«ՓԱՓԱՔՍ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱՒ. ԱՐԴԷՆ ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔՈՎՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՊՐԻՄ», ՍԱՆԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ՔԵՐԹԷՉԵԱՆ
ԽՄԲ.- Սանանը, դուստրն է մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին: Երիտասարդ զոյգին առած քայլը աւելի քան օրինակելի է, որուն համար յարմար տեսանք այս գրութիւնը բաժնել մեր ընթերցողներուն հետ: Քաջալերելի է ամէն հայ երիտասարդ զոյգ, որ նման որոշում կ՚առնէ: Մենք կը հաւատանք, որ նման քայլ մը, նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան արդիւնք է, որուն համար շնորհաւորելի են ծնողները:
Առաջին անգամ Սանան Գանտահարեանին հանդիպած էի մօտ երեք տարի առաջ, երբ դեռ կ՚ուսանէր Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մշակոյթի բաժանմունքի պարարուեստի բաժնին մէջ ու կ՚երազէր՝ օր մը վերջնականապէս հաստատուիլ Հայաստան. «Ամենամեծ փափաքս է, որ իմ երախաներս Հայաստանի մէջ ապրին, մեծնան եւ այստեղ դաստիարակուին: Եւ որպէս հայ մեծնալու համար՝ Սփիւռքի ամէնօրեայ պայքարին մէջ չըլլան»:
Մեր հանդիպումէն երկու տարի անց՝ 2015 թուականի Օգոստոս 8-ին, Սանանը մարմին տուաւ իր երազանքին եւ կատարեց իր կեանքի, թերեւս, ամենակարեւոր ու համարձակ քայլը՝ ամուսնացաւ ու ընտանիք կազմեց Հայաստանի մէջ: Իր կեանքի նոր սկիզբը՝ խորհրդանշական ու այնչափ գեղեցիկ, միախառնուելով հայրենիքի ճամբաներուն՝ դարձաւ Հայաստանի մէջ հաստատուելու ամուր հիմքը, որուն մասին Սանանը այսօր այնքան ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը խօսի. «Փափաքս իրականացաւ (որուն մասին պատմած էի մեր նախորդ զրոյցին ժամանակ). անցեալ տարի ամուսնացայ եւ արդէն իմ ընտանիքովս Հայաստանի մէջ կ՚ապրիմ: Նաեւ մագիստրատուրան աւարտեցի, որուն համար եւս ուրախ եմ: Ունիմ նաեւ աշխատանք: Կ՚աշխատիմ կանանց համար նախատեսուած «Օղակ» հասարակական, բարեգործական կեդրոնին մէջ, որ 2015 թուականի Նոյեմբերին ստեղծուած է: Կեդրոնին մէջ, որ 150-է աւելի անդամներ ունի, կը գործեն պարի, կար ու ձեւի, անգլերէնի, ձեռագործութեան դասընթացներ, պարբերաբար զանազան թեմաներով դասախօսութիւններ, հանդիպումներ կը կազմակերպուին: Կեդրոն յաճախող կանանց՝ կը փորձենք օգնել իրենց ազատ ժամանակը լեցնել եւ առօրեայ հոգերէն քիչ մը հանգստանալ: Ես նաեւ պար կը դասաւանդեմ. տարբեր տարիքի երեք խումբ ունիմ: Միաժամանակ պար կ՚ուսուցանեմ Նորք Մարաշի մանկապարտէզին մէջ՝ դարձեալ կամաւոր հիմունքներով:
«Աշխատանքը կեանքիս մէջ բաւականին բան փոխեց: Օգնեց ժողովուրդին, հասարակ մարդոց աւելի մօտ ըլլալ, տեսնել, թէ անոնք ինչպէ՛ս կ՚ապրին, ի՛նչ խնդիրներ ունին»:
