ԱՉՔԻ ԽՆԱՄՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի (The Armenian EyeCare Project) 52-րդ առաքելութիւնը, որ վերջերս տեղի ունեցած է միամսեայ ժամանակամիջոցով, յաջողութեան նոր էջ մը աւելցուցած է մօտաւորապէս քսանհինգ տարի առաջ հիմնուած սոյն կազմակերպութեան պատմութեան մէջ։
Առաքելութիւնը գլխաւորած է ծրագրի հիմնադիր-նախագահ Տքթ. Ռաճըր Օհանեան, իսկ անոր մասնակցած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն շարք մը ակնաբոյժներ, որոնք շարժական դարմանատուներով աչքի քննութիւններ կատարած են տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ մարզի նորագոյն գիտելիքները փոխանցած են Հայաստանի ակնաբոյժներուն։
Այս տարուան առաքելութեան ընթացքին, Երեւանի «Մալայեան» ակնաբուժական դարմանատան մէջ բացումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց մասնագիտական մարզումները իրականացուցած աչքի վիրաբոյժներու կողմէ ղեկավարուելիք ենթաբաժանումներու: Այս այցելութեան ընթացքին Տքթ. Ռաճըր Օհանեան նաեւ առիթը ունեցած է մարզելու դարմանատան նոր ակնաբոյժները։
Երեւանէն դուրս գալով՝ առաքելութեան մասնակիցները առիթն ունեցած են այցելելու Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի շարժական նոր դարմանատունը, որ պիտի գործէ Վայոց Ձորի մէջ, արդի դարմանումներու կարելիութիւններ հասցնելով այդ մարզի բնակիչներուն։
Մասնակիցները նաեւ այցելած են Տաւուշ մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ գործող ծրագրին առաջին շրջանային դարմանատունը՝ Հայկ Պոյաճեանի անունով, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պաշտօնական բացումը Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի երկրորդ շրջանային դարմանատան՝ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեաններու անունով, Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ: Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի Առողջապահութեան փոխ-նախարար Վահան Պօղոսեան, Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան եւ այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ առաքելութեան մասնակիցները։
Աչքի խնամքի հայկական ծրագրին նպատակն է՝ մինչեւ 2020 թուականը շրջանային յաւելեալ երեք նման դարմանատուներ հաստատել Հայաստանի մէջ, իրականացնելու համար հինգ տարուան ընթացքին հինգ դարմանատուներ հաստատելու 5 միլիոն տոլար արժող նախաձեռնութիւնը։
Առաքելութեան անդամները նաեւ առիթն ունեցած են մասնակցելու մասնագիտական երկու խորհրդաժողովներու, որոնց ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է վերջին քսան տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնները աչքի խնամքի մարզէն ներս։
Մինչ առաքելութեան իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին դարմանումները, վիրաբուժութիւնները եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութիւնը մասնակիցներու ժամանակին գլխաւոր բաժինը խլած են, անոնք նաեւ մասնակցած են ընկերային շարք մը նախաձեռնութեանց։
Աչքի խնամքի հայկական ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց, նուիրատուութեանց կամ ծրագրին յաջորդ առաքելութեան մասնակցելու մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար այցելել www.eyecareproject.com կայքը։