«ՃԱՆԱՉԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԴ-2016». ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի «Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ա­մառ­նա­յին չոր­րորդ ճամ­բա­րը՝ տասն օ­րուան ըն­թաց­քին՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած է տեղ­ւոյն հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն այ­ցե­լե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­րե­ւո­րա­գոյն պատ­մամ­շա­կու­թա­յին եւ բնու­թեան յու­շար­ձան­նե­րը:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, շփուե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ա­մե­նօ­րեայ կեան­քին հետ` ա­նոնք կրցած են ճանչ­նալ հայ­րե­նի­քը: Տա­սը յա­գե­ցած օ­րե­րը թոյլ տուած են Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ա­մառ­նա­յին չոր­րորդ ճամ­բա­րի մաս­նա­կից­նե­րուն՝ ի­րենց աչ­քե­րով տես­նել այն­պի­սի տե­սար­ժան վայ­րեր, ինչ­պէս՝ Նո­րա­վան­քը, Տա­թե­ւի վան­քը, Գան­ձա­սա­րը, Դա­դի­վան­քը, Ա­մա­րա­սը, Շու­շիի բերդ-ամ­րո­ցը, Հադ­րու­թը, Տիգ­րա­նա­կեր­տը, Ստե­փա­նա­կեր­տը, Քա­րա­հուն­ջը…

««Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ճամ­բա­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մա­նակ ան­ցու­ցին Ջեր­մա­ջու­րի, Սե­ւա­նայ լի­ճի, Ու­նոտ գե­տա­յին կիր­ճի եւ շատ մը այլ վայ­րե­րու մէջ: Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ճամ­բա­րի ի­րա­կա­նաց­ման հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, ի հար­կէ, Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի հետ ծա­նօ­թաց­նելն էր: Չոր­րորդ ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րի մաս­նա­կից­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ե­ղան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քէն ներս: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րին տե­ղի ու­նե­նա­լը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի բնա­կիչ­նե­րու դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րու ար­դիւն­քին այս տա­րուան Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­շուառ­մամբ», նշած են ծրագ­րի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը:

«Իմ ծա­նօթ­նե­րէն շա­տեր կը փոր­ձէին տար­հա­մո­զել զիս մաս­նակ­ցիլ ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րին: Կ՚ը­սէին, որ Ար­ցա­խի մէջ պա­տե­րազմ կայ, այն­տե­ղը վտան­գա­ւոր է: Ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ, այդ մէ­կը կ՚ը­սէին այն­պի­սի մար­դիկ, ո­րոնք եր­բեք չեն ե­ղած Ար­ցա­խի մէջ, ո­րոնք նո­րու­թիւն­նե­րու մեծ մա­սը կ՚ի­մա­նան հե­ռուս­տա­ցոյ­ցէն: Երբ ես ա­ռա­ջին ան­գամ տե­սայ Շու­շին եւ քա­ղա­քի դար­պաս­նե­րու վրայ գրուած հայ­կա­կան տա­ռե­րը, զիս հա­մա­կեց ազ­գա­յին հպար­տու­թեան զգա­ցու­մը: Տասն օ­րը շատ ա­րագ ան­ցաւ… Ոչ ոք կ՚ու­զէր վե­րա­դառ­նալ: Ար­ցա­խը դրախտ է: Այ­տեղ ա­մէն ինչ իւ­րա­յա­տուկ է` բնու­թիւ­նը, ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ, ի հար­կէ, մար­դիկ: Այդ մար­դիկ ի­րենց ձեռ­քե­րով կը պաշտ­պա­նէին այդ հո­ղը: Մեր պարտքն է եր­թալ, խո­նար­հիլ ա­նոնց առ­ջեւ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ա­նոնց եւ ա­մէն ինչ ը­նել, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի հո­ղի վրայ խա­ղա­ղու­թիւն տի­րէ: Ար­ցա­խի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն կրնայ տի­րել միայն այն ժա­մա­նակ, երբ Շու­շիի բեր­դի պա­րիսպ­նե­րը կը զար­դա­րեն հայ­կա­կան տա­ռե­րը, իսկ հա­յոր­դի­նե­րը` Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի մէջ կը կանգ­նին հայ­կա­կան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն: Ես ան­պայ­ման կը վե­րա­դառ­նամ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ եւ հետս կը բե­րեմ իմ ըն­կեր­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը: Բո­լո­րը պէտք է ի­մա­նան, որ Ար­ցա­խի մէջ ոչ միայն անվ­տանգ է հանգս­տա­նա­լը, այ­լեւ ան հիա­նա­լի ապ­րե­լու վայր է…», ը­սած է «Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րի մաս­նա­կից 16-ա­մեայ Մա­րիա:

Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած են «Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցով: Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեն Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղիի վար­չու­թեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016