Վեց տարի ապրելով հայրենիքի մէջ՝ Սանանը կրցած է յաղթահարել Հայաստանի մէջ որպէս հիւր եւ տանտէր ապրելու շատ նուրբ շեմն ու այդ փորձութենէն դուրս գալ՝ յաղթանակած. «Երբ դեռ ուսանող էի, Հայաստանի իրական կեանքը հեռուէն ծանօթ էր ինծի, ճանչցայ միայն, երբ սկսայ աշխատիլ: Հիմա կը տեսնեմ դիմացինիս առօրեայ հոգերը, դժուարութիւնները: Երբեմն նաեւ անոնց կեանքով ապրելով՝ կը հասկնամ, թէ ինչերու միջով ստիպուած են ամէն օր անցնելու: Ես ալ, անոնց հետ հաւասար, անցայ նոյն դժուարութիւններու միջով, բայց չեմ դժգոհիր: Սորվելով ու սորվեցնելով՝ կրցայ տեսնել ու հասկնալ իրական կեանքը՝ իր ողջ գեղեցկութեամբ ու դժուարութիւններով»:
Անցնող վեց տարիներուն ընթացքին ամենակարեւոր բանը, որ Սանան սորված է՝ պարզ մարդ ըլլալն է, հոգիով հանգիստ եւ միաժամանակ՝ պարզ, ցուցամոլութենէ ու ամէն տեսակ շքեղութենէ հեռու. «Հայաստանի մէջ սորվեցայ ուրախանալ պարզ, հասարակ բաներով: Օրինակ՝ Երեւանով զբօսնելը ինծի համար ամենամեծ հանգստութիւնն է, շուրջս ամէն ինչ այնքան հարազատ է ինծի, պարզ: Եւ ամենակարեւորը՝ ես կը վայելեմ այդ ուրախութիւնը: Այստեղ նաեւ ապահով կը զգամ, բան մը, որ չես գտներ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ:
«Վերջերս Ստեփանաւան գացած էի: Ճանապարհը խենդանալիք բան մըն էր՝ գոյնզգոյն ծաղիկներ, կանաչ դաշտեր, ծառեր: Կը նայէիր այդ գեղեցկութեան ու չէիր կշտանար: Նոյն զգացողութիւնը ունեցայ նաեւ Դսեղի մէջ՝ երբ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան կ՚այցելէինք»:
Սանանը հայրենիքի մէջ ապրելու իր երազանքով «վարակած» է նաեւ ամուսինը՝ Արէնը: Ֆրանսա ձգելով իր ընտանիքն ու կեանքը՝ Արէնը տեղափոխուած է Հայաստան նաեւ Սանանի կամքի ու յամառութեան շնորհիւ. «Արէնը եւս ցանկութիւն ունէր տեղափոխուելու Հայաստան, բայց կը տատանէր: Սակայն ես կրցայ զինք համոզել: Մտավախութեան հիմնական պատճառը աշխատանք գտնելն էր: Բոլորին յայտնի է, որ Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնելու դժուարութիւններ կան, աշխատավարձը բարձր չէ: Բայց կը կարծեմ, որ եթէ մարդ նպատակ ունի՝ ամէն ինչ կը յաղթահարէ ու կը հասնի իր երազանքին: Իմ փորձառութենէս կ՚ըսեմ:
«Առաջին երկու ամիսը շատ դժուար էր Արէնին համար: Ես ալ նոյն ճանապարհը անցած եմ ու լաւ կը հասկնայի զինք. նոր միջավայր, հեռու քու ընտանիքէդ: Բայց երկու ամիս յետոյ՝ արդէն պատրաստ ես բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու: Արէնը անցաւ այն նոյն ճանապարհով ու դժուարութիւններով, որ ես տարիներ առաջ անցած ու յաղթահարած էի: Միակ տարբերութեամբ՝ որ ան մինակ չէր: Դժուարութիւնները երկուքով աւելի հեշտ է յաղթահարել:
«Ես իրեն անընդհատ կ՚ըսէի, որ եթէ Ֆրանսա ապրինք, մեր փոքրիկները լիարժէք հայ չեն մեծնար՝ որքան ալ զանոնք հայկական միջավայրի մէջ մեծցնենք, հայկական դպրոց տանինք, ճիգ թափենք: Սփիւռքի մէջ շատ դժուար է հայ մնալը, ատիկա ամէնօրեայ պայքար է: Սփիւռքահայը կ՚ապրի ամէնօրեայ տագնապով, թէ ի՛նչ ընէ, որ ինքը, իր զաւակները հայ մեծնան: Ինչո՞ւ ես իմ զաւակներս ամէն օր այդ չարչարանքին միջով անցընեմ:
