռին նաեւ Կաս­պից ծո­վու ան­վան­գու­թեան խնդիր­նե­րուն վրայ։

Սէր­կէյ Շոյ­կու Ե­րե­ւա­նի մէջ ալ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ ծա­ւա­լեց բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­ներ։ Յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ Ռու­սաս­տան եւ Հա­յաս­տան կը պատ­րաս­տուին ստո­րագ­րել հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի զօր­քե­րու միա­ցեալ խմբա­ւոր­ման մը ստեղ­ծուի­լը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը կը գտնուին եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մէջ։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ա­նա­թո­լի Ան­թո­նով տե­ղե­կա­ցուց, որ Սէր­կէյ Շոյ­կու Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նին ա­ռա­ջար­կած է նաեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րել ճա­ռա­գայ­թա­յին, քի­միա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կի յայտ­նա­բեր­ման ու գնա­հատ­ման գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Սա ծրագ­րուած է ի շահ եր­կու եր­կիր­նե­րու զօր­քե­րու միա­ցեալ խմբա­ւոր­ման եւ այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րուած է։ Փաս­տա­թուղ­թը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ կա­նո­նա­կար­գե­լու հա­մար յի­շեալ ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­տեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ռուս փոխ-նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, որ իր երկ­րի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նը կը նկա­տէ Անդր­կով­կա­սէ ներս դաշ­նա­կից եւ ա­ռանց­քա­յին գոր­ծըն­կեր։ Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կ՚ըն­թա­նայ թէ՛ երկ­կող­մա­նի հար­թու­թեան վրայ եւ թէ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ձե­ւա­չա­փէն ներս։

Ա­նա­թո­լի Ան­թո­նով Ե­րե­ւա­նի մէջ  յայ­տա­րա­րեց նաեւ, թէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս հաս­տա­տուած ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խը կա­յու­նու­թեան ե­րաշ­խիք մըն է տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մար։

ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վէն վերջ Սէյ­րան Օ­հա­նեան սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա­յի ներ­կա­յու­թեամբ ան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ նա­խա­րար­նե­րուն յա­ջորդ հեր­թա­կան ժո­ղովն ալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ, յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին։ «Մեր հան­դի­պում­նե­րու ձե­ւա­չա­փը իւ­րա­յա­տուկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ քննար­կե­լու հա­մար ար­դի հար­ցե­րը՝ հա­շուի առ­նե­լով ՀԱՊԿ-ի տա­րած­քաշր­ջան­նե­րէն ներս ստեղ­ծուած ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ Կով­կա­սը», ը­սաւ Օ­հա­նեան։

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սէյ­րան Օ­հա­նեան-Սէր­կէյ Շոյ­կու տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար­ներ եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կանգ ա­ռած են ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տին վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րու վրայ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը շօ­շա­փե­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան Սու­րիոյ մէջ առ­կայ ներ­քին պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ռու­սա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Սէր­կէյ Շոյ­կուի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րուող սպա­ռա­զի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ծա­նօթ է, որ ռու­սա­կան կող­մը 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ վարկ մը տրա­մադ­րած է Հա­յաս­տա­նին եւ այդ վար­կով հայ­կա­կան կող­մը մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը նա­խա­տե­սէ ու­նե­նալ ար­դիա­կան զէնք ու զի­նամ­թերք­ներ։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց ռու­սա­կան կող­մը կը յա­պա­ղեց­նէ այդ զէն­քե­րուն ու զի­նամ­թեր­քին մա­տա­կա­րա­րու­մը։ Խնդրին քննար­կում­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն թափ ստա­ցած են Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ան­ցեալ Ապ­րի­լին պա­տա­հած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին զու­գա­հեռ։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէր­կէյ Շոյ­կու Ե­րե­ւա­նի մէջ հրա­ժա­րե­ցաւ պա­տաս­խա­նե­լէ այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Այս նիւ­թը ա­ռա­ւել եւս զգա­յուն դար­ձաւ, ո­րով­հե­տեւ Շոյ­կուի վեր­ջին Պա­քու այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան կը նա­խա­տե­սեն զգա­լիօ­րէն ընդ­լայ­նել եւ յստա­կեց­նել ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Այս հար­ցա­կան­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ հե­տաքրք­րա­կան հա­ղոր­դում­ներ լոյս տե­սան ռու­սա­կան «Իզ­վես­տիա» թեր­թին մէջ։ Այս­պէս, մատ­նան­շուե­ցաւ, որ Ռու­սաս­տան Ատր­պէյ­ճա­նին մա­տա­կա­րա­րած նոյն զէն­քե­րը պի­տի տրա­մադ­րէ նաեւ Հա­յաս­տա­նին։ Թեր­թը շեշ­տեց նաեւ, թէ 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ վար­կով Հա­յաս­տա­նին հա­մար նա­խա­տե­սուած զէն­քե­րուն մա­տա­կա­րա­րու­մը ար­դէն սկսած է։ Բայց եւ այն­պէս, Մոս­կուա եւ Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­պէս չեն նշեր ժամ­կէտ­ներ եւ մատ­կա­րա­րուող զէն­քե­րուն տե­սակ­նե­րը։ Զէն­քե­րու մա­տա­կա­րար­ման ա­ռըն­թեր, ռու­սա­կան կող­մը պի­տի զբա­ղի նաեւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լիք հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­թեամբ։ Այս տե­ղե­կու­թիւ­նը հաս­տա­տուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեա­նի կող­մէ։

Մաս­նա­գէտ­նե­րու պար­զա­բա­նում­նե­րով, խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ծանր սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք զգա­լիօ­րէն պի­տի ու­ժե­ղաց­նեն հայ­կա­կան բա­նա­կը։ Ռու­սա­կան թեր­թը կը շեշ­տէ, որ թէեւ մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը սկսած են, սա­կայն զի­նա­տե­սակ­նե­րու ցու­ցա­կին շուրջ տա­կա­ւին վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը չէ գո­յա­ցած կող­մե­րուն մի­ջեւ։ Հա­յաս­տան մտա­դիր է Ռու­սաս­տա­նէն ա­պա­հո­վել «Սմերչ» եւ այլ կարգ մը հա­մա­զար­կա­յին հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր եւ զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­ներ։ Թեր­թը տեղ տուած է նաեւ ռազ­մա­կան հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ Անտ­րէյ Ֆո­րո­լո­վի տե­սա­կէտ­նե­րուն, ըստ ո­րոնց, Մոս­կուա Ե­րե­ւա­նին կը տրա­մադ­րէ այն նոյն զէն­քե­րը, ո­րոնց­մէ ա­ւե­լի ա­ռաջ գնած էր Պա­քու։ Այդ զէն­քե­րը թէեւ պի­տի ու­ժե­ղաց­նեն հայ­կա­կան կող­մը, սա­կայն ա­զէ­րի կող­մը ո­րոշ չա­փով ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը պի­տի պահ­պա­նէ։ Ար­դա­րեւ, Ֆո­րո­լո­վի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պիւտ­ճէ­նե­րուն մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւ­նը շատ մեծ է։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հնա­րա­ւոր է միայն յստակ հաս­ցէագ­րուած ներդ­րում­նե­րով ի­րա­վի­ճա­կը չհասց­նել քրի­թիկ աս­տի­ճա­նի։ Սա ձե­ւով մը կ՚ա­պա­հո­վէ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016