«Այս եւ այլ փաստարկներով՝ կրցայ Արէնին վստահութիւն ներշնչել, եւ անոր կեանքն ալ կամաց-կամաց հունի մէջ ինկաւ: Հիմա արդէն աշխատանք ունի. Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի երեւանեան աշխատակիցն է, թարգմանութիւններ կը կատարէ, յօդուածներ կը գրէ: Այնքան վարժուած է Հայաստանի կեանքին, որ Ֆրանսա դժուարութեամբ կը մեկնի»:
Սանանը հպարտութեամբ կը խօսի, նաեւ իր փոքրիկ յաղթանակը կը համարէ, որ հայրենիք տեղափոխուելու ցանկութեամբ միայն Արէնը չէ «վարակած». «Ընկերուհիս այսօր եւս Հայաստանի մէջ կ՚ուսանի: Կրնայ զարմանալի հնչել, բայց Լիբանանի մէջ զիրար միայն հեռուէն կը ճանչնայինք, իսկ այստեղ՝ մտերմացանք: Ան Պէյրութի մէջ լսած էր, որ պարարուեստ կ՚ուսանիմ Հայաստանի մէջ, ցանկութիւն յայտնած էր նոյնպէս այստեղ շարունակել ուսումը: Արդէն երրորդ տարին է: Ուրախ եմ, որ անոր մէջ Հայաստանի հանդէպ կապուածութիւն կրցայ ներշնչել:
Մօրաքրոջս տղան՝ Վարագ Սիսեռեանը, արդէն հինգ տարի է՝ Հայաստանի մէջ կ՚ապրի: Ամուսնացած է ու այստեղ կ՚ապրի, անոր կինը նոյնպէս Պէյրութէն է: Մենք հարեւաններ ենք, նոյն շէնքին մէջ կ՚ապրինք: Վարագը ինծի միշտ կ՚ըսէ. «Հայաստան տեղափոխուելուս պատճառը դուն ես, եթէ չըլլայիր՝ չէի գար»: Ան Ամերիկեան համալսարանին մէջ կ՚ուսանի, միաժամանակ կ՚աշխատի՝ որպէս դասախօսի օգնական:
«Կը հաւատամ ու նաեւ համոզուած եմ, որ կամաց-կամաց ամէն ինչ իր հունով կ՚ընթանայ: Ամենակարեւոր երազանքս, որ երախաներս Հայաստանի մէջ մեծնան՝ արդէն իրականացած է: Հիմա կ՚երազեմ երախայ ունենալ, Աստուծոյ կամքով այդ երազանքս ալ իրականութիւն կը դառնայ»:
Սանանի նորաստեղծ ընտանիքին համար հայրենիքը վերարժեւորելու իւրատեսակ փորձութիւն դարձաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը. «Պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք Արէնը եւ մօրաքրոջս տղան՝ Վարագը մեկնեցան Արցախ: Արէնը ըսաւ. «Ինչու պէտք է միայն հայրենիքի բարիքներէն օգտուինք, մենք ալ սովորական քաղաքացի ենք ու պէտք է մեր ժողովուրդին հետ միասին այդ ցաւը տանինք»:
«Երբ անոնք մեկնեցան, ես շատ մտահոգ էի, կը վախնայի, նոյնիսկ կը ցանկայի Արցախ մեկնիլ, անոնց կողքին ըլլալ, բայց Արէնը չձգեց: Հիմա շատ հպարտ եմ, որ երկուքն ալ մեկնեցան Արցախ՝ պատերազմի առաջին իսկ օրը: Երեք օր մնացին ու վերադարձան: Կը պատմէին, որ Ստեփանակերտի մէջ այդ օրերուն միայն կանայք մնացած էին, տղամարդիկ բոլորը առաջնագիծին էին, Հայաստանէն ու Սփիւռքէն մեկնածներն ալ կը փորձէին անդամագրուիլ կամաւորներու շարքերը: Իւրաքանչիւր ոք ամէն ինչ կ՚ընէր օգտակար ըլլալու համար:
«Շատ յուզուած վերադարձան: Երկուքն ալ գրեթէ մէկ ամիս անտրամադիր էին, շատ տխուր, նոյնիսկ վատ կը զգային, որ վերադարձած են: Արէնը առ այսօր չի սիրեր խօսիլ այդ օրերուն մասին: Բայց բան մը յստակ է՝ այդ օրերուն շնորհիւ անոնք աւելի կապուեցան հայրենիքին»:
Սանան արդէն իր կեանքը Հայաստանէն հեռու չի պատկերացներ: Հայրենիքի մէջ ապրիլը այլեւս անոր համար ոչ թէ երազանք է, այլ՝ իրականութիւն, որ որեւէ բան չի կրնար խաթարել: Եւ որ ամենակարեւորն է՝ հայրենիքին կը նայի բաց աչքերով ու իրական գոյներով: Հայաստանի մէջ կը զգայ ոչ թէ ժամանակաւոր հիւր, այլ մարդ՝ որ նաեւ պատասխանատու է հայրենիքին համար. «Հայրենիքէն կը հիասթափուին հիմնականին մէջ այն մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ հայրենիքը դրախտ է, ուր ամէն ինչ պէտք է իտէալական ըլլայ: Հայրենիքն ալ՝ ուրիշ երկիրներու պէս, ունի իր դժուարութիւնները, սխալները, միաժամանակ՝ իր դրական կողմերն ու գեղեցկութիւնը, որ ոչ մէկ տեղ կը գտնես:
«Կը կարծեմ, որ եթէ մէկը պիտի գայ Հայաստան, ապա երիտասարդ տարիքի մէջ պէտք է այդ քայլը ընէ, որպէսզի կարենայ ժողովուրդին հետ միասնաբար յաղթահարել դժուարութիւնները: Այլ ոչ թէ ձգէ ու հեռանայ կամ սպասէ, որ ուրիշ մէկը իր փոխարէն այդ դժուարութիւնները յաղթահարէ: Օրինակ՝ երբ ընտանիքէդ ներս խնդիր կը ծագի, դուն չես ըսեր՝ երթամ հարեւանի տուն, երբ ամէն ինչ հարթուի՝ նոր կը վերադառնամ: Պէտք է փորձել ու միասնաբար լուծել խնդիրները, որպէսզի աւելի հանգիստ ապրիս: Ինծի կը զայրացնէ նաեւ այն միտքը, երբ կը լսեմ՝ թոշակառու ըլլամ, նոր կու գամ Հայաստան: Հայրենիքը միայն թոշակառուներու երկիր չէ: Հայրենիքին պէտք են երիտասարդներ, որոնք կրնան ինչոր բան ընել իրենց երկրին համար, սորվին, սորվեցնեն, օգնեն, որպէսզի երկիրը զարգանայ:
«Երբեմն մեր երիտասարդներուն կը պակսի առողջ բանականութիւնը, հարցերը ճիշդ կողմէն տեսնելու կարողութիւնը: Պէտք է աւելի ճկուն ըլլան: Շատերը կը կարծեն, որ դուրսը ամէն ինչ հեշտ կը տրուի: Ուրեմն՝ թող երթան ու տեսնեն դուրսի տանջանքը: Այդ ժամանակ միայն հայրենիքի արժէքը կը գիտնան:
«Հայաստանը ինծի համար ընտանիքի պէս է, Երեւանի մէջ ամէն ինչ իմս է՝ մարդիկ, ջուրը, օդը: Միակ ցանկութիւնս է, որ իմ երկրիս մէջ ամէն դժուարութիւն շատ արագ յաղթահարուի, որ արդարութիւնը միայն խօսքեր չըլլայ, որ իւրաքանչիւր մարդ ապրի այն կեանքով, որուն արժանի է»:
Սանանը այսօր կ՚ապրի այն կեանքով եւ այն վայրին մէջ, ինչ որ ինք ընտրած է՝ շնորհիւ իր յամառութեան, վճռականութեան ու չնահանջող լաւատեսութեան: Լսելով զինք՝ միայն մէկ բան կը ցանկաս, որ անոր պէս մտածողներն ու սեփական երազանքի համար պայքարողները շատ ըլլան ու չհիասթափուին առաջին իսկ դժուարութենէն. «Վեց տարուան հայրենադարձ եմ: Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ կրցայ իմ որոշումիս հաւատարին մնալ եւ անցնիլ այս 6-ամեայ ճանապարհը: Շնորհակալ եմ հայրենիքին, որ ուժ տուաւ ինծի: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ որեւէ երկրի մէջ՝ պիտի կրնայի ընտանիքէս հեռու ապրիլ: Հայաստանն ու ժողովուրդը զիս «փրկեցին», օգնեցին, որ նոր Սանան ծնի՝ հայաստանցի Սանան:
«Եւ իմ փորձառութենէս ելլելով՝ կ՚ուզեմ Սփիւռքի մէջ ապրող իմ հասակակիցներուս խորհուրդ տալ, որ չվախնան կտրուկ որոշում կայացնելէն ու գան հայրենիք: Ես այսօր հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ այլեւս հայաստանցի եմ»:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Հայերն այսօր»
«Զարթօնք», Պէյրութ